Մեր նախորդ թիւերով հաղորդած էինք ատրպէյճանական հակահայ արարքներուն մասին Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրական միջոցներուն վրայ։
Օրին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը դիմած էր Թեսաղոնիկէի պետական հաստատութեան եւ քարոզչական ծրագիրի պատասխանատուներուն, պահանջելով գովազդներու չեղարկումը, ինչպէս նաեւ բացատրութիւններ՝ ատրպէյճանական շրջանակներուն կողմէ կատարուած հակահայ արշաւին մասին։
Առաջին հերթին, Հայ դատի յանձնախումբը նամակ ստացաւ Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրութեան պետական կառոյցին կողմէ, որուն մէջ հաստատութիւնը կը յայտնէ թէ հանրակառքերու գովազդային ծրագիրը յանձն առած է ընկերութիւն մը եւ իրենց սպասարկութիւնները տեղեակ չէին խնդիրէն։ Հաստատութեան կողմէ ցաւ կը յայտնուի կատարուած արարքին առնչութեամբ եւ կը նշուի, թէ անմիջական հրահանգ տրուեցաւ վար առնելու տուեալ գովազդը։ Հայ դատի յանձնախումբը նամակ մը եւս ստացաւ, ստորագրուած «Interbus» գովազդային ընկերութեան ընդհ. տնօրէնին կողմէ, որ վերջին տարիներուն յանձն առած է Թեսաղոնիկէի հանրակառքերու վրայ ծանուցումներու տեղադրման ծրագիրը։ Ընկերութեան տնօրէնը կը հաստատէ, թէ համաձայնութիւն կնքուած էր «Յոյն-ատրպէյճանական միութեան» (QALA) հետ՝ գովազդ մը զետեղելու միայն մէկ հանրակառքի վրայ։
Նամակին մէջ նշուած է, թէ «ընկերութիւնը տեղեակ պահուեցաւ ատրպէյճանական գրգռիչ քարոզչական արարքներուն մասին Թեսաղոնիկէի փոխադրական հաստատութեան տնօրէնին կողմէ, որոնք կատարուեցան ազերիամէտ շրջանակներէ, ինչպէս նաեւ իմացաւ Թեսաղոնիկէի բազմամարդ հայ համայնքի եւ այլ շրջաններու համայնքներու իրաւական եւ հասկնալի հակազդեցութեան մասին»։
Ընկերութեան ներկայացուցիչը կը յայտնէ, թէ գովազդային ծրագիրը անմիջապէս չեղարկուեցաւ եւ յոյն-ատրպէյճանական միութիւնն ալ տեղեակ պահուեցաւ, թէ արգիլուած է քաղաքական պարունակութեամբ գովազդներու տարածումը։ Ընկերութիւնը նաեւ կ՚ընդգծէ, թէ գովազդը միայն մէկ հանրակառքի վրայ երեւցած է, իսկ անկէ անդին ընկերութիւնը որեւէ պատասխանատուութիւն չունի ծանուցումներու մասին, որոնք եղած են կանգառներու վրայ կամ այլ բացօդեայ վայրերու մէջ։ Նամակի աւարտին, ընկերութիւնը կը խնդրէ հանրութեան ներողամտութիւնը, նշելով որ ցաւալի արարքը տեղի ունեցաւ առանց որեւէ նենգ կամ միտումնաւոր պատճառի իրենց կողմէն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յունական կողմի պատասխանը ատրպէյճանական հակահայ գովազդներուն մասին