Ազգերու պատմութեան էջերուն մէջ, 25 Մարտ 1821-ի յունական յեղափոխութեան ծնունդը արձանագրուած է որպէս առաջին ապստամբութիւնը Օսմանեան կայսրութեան դէմ, որ 9 տարիներու տեւական ու խիզախ մարտերէ ետք յանգեցաւ Յունաստանի անկախութեան հռչակումին։
Այսուհանդերձ, յոյն ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան դրսեւորումին մէջ, որպէս անկախութեան հաստատման պանծալի թուական կը նշուի 1821-ի Մարտի այն օրը, երբ խումբ մը ապստամբներ բարձրացուցին յեղափոխութեան դրօշը, ազդանշանը տալով ընդհանուր ապստամբութեան ծագումին, որու ոգին համակեց ազատութեան գաղափարով սնած իւրաքանչիւր յոյն։
Արդարօրէն, յունական յեղափոխութիւնը տուաւ մեկնարկը ազգերու ապստամբութիւններու այն շղթային, որոնք մէկը միւսին յաջորդելով՝ իրենց վրայէն թօթափեցին թրքական լուծը, վերջ տալով դարերու ստրկութեան, որ նախ յառաջ եկած էր Սելճուքեան թուրքերու արշաւումով, սակայն Օսմանեան թուրքերուն կողմէ Փոքր Ասիոյ եւ Պալքաններու ամբողջական գրաւումով, մարդկային արժանապատուութենէ մերկացած՝ վայրագ դարաշրջան մը բացաւ։
19-րդ եւ 20-րդ դարերու հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը շատ բան կը պարտի յունական յեղափոխութեան։ Ազատութեան ու անկաշկանդ ապրելու ոգին, որ 17-րդ եւ 18-րդ դարուն յոյն մտաւորական խաւը, այդ օրերու քաղաքականացած այրերը երգեցին ու իւրաքանչիւր յոյնի սրտին մէջ ամրացուցին, եղաւ նաեւ հայոց Զարթօնքի ոգեշնչող երգը՝ շնորհիւ Աբովեանի, Ալիշանի, Րաֆֆիի, Նալբանդեանի, Պատկանեանի ազատատենչ հոյլին։ Հայաստանի Վէրքն ու Մայր Արաքսի արտասուքը Հայրիկի երկաթէ շերեփով շաղախ դարձան Ազատութեան բագինին վրայ, որուն այնքան համբերութեամբ կը սպասէր հայը իր ստրկութեան ծանր շղթաներուն տակ։
Յոյներու յեղափոխական ոգին էր, որ յար ու նման յունական «Բարեկամութեան Ընկերակցութեան» (Φιλική Εταιρεία), 19-րդ դարու աւարտին հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու երեւումով բոցավառեց յեղափոխական մեծ փաղանգի կայծը։ Անոնց պսակումը դարձաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութիւնը, որուն գլխաւոր միտքն ու մղիչ ուժը հանդիսացող երրորդութիւնը՝ Քրիստափորով, Ռոստոմով ու Զաւարեանով, նման յունական Ընկերակցութեան հիմնադիր երրորդութեան, արդէն տոգորուած էր յոյն եւ այլ բախտակից ժողովուրդներու յեղափոխական եւ ազատագրական նուաճումներով։
Եթէ յոյները յեղափոխութեան բռնկումի ոգին եւ անոր յարատեւումը կը պարտին Բարեկամութեան Ընկերակցութեան հիմնական սկզբունքներուն, անոնց տարածումին եւ ժողովրդային ներշնչումին, ապա աւելի լայն տարողութեամբ, աւելի կազմակերպ ու կուռ շարքերով նոյնը յաջողեցաւ իրագործել Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հայ ազատագրական պայքարի օրերուն, որուն պսակումը եղաւ Յունաստանի անկախութենէն դար մը ետք Հայաստանի անկախ պետականութեան հաստատումը։
Անցած են 200 տարիներ 25 Մարտ 1821-ի պատմական օրէն։ Յունաստանի անկախութիւնը ճաշակեց փառքի ու տագնապի օրեր, տեսաւ իր երկրի սահմաններու ընդարձակումը, պատմական հողերու վերադարձը մայր հայրենիքի ծոցին, սակայն նա՛եւ ազգային ողբերգութիւններու ընթացքին զիջեց հող ու հայրենիք, օտար բանակներու կողմէ դաժան գրաւումով սասանեցան իր ընկերային եւ քաղաքական հիմերը, ստեղծեց տարագրեալ եւ պանդուխտ Սփիւռք։
Իսկ, ինչո՞վ կը տարբերի Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդի ճակատագիրն ու պատմական ընթացքը հայ ազգի պատմութենէն։ Ոչինչով։
Երկու ժողովուրդներու հասարակաց հերոսական ապրումներն ու ողբերգութիւնները կը շարունակեն զուգահեռներ գծել պատմութեան ուղիին վրայ։
Այսօր, տարածաշրջանի ժողովուրդներու երկդարեայ պատմական փորձառութենէն ու փորձութիւններէն ետք, նոյն թշնամին ու իր տածած նոյն ատելութիւնը, նոյն պայքարներու յաջող ու անյաջող հանգրուանները, գրաւեալ Կիպրոսի եւ գրաւեալ Արցախի դառն աղէտները, որոնք մինչեւ այսօր երկու ազգերը դէմ յանդիման կը բերեն հասարակաց վտանգին՝ Թուրքիոյ ռազմաշունչ նկրտումներուն, կը սպառնան Հայաստանի եւ Յունաստանի ֆիզիքական ու ազգային լինելութեան։ Դարերէն եկող թուրք իշխանաւորներու անմարդկային բնազդներուն վրայ հիմնուած՝ նոյն վտանգն է, որ այսօր իր ճիրանները ցցած է մարդկութեան դէմ։
Համամարդկային քաղաքակրթութեան արժէքները եւ ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնը խանգարող Էրտողաններու եւ Ալիեւներու խմբակն է այս անգամ, որոնց ցեղին ապրումներու հայելիին մէջ կ՚արտացոլայ միայն Օսմանեան թուրքերու վայրագ ու անմարդկային դիմագիծը։
Յունաստանն ու Հայաստանը կանգնած են իրենց պատմական երթին սպառնացող վտանգին առջեւ։ Այսօր, երբ Հայաստանը կորսնցուցած է արծուաբոյն Արցախի հողերուն զգալի մասը, երբ բովանդակ հայութիւնը պէտք ունի միասնական եւ մէկ բռունցք ըլլալու ուժին, մեր երկրին մէջ ապազգային ուժերը՝ սեւի ու սպիտակի բաժանումներով, հող ու հայրենիք զիջելով, կը փորձեն ջլատել հայ ժողովուրդի պայքարունակ ոգին, ստորնացնել անոր պատմական պահանջներու համազգային արժէքն ու տարողութիւնը։ Անոնք կը փորձեն համոզել, թէ մեր արդար պահանջատիրութիւնը, ազգային սկզբունքներու եւ հողային ամբողջականութեան վրայ կառչումը կործանարար դարձան հայութեան համար Արցախի վերջին պատերազմին մէջ ամօթալի պարտութեամբ։
Հայ ժողովուրդը արժանի չէ նման բախտի։ Իսկ պէտք չէ թոյլ տալ, որ ազգի մը ճակատագիրը իյնայ բախտի պատմութեան յորձանուտին մէջ, այլ՝ «պատմական մոմենտներու» յստակ ու պայծառ արժեւորումով այն պէտք է յանգի հայ ժողովուրդի ամբողջական վերածնունդին։
Միասնականութիւն է պէտք։ Ժողովրդային համախմբումը եւ ազգային գործօնի վերակենդանացումը հրամայական կը դառնան այսօր։ Վերակենդանացումը կը յաջողի միայն երբ յունական «Բարեկամութեան Ընկերակցութեան» արժէքներուն եւ յեղափոխութեան կենսափորձին նման, հայու միասնականութիւնը պիտի երաշխաւորուի հայ քաղաքական միտքի այն ուժերուն կողմէ, որոնց աւելի քան մէկդարեայ պատմական փորձառութեամբ, բայց նաեւ հայ ժողովուրդի ներկայ առողջ ուժերու համախոհութեամբ ու գործակցութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ իմաստաւորել ու կենագործել անկախ ու անկաշկանդ ապրելու նուաճումը։
1821-ի յունական յեղափոխութեան արժէքները կը շարունակեն որպէս ուղեցոյց մնալ ու ներշնչել ազատութեան իտէալին կառչած ազգերն ու ժողովուրդները։