Պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ համատարած եղաւ Յունաստանի հանրային կարծիքի եւ ամբողջ ընկերութեան հետաքրքրութիւնն ու զօրակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախին համար։ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի, Կեդրոնական եւ Հիւսիսային Յունաստանի տարածքին, ինչպէս նաեւ կղզիներուն մէջ մարդասիրական կազմակերպութիւններ՝ նախաձեռնութիւններու դիմեցին գործնական ձեւով մեր ժողովուրդին սատար կանգնելու նպատակով։ Իրերու, դեղօրայքի եւ տարբեր տեսակի անհրաժեշտ հագուստեղէնի նուիրատուութիւններու շատ մեծ քանակ մը արդէն հասած է մեր ակումբները, Հայաստան փոխադրուելու պատրաստ։
Չորեքշաբթի՝ 2 Դեկտեմբերի կէսօրին, յունական «Αλληλεγγύη για Όλους» (Համերաշխութիւն բոլորի համար) մարդասիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակ այցելեցին, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար հայ ժողովուրդին եւ օգտակար հանդիսանալու գործնական քայլերու մասին առաջարկներ ներկայացնելու նպատակով։
Ընդհանուր զրոյց ծաւալեցաւ ներկայ իրավիճակի եւ դիմագրաւուած դժուարին կացութեան շուրջ, տեղեկութիւններ փոխանցուեցան կազմակերպութեան կատարած աշխատանքներուն մասին եւ նախնական ծրագիր մը ներկայացուեցաւ, որ բացի անմիջականօրէն մեզի տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան իրերու հաւաքումէն, բժշկական գործակցութեան եւ այլ բնոյթի ապագայի կարեւոր նախագիծեր կը ներառնէր։
Հանդիպումին ներկայ եղան ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան պատգամաւոր Քոսթաս Մարքու՝ Ախայիա շրջանի երեսփոխան, Միխալիս Իտրէոս՝ «Ալիլեկիի» կազմակերպութեան տնօրէն,
Նէոքլիս Եորղոփոլուս՝ Փաթրասի համալսարանի բժշկագիտութեան դասախօս, Լենա Քույէա՝ «Ալիլեկիի» կազմակերպութեան ընկերային բժշկարանի անդամ, Խրիսթոս Փրովեզիս եւ Փանայիոթիս Իքոնոմոփոլուս՝ անդամներ եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի ընկերները։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունական մարդասիրական կազմակերպութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի կողքին