Մ. Շարապխանեան

Այս երգերը ժողովրդի բանուոր դասակարգին ապրած կեանքէն ներշնչուած երգեր են, որոնք բաժնուած են քանի մը գլխաւոր պարաձեւերու¬ռեպեթիքա, խասաբիքա եւ զէյպեգիքա։ Կան նաեւ ժողովրդական, քիչ մը արեւելեան պար-եղանակներ, որոնց յունական շեշտ մը տրուած են։
Առհասարակ այս բոլոր երգերուն բառերն ու եղանակները յօրինուած են նոյն երգահան արուեստագէտ երգիչին կողմէ։ Այս բոլորին մէջ Ձիցանին, իր երգերուն ընկերակցող Մարիգա Նինուին հետ, որ ծագումով հայ էր, երեք տասնամեակ, մինչեւ վաթսունական թուականները, «լայիգաները» իրենց գագաթնակէտին բարձրացուցին։
Տարիներու ընթացքին ուրիշ քանի մը տասնեակ յօրինող երգիչներ յայտնուեցան, որոնք անմոռանալի կը մնան մինչեւ օրս։
Ստորեւ հին ռեպեթիքայի մը բառերը (եղանակը անծանօթ է ինծի), որ կը խօսի յարատեւ ու այժմէական ցաւալի երեւոյթի մը մասին, որ հայկական ալ կրնայ նկատուիլ…

Հին ռեպեթիքօ մը

Պարապ պնակ մը սեղանին

Պարապ պնակ մը սեղանին,
աթոռ մըն ալ միշտ թափուր կը սպասեն քեզ։
Ե՞րբ պիտի գաս օտար երկրէն, թշուառ տղաս։
Ամէն պատառ թոյնի նման
վար կը սահի մեր բերնէն
մինչեւ որ գաս մեր աննման,
օտարութեան սեւ կեանքէն։
Մայրդ արցունքն աչքերուն,
հայրդ անվերջ մտահոգ,
եղբայրներդ ու սիրելիդ կը սպասեն քու գալստիդ։
Ե՞րբ պիտի գաս, ե՞րբ պիտի գաս
այդ սեւ օտար վայրերէն,
որ հրճուանքով լեցուի տունը
ու սեւն երթայ մեր սրտէն։

Հեղինակ՝ Վիրվոս, երաժշտութիւն՝ Տերվենիոթիս
Թարգմ. Մ. Շարապխանեան