­Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն, յու­նա­կան «­Քա­թի­մե­րի­նի» ազ­դե­ցիկ օ­րա­թեր­թը, եր­կու տար­բեր յօ­դուած­նե­րով, անդ­րա­դար­ձաւ հա­յազ­գի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու։
Ա­ռա­ջին յօ­դո­ւա­ծին մէջ, յոյն-թրքա­կան տագ­նա­պի լոյ­սին տակ, թեր­թը կը ներ­կա­յաց­նէ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սի խորհր­դա­տու­նե­րու խում­բը, ո­րուն մաս կը կազ­մէ ­Մա­նիա ­Թել­լա­լեան։ ­Թեր­թը կը նշէ, որ ­Թել­լա­լեան մեծ փոր­ձա­ռու­թիւն դի­զած է՝ զբա­ղե­լով նուրբ եւ բարդ հար­ցե­րու լու­ծու­մով։ Ան կը պատ­կա­նի պե­տա­կան հա­մա­կար­գի մաս­նա­գէտ­նե­րու ճիւ­ղին, իսկ եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տած է ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ, որ­պէս ի­րա­ւա­կան յա­տուկ բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէ­նու­հի։ ­Մա­նիա ­Թել­լա­լեա­նի ձեռ­քէն ան­ցած են բո­լոր այն խնդիր­նե­րը, ո­րոնք կապ ու­նին ազ­գա­յին եւ եւ­րո­պա­կան ար­տա­քին հար­ցե­րու, օ­րէնք­նե­րու եւ կա­նոն­նե­րու ի­րա­ւա­կան բաժ­նին հետ։ ­Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը ճանչ­նան հա­յազ­գի մաս­նա­գէ­տը, կը վկա­յեն թէ ան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան շար­ժուն շտե­մա­րան մըն է եւ անխ­տիր բո­լոր մաս­նա­գի­տա­կան հար­ցե­րուն ա­մէ­նէն լա­ւա­տե­ղեակ ան­ձը։
Երկ­րորդ յօ­դո­ւա­ծը զու­գա­հեր հա­մե­մա­տա­կան մը կը կա­տա­րէ 20-րդ ­դա­րու քա­րիւ­ղի եւ ա­րո­ւես­տի եր­կու տի­տան­նե­րու՝ ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեա­նի (1869-1955) եւ ­Ժան ­Փոլ ­Կէ­թիի (1892-1976) կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան։
­Թեր­թը կը նշէ, թէ ­Կիւլ­պէն­կեան որ­պէս քա­րիւ­ղի վա­ճա­ռա­կան, իր հսկայ հարս­տու­թեան մեծ մա­սը տրա­մադ­րեց ա­րո­ւես­տի թան­կա­գին գոր­ծե­րու ա­պա­հով­ման հա­մար, իսկ այ­սօր նշա­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծոն իր ա­նու­նը կրող թան­գա­րան­նե­րու մէջ պա­հո­ւած է։
­Յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րէ ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեա­նի կեան­քին ու ա­ռեւտ­րա­կան նո­ւա­ճում­նե­րուն, բա­ցատ­րե­լով թէ ինչ­պէս ան կա­րո­ղա­ցաւ դառ­նալ քա­րիւ­ղի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռեւ­տու­րի գլխա­ւոր դե­րա­կար­տար­նե­րէն մէ­կը՝ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի քա­րիւ­ղի պա­հեստ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մով, ո­րով ան ստա­ցաւ «պա­րոն 5%» ա­նուա­նու­մը։
­Թեր­թը յա­տուկ տեղ կը տրա­մադ­րէ ­Կիւլ­պէն­կեա­նի ա­րո­ւես­տի հա­ւա­քա­ծո­յին, նշե­լով թէ ա­նոնք հնա­մեայ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու նմուշ­ներ են, որ ձեռք բե­րո­ւած են Ե­գիպ­տո­սէն, ­Յու­նաս­տա­նէն, ­Բա­բե­լո­նէն, ­Հա­յաս­տա­նէն, ­Պարս­կաս­տա­նէն, ­Ճա­փո­նէն եւ ­Թուր­քիա­յէն։ Ա­նոնց մէջ կան նաեւ 20-րդ ­դա­րու ար­դի ա­րո­ւես­տի կտոր­ներ։
Ան­տե­սո­ւած ըլ­լա­լով Անգ­լիոյ կող­մէ, ­Կիւլ­պէն­կեան իր հա­ւա­քա­ծոն նո­ւի­րեց ­Փոր­թու­կա­լին եւ ոչ թէ Անգ­լիոյ ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին, ինչ­պէս նա­խա­պէս ո­րո­շած էր։ ­Լիզ­պո­նի մէջ թան­գա­րան մը կը գոր­ծէ իր ա­նու­նով, ո­րուն նիւ­թա­կան նպաս­տը կու գայ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թե­նէն՝ աշ­խար­հի ա­մէ­նէն մեծ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, կը նշէ յու­նա­կան թեր­թը։