Յուլիս 8ին Վարդավառ ամենամեայ միջազգային փառատօն Գեղարդի եւ Գառնիի մէջ

Յու­լիս 8ին ­Վար­դա­վառ ա­մե­նա­մեայ մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօն ­Գե­ղար­դի եւ ­Գառ­նիի մէջ­

0
23099

Յու­լիս 8ին ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11էն սկսեալ, ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­կումբ­նե­րու դաշ­նու­թեան (FYCA) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, 5րդ ­տա­րին ա­նընդ­մէջ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի ­Վար­դա­վառ մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը, ո­րուն նպա­տակն է ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու հան­րու­թեան միւս շեր­տե­րուն ­Վար­դա­վա­ռի տօ­նա­ծի­սա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րու ինք­նա­տիպ ներ­կա­յա­ցու­մը, ազ­գա­յին-ա­ւան­դա­կան մշա­կոյ­թի հան­րահռ­չա­կու­մը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ երկ­րի սահ­ման­նե­րէն դուրս: Ա­մէն տա­րի ­Հա­յաս­տա­նէն, Ս­փիւռ­քէն եւ ար­տա­սահ­մա­նէն հա­զա­րա­ւոր հիւ­րե­րու հա­մախմ­բող հե­ղի­նա­կա­ւոր փա­ռա­տօ­նը կ’ի­րա­կա­նա­ցո­ւի հա­մաշ­խար­հա­յին նիւ­թա­կան մշա­կոյ­թի գան­ձա­րա­նին մաս կազ­մող ­Հա­յաս­տա­նի խո­շոր յու­շար­ձան­նե­րէն՝ ­Գառ­նիիի եւ ­Գե­ղար­դի մէջ:
Այս տա­րի եւս փա­ռա­տօ­նը պի­տի մեկ­նար­կէ վաղ ա­ռա­ւօ­տէն ­Գե­ղար­դի վան­քի մէջ՝ պա­տա­րա­գով եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան օրհ­նու­թեան կար­գով: Այս­տեղ փա­ռա­տօ­նի հիւ­րե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ’ու­նե­նան մաս­նակ­ցե­լու տօ­նի խորհր­դին՝ հո­գե­ւո­րա­կա­նի կող­մէն ջուր ցօ­ղե­լու ա­րա­րո­ղու­թեան:
­Կէ­սօ­րին ­Գառ­նիի տա­ճա­րի յա­րա­կից հրա­պա­րա­կին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Վար­դա­վա­ռի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ հե­թա­նո­սա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րու մա­տուց­մամբ: ­Զու­գա­հեռ, ­Գառ­նիի ­Նո­յեան այ­գի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նէն ներս պի­տի մեկ­նար­կէ ձեռ­նար­կի պաշ­տօ­նա­կան մա­սը՝ բաց­ման խօս­քով հան­դէս պի­տի գայ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­կումբ­նե­րու դաշ­նու­թեան նա­խա­գահ Ա­տոմ Մ­խի­թա­րեան, ող­ջոյ­նի խօսք պի­տի ը­սեն ­Նո­յեան այ­գի կեդ­րո­նի ղե­կա­վա­րը, ­Կո­տայ­քի մարզ­պե­տա­րա­նի եւ Մ­շա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:
Ծ­րագ­րի մէջ ընդգր­կո­ւած է նաեւ յա­տուկ ­Վար­դա­վառ մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի հա­մար պատ­րաս­տո­ւած գա­թա­յի եւ գի­նիի հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ազ­գա­յին երգ ու պար, ­Վար­դա­վա­ռի շուրջ­պար եւ խա­ղեր: ­Մաս­նա­կից­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան լու­սան­կա­րո­ւե­լու հա­յոց դի­ցա­րա­նի Աստ­ղիկ եւ ­Վա­հագն աս­տո­ւած­նե­րու կեր­պար­նե­րու հետ:
­Փա­ռա­տօ­նի գլխա­ւոր գոր­ծըն­կեր­ներն են ­Նո­յեան այ­գի մշա­կոյ­թի կե­դո­նը եւ «­Հայ­կա­կան ­Փի Ար ա­սո­ցիա­ցիա» գի­տա­տե­ղե­կա­տո­ւա­կան Հ.Կ.ն:
­Փա­ռա­տօ­նի ա­ջա­կից­ներն են ­Հա­մաշ­խար­հա­յին հայ­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան ՈՍՏԱՅՆը, ­Կո­տայ­քի մարզ­պե­տա­րա­նը, Հ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան «­Պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­գե­լոց-թան­գա­րան­նե­րու եւ պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն» Պ.Ո.Ա.Կ.ը, ­Հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին, ­Վա­հագն դհո­լա­հար­նե­րու խում­բը, ­Չա­րեն­ցա­ւա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւ­նը, Արտ մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի «Եա­նա ­Տանս սդու­տիօ» պա­րա­յին խում­բը, ­Գառ­նիի մշա­կոյ­թի տան ­Գառ­նի պա­րա­յին հա­մոյ­թը: