­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կ­՚ող­ջու­նէ, Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ծե­րա­կոյ­տի 12 ­Դեկ­տեմ­բեր 2019ին միա­ձայ­նու­թեամբ որ­դեգ­րած թիւ 150 բա­նա­ձե­ւը, ամ­րագ­րե­լով ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան որ­դեգ­րած թիւ 296 բա­նա­ձե­ւը:
Այս ա­ռի­թով, հա­մայն հա­յաշ­խար­հը հա­մա­կած գո­հու­նա­կու­թեան զգա­ցում­նե­րուն եւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն միա­նա­լով նաեւ մեր շնոր­հա­կա­լա­կան եւ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը կը յայտ­նենք ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան եւ ­Ծե­րա­կոյ­տի ան­դամ­նե­րուն, յատ­կա­պէս ծե­րա­կու­տա­կան­ներ ­Մե­նեն­տեզ եւ Ք­րուզ, ո­րոնք հա­մա­մարդ­կա­յին ար­դա­րու­թեան եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խա­ղաղ հա­մա­կեց­ման ի խնդիր անդրդ­րո­ւե­լի եւ անվ­հատ հաս­տա­տամ­տու­թեամբ, հե­տապն­դե­ցին ի­րա­կա­նաց­նե­լու Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ճամ­բով հայ ժո­ղո­վուր­դին կա­տա­րած ի­րենց խոս­տու­մը՝ բա­նա­ձե­ւին որ­դեգ­րու­մը ­Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ, ար­ձա­նագ­րե­լով մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մէջ այն հա­զո­ւա­դէպ ա­ռիթ­նե­րէն մէ­կը, երբ գեր­պե­տու­թիւն մը բա­րո­յա­կանն ու ար­դա­րու­թիւ­նը գե­րա­դաս կը հա­մա­րէ քան քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան պա­րարտ շա­հե­րը:
­Մեր գնա­հա­տան­քը եւ մե­ծա­րան­քը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, դա­տա­պար­տու­թեան եւ ար­դար հա­տուց­ման յոգ­նա­շատ ճա­նա­պար­հէն քա­լող նա­հա­տակ­նե­րուն կա­տա­կին ուխ­տա­պահ սե­րունդ­նե­րուն՝ ո­րոնք տաս­նա­մեակ­նե­րով աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն ան­դուլ եւ ան­դա­դար գոր­ծող ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու անն­կուն ջան­քե­րով ամ­բող­ջա­նո­ւէր ներդ­րում ու­նե­ցան եւ կը շա­րու­նա­կեն ու­նե­նալ ­Հայ դա­տի ար­դար հա­տուց­ման պայ­քա­րին մէջ:
­Մեր որ­դիա­կան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը եւ ա­րեւ­շա­տու­թեան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հայ­րա­պետ­նե­րու ար­ժա­նա­ւոր յա­ջորդ եւ քա­ջա­յաղթ հո­վո­ւա­պե­տին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին՝ ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու պա­հան­ջա­տէր ա­խո­յեա­նին:
«­Չի մեռ­նիր դատ մը, ո­րուն ե­տին պա­հան­ջա­տէր կայ»։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ