22 եւ 23 Յունիսին Հայաստան այցելեց Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Խրիսթոս Տերմենծոփուլոսէ, Աննա-Մարիա Փափատիմիթրիուէ եւ Մարիա-Ալեքսանտրա Քէֆալայէ։
Անոնք Հայաստան ժամանեցին մասնակցելու համար յատուկ հանդիպումի «Եւրոպական միութեան հետ Հայաստանի եղբայրացման ծրագիր»ի շրջագիծէն ներս, որ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ։ Հայկական կողմէն մասնակցեցան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արսէն Թորոսեան, Միքայէլ Թումասեան եւ Ալէքսէյ Սանտիքով։
Երկկողմանի խօսակցութիւններու առանցքը կազմեց Ե.Մ.-Հայաստան կապերու խորացումը, որոնք առնչուած են խորհրդարաններու ժողովրդավարական գործունէութեամբ՝ յատկապէս մարդկային ընկերութիւններու եւ երիտասարդութեան հարցերով։ Նաեւ քննուեցան հասարակաց այլ հարցեր եւ ծրագիրներ։
Երկու կողմերը ընդգծեցին Եւրոպական եղբայրացման ծրագիրի ընձեռած հնարաւորութիւններու կարեւորութիւնը, երկիրներու պետական համակարգի գործակցութիւնը, կառուցային համագործակցութեան խորացումը եւ փորձառութեան փոխանակումը։
Այցելութիւն Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր
Հայաստան ժամանած Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւորները 24 Յունիսին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Հայաստանի Ա.Ժ. Եւրոպական ամբողջացման հարցերու մշտական յանձնախումբի նախագահ Արման Եղոյեանի ուղեկցութեամբ:
Հիւրերուն դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի թանգարանային աշխատանքներու փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան: Ան հիւրերուն ներկայացուց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին տեղադրուած երեք խաչքարերու պատմութիւնը, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջին Ատրպէյճանի մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացած ազգային զտումներու ընթացքին զոհուած հայերու յիշատակին: Յոյն երեսփոխանները ծաղիկներ դրին անմար կրակին առջեւ եւ մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Անոնք շրջեցան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը, ուր ծանօթացան մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն: Այցելութեան աւարտին գրառումներ կատարեցին Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ: