Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան լրիւ չբացայայտուած երեսներէն մէկն է 1960ականներուն արագօրէն թափ առած եւ անմիջապէս խստագոյն հալածանքի՝ ձերբակալութեանց, բանտարկութեանց եւ, մինչեւ իսկ, բանտային սպանութեանց գնով խորհրդային պետական արգելքի տակ դրուած հայ ազգայնականներու այլախոհական շարժումը։
Յուլիսի այս առաջին օրերուն կը յիշենք եւ լուսարձակի տակ կ’առնենք յիսնամեակը այդօրինակ՝ խորհրդային ամբողջատիրական բռնարարքի մը. 1968ի Յուլիս 2-3ի այս օրերուն, Երեւանի մէջ, Խ. Միութեան Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի (Պ.Ա.Կ. — KGB) ծառայողները ձերբակալեցին եւ երկարամեայ բանտարկութեան դատապարտեցին խումբ մը հայ այլախոհականներ, որոնք ընդյատակեայ թերթ մը կը հրատարակէին՝ «Յանուն Հայրենիքի» անունով։
Մինչեւ 1988ի Արցախեան պահանջատիրութեան պոռթկումը, ոչ միայն խորհրդային կողմն աշխարհի եւ նոյնինքն Հայաստանի մէջ, այլեւ արտերկրի տարածքին եւ, նմանապէս, սփիւռքահայ իրականութեան այսպէս կոչուած «հայաստանասէր» շրջանակներուն մէջ, ընդհանրապէս արգիլուած էր խօսիլ կամ գրել քաղաքական բանտարկեալի ծանր ճակատագրին դատապարտուած հայ այլախոհականներուն եւ անոնց դէմ կիրարկուած դաժանագոյն պատժամիջոցներուն մասին։
Բացառութիւն կը կազմէր միայն դաշնակցական մամուլը, որ Լիբանանի մէջ 1969ին իր հրատարակութեան նորագոյն շրջանը սկսած Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-ԴՐՕՇԱԿ»ի գլխաւորութեամբ, թէ՛ օրը օրին կ’արձագանգէր ուղղակիօրէն հայրենի այլախոհներու շրջանակներէն ստացուած տեղեկութեանց, թէ՛ ընդյատակեայ հրատարակութեանց արտատպումներով մեր ժողովուրդին կը ներկայացնէր հայ ազգայնականներու այլախոհական մտածումները, կեցուածքները եւ քաղաքական առաջադրանքները՝ զօրակցելով յատկապէս ազգային մեր յիշողութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ հոն տեղ գտած գաղափարական դիրքորոշումներուն։
Ատենին, անշո՛ւշտ, Դաշնակցութիւնը շարունակ մեղադրանքի տակ առնուեցաւ հայ ազգայնականներուն եւ այլախոհականներուն նկատմամբ իր դրսեւորած ե՛ւ լրատուական արձագանգին, ե՛ւ զօրակցական կեցուածքին համար՝ դատապարտուելով իբրեւ հակախորհրդային պայքարը շարունակող հայկական միակ գաղափարական հոսանքը։
Խորհրդային կարգերու տակ հալածուող հայ ազգայնականներուն եւ այլախոհականներուն նկատմամբ պարտադիր ու ամօթալի այդ լռութիւնը աստիճանաբար տեղի տուաւ 1980ականներուն, երբ համաշխարհային տարողութեամբ բուռն պայքար ծաւալեցաւ մարդկային ու քաղաքացիական իրաւունքները ոտնակոխելու խորհրդային ամբողջատիրութեան դէմ։ Համընդհանուր այդ զօրաշարժին՝ Մարդկային Իրաւանց Պաշտպաններու եւ Ներումի Միջազգայնականի ճնշումին տակ, խորհրդային բանտերէն ազատ արձակուող եւ Խ. Միութենէն «արտաքսուող» քաղաքական բանտարկեալներու ընդհանուր շրջագիծին մէջ, հայ ազգայնականներն ու պահպանողականները եւս քայլ առ քայլ վերագտան իրենց ազատութիւնը. ոմանք պարտաւորուեցան կամ ուզեցին արտասահման անցնիլ, մեծ մասը սակայն մնաց հայրենի հողի վրայ եւ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ 1988ի համաժողովրդային շարժման ալեկոծումին մէջ։
Անոնց շարքին կարեւոր տեղ կը գրաւէին Յովիկ Վասիլեան եւ իր ընկերները, որոնք «Յանուն Հայրենիքի» ընդյատակեայ թերթը հրատարակելու «յանցանք»ով երկարամեայ տաժանակիր բանտարկութենէ ազատագրուած՝ Փետրուար 1988ի Ղարաբաղեան Շարժումի մակընթացութեան ժամանակ հրապարակ իջան «Հայ Դատ» կազմակերպութեամբ եւ իրենց դրոշմը դրին հայրենի հայութեան ազգային-քաղաքական զարթօնքի գաղափարական հունաւորման վրայ։
Տասը տարի առաջ, 2008ի Յուլիս 2ին, Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը յատուկ միջոցառում մը նուիրեց 60ականներուն լոյս տեսած «Յանուն Հայրենիքի» ամսագրի անդրանիկ համարի խափանման 40ամեակին:
1968ի Յուլիս 2ին Պ.Ա.Կ.ը ձերբակալած էր ամսագրին հրատարակիչները՝ ոչնչացնելով ամսագրի 343 օրինակները: Բարեբախտաբար փճացուած այդ համարին նիւթերը ամբողջութեամբ պահպանուած էին ձերբակալութենէ զերծ մնացած գաղափարակիցներու մօտ եւ տասը տարի առաջ, «Յանուն Հայրենիքի» խափանման 40ամեակին առթիւ, վերահրատարակութեան արժանացան ամսագրի խնդրոյ առարկայ համարի բոլոր յօդուածները, ուր այդ ժամանակի համար սուր լեզուով ու ծաղրով քննադատութեան թիրախ դարձած են խորհրդային իշխանութիւններու բռնապետական կարգերը:
Ելեկտրոնային համացանցի վրայ Սերգէյ Գալոյեան, «Եօթի գործը» խորագրուած իր ծաւալուն հրապարակումով, մանրամասնօրէն կ’անդրադառնայ մեր ժամանակակից պատմութեան ուսանելի այդ դրուագին՝ «Ի՞նչ է կատարուել 1968 թուականի Յուլիսի 2ին» հարցադրումով: Եւ կը պատմէ հետեւեալը.
«Այդ օրը ձերբակալուեցին ընդյատակում տպագրուած «Յանուն Հայրենիքի» ամսագրի հրատարակիչներ՝
«- Ասատուր Յունանի Բաբայեանը («Յանուն Հայրենիքի» ընդյատակեայ կազմակերպութեան հսկող անձ, ծածկանունը «Զարզանդ Մաշտոց»).
«- Աղասի Անդրուշի Անտոնեանը (ծնուել է 1931 թ. Փետրուարի 12ին, Սպիտակի շրջանի Կաթնաջուր գիւղում, «Յանուն Հայրենիքի» կազմակերպութեան տպագրական գործերու ղեկավար, ծածկանունը` «Արտաւազդ Կոչենց», 1968ին դատապարտուել է 5 տարի ազատազրկման, մահացել է 2000 թուականի Նոյեմբերի 5ին).
«- Յովիկ Մարտինի Վասիլեանը (ծնուել է 1936 թուականի Փետրուարի 20ին, Իջեւանի Վերին Աղդան գիւղում, «Յանուն Հայրենիքի» ընդյատակեայ կազմակերպութեան ղեկավար, գործել է Յարութիւն Բագրատունեանց ծածկանունով, դատապարտուել է 6 տարի ազատազրկման).
«- Շիրակ Պավելի Գիւնաշեանը (ծնուել է 1939 թ. Մայիսի 1ին, Ախուրեանի Հայկաւան գիւղում, կազմակերպութեան ֆինանսների գծով տեղակալ, ծածկանունը՝ Շաւարշ Սիրունեան, դատապարտուել է 4 տարի ազատազրկման, մահացել է 1997 թուականի Սեպտեմբերի 20ին).
«- Գէորգ Ռուբէնի Հեքիմեանը (ծնուել է 1937 թուականի Օգոստոսի 15ին, Հալէպում, կազմակերպութեան ղեկավարի տեղակալ, ծածկանունը` Գարսեւան Յովհաննիսեան, դատապարտուել է 6 տարի ազատազրկման, մահացել է 2005 թուականի Յունուարի 12ին).
«- Սարգիս Խաչիկի Թորոսեանը (ծնուել է 1930 թուականի Փետրվարի 13ին Աշտարակի շրջանի Եղվարդ գիւղում, «Յանուն Հայրենիքի» ընդյատակեայ կազմակերպութեան մատակարարման գծով տեղակալ, գործել է Սմբատ Պողոսեան ծածկանունով, դատապարտուել է 6 տարի ազատազրկման, մահացել է 2000 թուականի Ապրիլի 19ին):
«Ձերբակալւում են նաեւ ամսագրի հրատարակմանը նպաստած Լեւոն Ռուբէնի Առուշանեանը (դատապարտուել է 1 տարի 6 ամիս ազատազրկման) եւ Հայկ Բաղդասարի Իսկանդարեանը, ով մահացել է Պ.Ա.Կ.ի մեկուսարանում»:
Բռնագրաւուած ամսագրի նիւթերուն եւ գաղափարական բովանդակութեան եւ ուղղութեան անդրադառնալով՝ Ս. Գալոյեան կը շարունակէ.-
«… Ներկայացնելով պարբերականի խնդիրները՝ ասւում է, որ բաց է բոլոր այն կազմակերպութիւնների, կուսակցութիւնների եւ անձնաւորութիւնների համար, որոնք իրօք նպատակ ունեն պաշտպանելու հայ ժողովրդի շահերը եւ դրանք բարձր են դասում բոլոր տեսակի քաղաքական ու սոցիալական հարցերից, հասկանում են ամբողջ հայ ժողովրդի միասնութեան ու միաձայնութեան կենսական անհրաժեշտութիւնը: Արժէ առանձնայատուկ շեշտել, որ ամսագրի խմբագրակազմը, առաջարկելով ամէնօրեայ, յամառ, հետեւողական պայքարի անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը ներարկել ժողովրդին, քարոզում է զերծ մնալ ավանտիւրիստական քարոզներից ու ազգայնամոլութիւնից:
«Ամսագիրն իր առջեւ խնդիր էր դրել նաեւ ճշմարիտ գնահատական տալ հայ ժողովրդի պատմութեան փաստերին: Այս իմաստով հետաքրքրական է «Ապստամբութեան աղբիւրները» նիւթը, որը վերաբերում է 1920 թուականի Նոյեմբերի 29ին Դիլիջանում տեղի ունեցած «բանուորագիւղացիական յեղափոխութեանը», այսինքն Հայաստանում խորհրդային կարգերի հաստատմանը: Եւ այսպէս՝ Դեկտեմբերի 2ին իշխանութեան «խաղաղ փոխանցման» ժամանակ նոր իշխանաւորներ են երեւան գալիս: Ովքե՞ր էին նրանք»…
Այնուհետեւ կը կատարուի մերկացումը առաջին հայ պոլշեւիկներու բուն ինքնութեան, որոնք ցարական կարգերէն վերապրած կա՛մ կեղեքիչներ էին, կա՛մ ցարական սպասարկութեանց ծառայողներ։ Ամսագիրը անուն առ անուն ներկայացուցած է զանոնք։
1968 թուականին այսպիսի՛ յօդուած մը հրատարակելը, խորհրդային ամբողջատիրութեան աչքին, մահացու մեղք էր…
Այդ աստիճան ծանր ու դաժան եղաւ խորհրդային իշխանութեանց հարուածը՝ ուղղուած հայ ազգայնական երիտասարդութեան, որոնք 1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին առիթով թափ առած Հայ Դատի պահանջատիրութեան նուիրեալ հաւատաւորներն էին եւ պատրաստ էին, գերագոյն զոհաբերութեան գնով, տէր կանգնելու հայ ժողովուրդ ազգային-քաղաքական իրաւունքներու վերականգնման, յատկապէս ազգային մեր յիշողութիւնը խորհրդային Մեծ Ուրացումէն եւ Չարափոխումէն ազատագրելու պայքարին։
2-3 Յուլիս 1968ի ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնը, յատկապէս «Յանուն Հայրենիքի» ընդյատակեայ լոյս տեսած թերթին խափանումը ուսանելի յուշարար մըն է հայոց սերունդներուն համար։
Ուսանելի է նաեւ այն առումով, որ խորհրդային բռնակալ հալածանքին ու գաղափարական լուծին դէմ արդարացի ընդվզումը ապրած ու պատմութեան յանձնած է իր ժամանակը։
Հայաստանի վերանկախացումով մեր ժողովուրդը թեւակոխած է նոր դարաշրջան, ուր հայ քաղաքական միտքը՝ «օրինապահ» թէ «այլախոհական» իր թեւերով, կոչուած է մեր ուղին հունաւորելու ոչ թէ սոսկ «ընդդէմ» գաղափարական բռնադատման, կաշկանդումի եւ հալածանքի, այլեւ ու մանաւանդ «յանուն» հայ ժողովուրդի վաղուան օրը առողջ հիմերու վրայ նուաճելու մեծագոյն մարտահրաւէրին։
«Յանուն Հայրենիքի»՝ այսօր ամէն բանէ վեր կարիքը ունինք ազգային մեր յիշողութեան վրայ խարսխուած նոր հորիզոն բացող գաղափարական ստեղծագործ թռիչքի։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԱՅԼԱԶԱՆ Յուշատետր Յուլիս 1968ի առաջին օրերուն ձերբակալուեցան Խորհրդային Հայաստանի այլախոհական «Յանուն Հայրենիքի» ամսագիրին դրօշակիրները...
Յուլիս 1968ի առաջին օրերուն ձերբակալուեցան Խորհրդային Հայաստանի այլախոհական «Յանուն Հայրենիքի» ամսագիրին դրօշակիրները Ն.
Յուլիս 1968ի առաջին օրերուն ձերբակալուեցան Խորհրդային Հայաստանի այլախոհական «Յանուն Հայրենիքի» ամսագիրին դրօշակիրները Ն.