­Հա­յաս­տան կը գտնո­ւի Պ­րա­զի­լի ­Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող, Ե­րե­ւա­նի քոյր-քա­ղաք ­Սան ­Փաու­լո­յի Ա­ւա­գա­նիի ան­դամ ­Ճիլ­պեր­թօ ­Թո­նոս ­Նա­թա­լի­նին: Ա­նոր կ­՛ըն­կե­րակ­ցի Պ­րա­զի­լի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գէորգ ­Զա­տի­կեա­նը:
­Տե­ղե­կաց­նենք, որ ­Նա­թա­լի­նի աշ­խուժ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ: Ան կը պաշտ­պա­նէ նաեւ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը:
­Նա­թա­լի­նի 7 Յու­նո­ւա­րէն ­Հա­յաս­տան կը գտնո­ւի Հ.Յ.Դ.ի հրա­ւէ­րով: Ն­շենք նաեւ, որ ան այս տա­րի պի­տի մաս­նակ­ցի Պ­րա­զի­լի  խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:
­Նա­թա­լի­նի հան­դի­պում ու­նե­ցած է Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեա­նի հետ: «Եր­կիր»-ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ան յայտ­նեց, թէ քա­նի որ Ե­րե­ւանն ու ­Սան ­Փաու­լոն քոյր-քա­ղաք­ներ են, շարք մը  հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ ձեռք բե­րո­ւած են Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեա­նի հետ: «­Քա­ղա­քա­պե­տին հետ խօ­սուած է եր­կու քա­ղաք­նե­րու փո­խա­դարձ աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին: ­Նոյ­նիսկ  պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն ձեռք բե­րո­ւած է, որ ­Սան ­Փաու­լո­յի քա­ղա­քա­պե­տը այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան` քա­ղա­քի 2800-ա­մեա­կին մաս­նակ­ցե­լու»,- ը­սաւ ­Նա­թա­լի­նի:
Ան նշեց, որ քա­ղա­քա­պե­տին հետ հան­դի­պ­ման ըն­թաց­քին թէեւ խօ­սո­ւած է տար­բեր նիւ­թե­րու մա­սին, բայց ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը այն է, որ ա­ւե­լի մօ­տեց­նեն ­Սան ­Փաու­լոն Ե­րե­ւա­նի, ին­չու ոչ` նաեւ Ար­ցա­խի հետ, ընդ ո­րում` ո՛չ միայն մշա­կու­թա­յին ի­մաս­տով, այլ նաեւ` քա­ղա­քա­կան:
­Նա­թա­լի­նի այ­ցե­լած է ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լիր եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցած ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին, այ­ցե­լած է  նաեւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան: «­Շատ յու­զո­ւած եմ: Ես ծա­նօթ եմ ձեր պատ­մու­թեան եւ հի­մա շատ յու­զո­ւած եմ, որ կրցայ ան­մեղ զո­հե­րու  յի­շա­տա­կի դամ­բա­րա­նին մօտ ծա­ղիկ­ներ դնել», ը­սաւ ան:
Ըստ ­Նա­թա­լի­նիի, ի­րեն ա­մէ­նէն աւելի յու­զած է այն, որ հա­յե­րը շատ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տան ի­րենց ար­մատ­նե­րուն, ան­ցեա­լին եւ ներ­կա­յին: «­Դուք կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տաք ան­ցեա­լին` պաշտ­պա­նե­լով եր­կու կող­մե­րը` ար­դիա­կա­նը եւ ար­մատ­նե­րը: Այդ ձե­ւով կրնաք պատ­մու­թիւն  պաշտ­պա­նել, եւ ես յու­զո­ւած եմ ձեր այդ ու­ժէն»,- շեշ­տեց ան:
­Նա­թա­լի­նի նշեց, որ այն, ինչ որ տե­սած է ­Սան ­Փաու­լո­յի հայ գա­ղու­թին մէջ, կրնայ փաս­տել, որ այս­տեղ ալ հա­յե­րը նոյն մա­քուր ազգն են: «­Նոյն մա­քուր, աշ­խա­տա­սէր ազգն էք. ինչ որ կը կար­ծէի, որ էք, այս­տեղ կրցայ  ա­ւե­լի պար­զօ­րէն նկա­տել եւ հաս­տա­տել»,- ը­սաւ ան:
­Նա­թա­լի­նի նաեւ տե­ղե­կա­ցուց, որ 5-էն 7 Յու­նո­ւա­րին ե­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թեամբ ե­ղած է Ար­ցախ: «­Շատ տպա­ւո­րո­ւած եմ Ար­ցա­խով:
«Այն­տեղ հա­յե­րուն հետ միա­սին նշե­ցի Ս. Ծ­նուն­դը, ե­ղայ ­Շու­շի եւ  ­Գան­ձա­սար: Ու­րախ եւ ո­գե­ւո­րո­ւած եմ Ար­ցախ այ­ցե­լե­լէ ետք»,- ը­սաւ ան: