Յովսէփ Էմին (1726-1809)

Յովսէփ Էմին (1726-1809). ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին նա­խա­կա­րա­պե­տը Ն.

0
1628

Օ­գոս­տոս 2ին, 208 տա­րի ա­ռաջ, հե­ռա­ւոր Հնդ­կաս­տա­նի ­Կալ­կա­թա քա­ղա­քին մէջ, 83 տա­րե­կա­նին վախ­ճա­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի գա­ղա­փա­րա­պաշտ զա­ւակ­նե­րէն ­Յով­սէփ Է­մին։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն է 1726 թո­ւա­կա­նին ­Պարս­կաս­տա­նի ­Հա­մա­տան քա­ղա­քը ծնած լու­սա­միտ այս գոր­ծի­չը:
Ոչ միայն իր գա­ղա­փար­նե­րով, այլ նաեւ քա­ղա­քա­կան իր գործ­քով՝ Յ. Է­մին կը հան­դի­սա­նայ ար­դի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին ա­ռա­ջին անձ­նո­ւէր զի­նո­ւո­րագ­րեալ դրօ­շա­կի­րը։
­Պա­տա­հա­կան չէ, որ 18րդ ­դա­րուն բուն ­Հա­յաս­տա­նէն դուրս յա­ռաջ մղո­ւե­ցաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը։ ­Դա­րաս­կիզ­բին ճնշո­ւած էր ­Դա­ւիթ ­Բէ­կի շար­ժու­մը մայր հո­ղին վրայ։ ­Թուր­քեւ­պարս­կա­կան հա­րո­ւած­նե­րու տակ ծան­րօ­րէն խո­ցո­ւած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տա­տենչ ո­գին։ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը նոր սկսած էր իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը նե­տել դէ­պի տաք ջու­րեր։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին ստրկա­կան հա­մա­կեր­պու­մի հու­նով կ­’ա­ռաջ­նոր­դէր իր­մէ դուրս ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն չու­նե­ցող հա­յոց հօ­տը։
­Բայց այդ­պէ՛ս շա­րու­նա­կե­լու պա­րա­գա­յին, ուշ կամ կա­նուխ, ստոյգ մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նը։
­Յոյ­սը տա­րա­գիր ու պան­դուխտ հա­յու­թեան մէջ կը գտնո­ւէր։
­Շահ Ա­բա­սի կող­մէ հայ­րե­նի իր բնօ­րան­նէն բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած ու ­Պարս­կաս­տա­նի հա­րա­ւը փո­խադ­րո­ւած հա­յու­թեան մեծ զան­գո­ւա­ծը, իր ձեռ­նե­րէց ու գոր­ծա­րար զա­ւակ­նե­րուն շնոր­հիւ, վա­ճա­ռա­կա­նա­կան աշ­խոյժ ներ­կա­յու­թիւն հաս­տա­տած էր Անգ­լիոյ եւ Հնդ­կաս­տա­նի մի­ջեւ տա­րա­ծո­ւած եր­կար ճամ­բուն վրայ։ ­Յատ­կա­պէս ­Կալ­կա­թա քա­ղա­քին մէջ հա­մախմ­բո­ւած մե­ծա­թիւ հա­յու­թիւ­նը, Եւ­րո­պա­յի հետ իր սերտ շփու­մով, դրօ­շա­կի­րը դար­ձած էր հա­մայն հա­յու­թեան հո­գեմ­տա­ւոր լու­սա­ւո­րու­մին ու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան զար­թօն­քին։
Այս ա­ռու­մով՝ իր ժա­մա­նա­կին ծնունդն է ­Յով­սէփ Է­մին։
­Հայ­րը, որ ­Հա­մա­տա­նի յա­ջո­ղակ հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րէն էր, գոր­ծի ան­յա­ջո­ղու­թեան հե­տե­ւան­քով ան­ցած էր ­Կալ­կա­թա՝ նոր գործ հաս­տա­տե­լու մտօք, իր մօտ կան­չե­լով եւ իր գոր­ծին մէջ առ­նե­լով պա­տա­նե­կան տա­րի­քը բո­լո­րող իր միակ զա­ւա­կը։ ­Բայց ­Յով­սէփ Է­մի­նի սիրտն ու միտ­քը հօր գոր­ծին մէջ չէին։ ­Հա­զիւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­րի­քը թե­ւա­կո­խած՝ ան ամ­բողջ էու­թեամբ փա­րած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր լու­սա­ւոր­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագր­ման ու զար­գաց­ման մեծ գա­ղա­փա­րին։
­Մօ­տէն հե­տե­ւե­լով Հնդ­կաս­տա­նի մէջ անգ­լիա­ցի գաղ­թա­տէր­նե­րու կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան, Յ. Է­մին ար­դէն յան­գած էր այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ միայն ուս­ման, ռազ­մա­կան ա­րո­ւես­տի մէջ հմտաց­ման եւ ա­զատ ու ան­կախ կեան­քի նո­ւաճ­ման ճամ­բով աշ­խա­տա­սէր ու ձեռ­նե­րէց հա­յը ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար տէր կանգ­նե­լու իր քրտին­քին ու տա­ղան­դին ձեռք­բե­րում­նե­րուն։
Այդ հա­մո­զու­մով՝ 25 տա­րի­քը նոր բո­լո­րած, հա­կա­ռակ հօր ընդ­դի­մու­թեան եւ ար­գելք­նե­րուն, Յ. Է­մին 1751ին հօր­մէ գաղտ­նի վա­ճա­ռա­կա­նա­կան նաւ մը բարձ­րա­ցաւ ­Կալ­կա­թա­յի մէջ, իբ­րեւ բա­նո­ւոր աշ­խա­տե­ցաւ նա­ւուն վրայ եւ ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի Անգ­լիա։ Ինչ­պէս որ տաս­նա­մեակ­ներ ետք, 1792ին ­Լոն­տոն տպագ­րո­ւած եւ իր կեան­քին պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող անգ­լե­րէն ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան մէջ («­Հա­յազ­գի ­Յով­սէփ Է­մի­նի կեան­քը եւ ար­կած­նե­րը, անգ­լե­րէ­նով գրո­ւած հե­ղի­նա­կին կող­մէ» — «The Life and Adventures of Joseph Emin an Armenian, written in English by himself») Յ. Է­մին պի­տի վկա­յէր՝

«Ես ծնո­ւել եմ ­Հա­մա­դա­նում, որն այն վայ­րե­րից մէկն է, ուր իմ դժբախտ
ազ­գը գե­րու­թեան մէջ է ապ­րում ­Շահ Աբ­բա­սից ի վեր։ Իմ ­Հայ­րը, ինչ­պէս
եւ միւս հա­յե­րը, ինձ սո­վո­րեց­րել է միայն մայ­րե­նի լե­զո­ւով կար­գալ-գրել,
ան­գիր ա­նել ­Սաղ­մոսն ու եր­գել ե­կե­ղե­ցում։ Բшյց ­նա ինձ չսո­վո­րեց­րեց զէնք գոր­ծա­ծել եւ ոչ էլ ինձ հրահ­րեց մեծ գոր­ծե­րի էու­թիւնր հաս­կա­նա­լու
հա­մար… Ես ճա­նա­պար­հո­ւե­ցի ­Գի­լան, այն­տե­ղից Իս­պա­հան, Իս­պա­հա­նից ­Բաս­րա եւ այն­տե­ղից ­Կալ­կա­թա, որ­տեղ իմ հայ­րը վա­ճա­ռա­կան էր ե մտա­ծում էր ինձ եւս վա­ճա­ռա­կան դարձ­նել։ ­Սա­կայն ես պարզ տես­նում էի, թէ ինչ­պէ՛ս մեր ժո­ղո­վուրդն ա­րիւն-քրտինք էր թա­փում մի կտոր հա­ցի հա­մար եւ թէ ինչ­պէ՛ս, երբ նա մի քիչ դրամ էր հա­ւա­քում, ան­մի­ջա­պէս կո­ղոպտ­ւում էր ստա­յօդ սլատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րով, եր­բեմն փա­շա­նե­րի, եր­բեմն խա­նե­րի եւ եր­բեմն էլ հնդիկ իշ­խան­նե­րի կող­մից, ո­րով­հե­տեւ ձեռ­քին զէնք չու­նէր։ ­Միա­ժա­մա­նակ՝ ես տես­նում էի, թէ ինչ­պէ՛ս եւ­րո­պա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը խե­լա­ցի, ու­ժեղ են ու կռւում են կազ­մա­կեր­պո­ւած՝ մէկ մար­դու­պէս։ Մ­տա­ծե­ցի, որ ե­թէ ես կա­րո­ղա­նամ եւ­րո­պա­ցի զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րի նման
լի­նել, կը գնամ իմ հայ­րե­նա­կից­նե­րի՝ լեռ­նա­յին ­Հա­յաս­տա­նի հա­յե­րի (ի մտի ու­նի ­Զան­գե­զուրն ու Ար­ցա­խը) մօտ։ Ես լսել էի, թէ նրանք եր­բեք չեն պար­տո­ւել, թէ նրանք խի­զախ ու քաջ մար­դիկ են։ Մ­տա­ծում էի, որ ե­թէ ես կա­րո­ղա­նամ նրանց սո­վո­րեց­նել զի­նո­ւո­րա­կան ա­րո­ւեստր, դա շատ օգ­տա­կար կը լի­նի… Իմ այդ խորհր­դա­ծու­թիւն­ներր յայտ­նե­ցի հօրս, բայց նա ե­րես դարձ­րեց ինձ­նից եւ նա­խա­տեց ինձ։ Ես չէի կա­րող տա­նել այդ­պի­սի կեանքր։ Ես փա­խայ եւ իմ ճա­նա­պար­հա­ծախ­սի փո­խա­րէն զա­նա­զան ծանր աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րե­ցի ամ­բողջ ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ըն­թաց­քում՝ ­Բեն­գա­լիա­յից մին­չեւ ­Լոն­դոն։ ­Լոն­դո­նում մին­չեւ փո­ղե­րիս վեր­ջա­նա­լը պ. ­Միդ­լե­նի ճե­մա­րա­նում ես սո­վո­րում էի անգ­լե­րէն լե­զու եւ գրա­կա­նու­թիւն։ ­Բայց ես ստի­պո­ւած ե­ղայ թող­նե­լու ու­սումս եւ աշ­խա­տե­լու մի կտոր հա­ցի հա­մար։ «Օ­տար երկ­րում, ա­ռանց բա­րե­կամ­նե­րի ու դրա­մի, ես շատ զրկանք­ներ կրե­ցի ու տա­ռա­պե­ցի։ ­Սի­տիում բեռ­նա­կիր ե­ղայ… Ու­ղիղ եր­կու տա­րի ես այդ­տեղ ծանր բեռ­ներ էի կրում։ Իմ աշ­խա­տա­վար­ձից յատ­կաց­րի մի քիչ երկ­րա­գոր­ծու­թիւն սո­վո­րե­լու եւ գրե­լու մէջ կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւե­լու հա­մար։ Սկ­սե­ցի նաեւ ֆրան­սե­րէն սո­վո­րել, բայց աշ­խա­տանքս խան­գար­ւում էր։ Ես սկսե­ցի տա­տա­նո­ւել, ո­րով­հե­տեւ ես ջանք էի թա­փում, բայց ա­ռանց յոյ­սի։ Ես կորց­րի իմ ա­ռող­ջու­թիւ­նը եւ վեր­ջա­պէս հար­կադ­րո­ւե­ցի թող­նել այդ աշ­խա­տանքր։ ­Մի ծա­նօթ ինձ յանձ­նա­րա­րեց Ո­ւերստր ա­նու­նով մի փաս­տա­բա­նի։ Ն­րա մօտ ես ու­տում-խմում էի, բայց հանգս­տու­թիւն չու­նէի, ո­րով­հե­տեւ ոչ ոք չէր նա­յում իմ վրայ եւ ոչ ոք լոյս չէր սփռում իմ ծրագ­րերն ի­րա­կա­նաց­նե­լու գոր­ծում։ ­Վեր­ջա­պէս ես ու­նե­ցայ ծա­նօթ­ներ, ո­րոնք խոր­հուրդ տո­ւին ինձ՝ դի­մել գնդա­պետ ­Գենդ­լո­յին։ Այս վե­հանձն պա­րո­նը շատ ազ­նիւ վե­րա­բեր­մունք ցոյց տո­ւեց իմ հան­դէպ։ ­Սա­կայն նա ինձ ճա­նա­չե­լուց կարճ ժա­մա­նա­կից յե­տոյ վախ­ճա­նո­ւեց։ Ես նո­րից ըն­կայ իմ նախ­կին անձ­կու­թեան մէջ… Մ­տա­ծում էի վե­րա­դառ­նալ դէ­պի թշո­ւառ կու­րու­թիւն եւ Հնդ­կաս­տա­նում
կրկին մատ­նո­ւե­լու ստրկու­թեան, երբ նա­խախ­նա­մու­թիւնր ու­ղար­կեց ինձ
իմ տի­րո­ջը՝ լորդ ­Նորթրմ­բեր­լան­դին, ո­րը գետ­նից վեր բարձ­րաց­րեց ինձ»։
Այդ­պէս, մին­չեւ 1759 թո­ւա­կա­նը, Յ. Է­մին ապ­րե­ցաւ, աշ­խա­տե­ցաւ եւ ու­սա­նե­ցաւ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ մէջ։ Է­մի­նի կեան­քին դար­ձա­կէ­տը ե­ղաւ ա­նոր յի­շա­տա­կած պա­տա­հա­կան ծա­նօ­թա­ցու­մը անգ­լիա­ցի մեծ ազ­նո­ւա­կա­նին՝ դուքս ­Նոր­թում­պեռ­լեն­տի հետ, որ Է­մի­նին ներ­կա­յա­ցուց Անգ­լիոյ թա­գա­ժա­ռան­գին եւ այս վեր­ջի­նի ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ Է­մին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Վուլ­վի­չի ռազ­մա­կան ա­կա­դե­միան։ ­Թէեւ չա­ւար­տեց ռազ­մա­կան այդ ա­կա­դե­միան, բայց ստա­ցաւ լէյ­տե­նեն­տի աս­տի­ճան եւ այդ շրջա­նին Ֆ­րան­սա­յի դէմ սկսած Եօթ­նա­մեայ պա­տե­րազ­մին Է­մին կա­մա­ւոր զի­նո­ւագ­րո­ւե­ցաւ։ ­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին իր դրսե­ւո­րած փայ­լուն խի­զա­խու­թեան հա­մար ան­ձամբ Պ­րու­սիա­յի թա­գա­ւոր Ֆ­րե­տե­րիք ­Մե­ծէն ստա­ցաւ այդ երկ­րի բարձ­րա­գոյն «­Սեւ Ար­ծիւ» շքան­շա­նը: ­Պա­տե­րազ­մի դաշ­տէն վե­րա­դառ­նա­լով ­Լոն­տոն, Յ. Է­մին ըն­դու­նե­լու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ օ­րո­ւան Անգ­լիոյ վար­չա­պետ Ո­ւի­լիըմ ­Փի­թի կող­մէ, ո­րուն հետ հա­յոց ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին շուրջ իր ու­նե­ցած խորհր­դակ­ցու­թե­նէն յան­գե­ցաւ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ Անգ­լիան պի­տի չա­ջակ­ցէր ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագր­ման իր ծրագ­րին ի­րա­կա­նաց­ման։
Այդ­պէս, 1759ին, իր անգ­լիա­ցի բա­րե­կամ­նե­րէն դրա­մա­կան նպաստ ստա­նա­լով` Է­մին ժա­մա­նեց ­Հա­յաս­տան: ­Կար­նոյ (Էրզ­րում) վրա­յով ան հա­սաւ Էջ­միա­ծին, ուր սա­կայն ան­մի­ջա­պէս դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ տեղ­ւոյն հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան թշնա­մա­կան վե­րա­բեր­մուն­քին։ Այդ ժա­մա­նակ մտա­ծեց, որ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տա­գու­թեան իր ծրա­գիր­նե­րուն յա­ջո­ղու­թեան հա­մար պէտք ու­նի ­Ռու­սաս­տա­նի ա­ջակ­ցու­թեան:
­Հե­տե­ւա­բար 1763ին, ­Ռու­սաս­տան ուղ­ղո­ւե­լով եւ ցա­րա­կան ար­քու­նի­քի հետ իր հաս­տա­տած ծա­նօ­թու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րը ստա­նա­լով, թուր­քե­րու դէմ ռուս-վրա­ցա­կան-հայ­կա­կան միա­ցեալ ռազ­մա­կան յար­ձա­կում մը ի­րա­գոր­ծե­լու մտադ­րու­թեամբ, ­Յով­սէփ Է­մին ան­ցաւ Վ­րաս­տան, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցաւ վրաց թա­գա­ւո­րին՝ ­Հե­րակլ Բ.ի հետ: Վ­րաց ար­քա­յին Է­մին ա­ռա­ջար­կեց վրա­ցա­կան բա­նա­կը մար­զել եւ­րո­պա­կան ձե­ւով: ­Նոյն­պէս, ­Թիֆ­լիս գտնո­ւած մի­ջո­ցին, Է­մին նա­մա­կագ­րա­կան կապ հաս­տա­տեց Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի՝ ­Մուշ քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ վան­քի վա­նա­հայր ­Յով­նան Սր­բա­զա­նի հետ: ­Վեր­ջինս Է­մի­նի նա­մա­կին տրո­ւած իր պա­տաս­խա­նին մէջ գրեց, որ ե­թէ վրա­ցա­կան 16.000նոց զօր­քը մտնէ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տան, տեղ­ւոյն հա­յե­րը կ­’ապս­տամ­բին եւ 40.000նոց զօրք ռազ­մա­դաշտ կ­’ի­ջեց­նեն:
­Բայց Յ. Է­մի­նի նա­մա­կագ­րա­կան կա­պե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս տա­րած բա­նակ­ցու­թեանց մա­սին տե­ղեակ պա­հո­ւե­լով՝ օ­րո­ւան Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Սի­մէոն Ե­րե­ւան­ցի կա­թո­ղի­կո­սը բա­նադ­րեց ­Յով­նան սրբա­զա­նին ու ա­ռա­ջար­կեց ­Հե­րակլ Բ.ին, որ Վ­րաս­տա­նէն վտա­րէ Յ. Է­մի­նին: 1764ին, Է­մին ստի­պո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ Վ­րաս­տա­նէն եւ քիչ ժա­մա­նակ ետք յայտ­նո­ւե­ցաւ ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ: ­Հոս Է­մին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ա­ղո­ւա­նաց Աշ­խար­հի (­Գան­ձա­սա­րի) կա­թո­ղի­կոս ­Յով­հան­նէս ­Հա­սան-­Ջա­լա­լեա­նի, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի մե­լիք­նե­րուն հետ: Ա­նոնց հետ քննար­կեց ­Ղա­րա­բա­ղի ա­զա­տագ­րու­թեան հար­ցը: ­Սա­կայն ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ եւս ­Յով­սէփ Է­մին դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ մեր­ժու­մի եւ հա­լա­ծան­քի, ո­րոնց աղ­բիւ­րը դար­ձեալ ­Սի­մոն Ե­րե­ւան­ցի կա­թո­ղի­կո­սի կոն­դակ­ներն էին (պատ­մագ­րու­թիւ­նը ամ­բողջ թղթած­րար մը ու­նի ­Սի­մոն Ե­րե­ւան­ցի կա­թո­ղի­կո­սի եւ ­Յով­սէփ Է­մի­նի մի­ջեւ այս հա­կադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ)։
­Ղա­րա­բա­ղի մէջ ալ ձա­խո­ղու­թեան հան­դի­պե­լէ ետք, Է­մին ստի­պո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ հայ­րե­նի հո­ղէն եւ Ի­րա­քի ­Պաս­րա քա­ղա­քի նա­ւա­հան­գիս­տէն նա­ւով վե­րա­դառ­նալ Հնդ­կաս­տան: ­Կալ­կա­թա­յի մէջ Յ. Է­մին լծո­ւե­ցաւ գոր­ծա­րա­րու­թեան՝ Անգ­լիոյ հետ իր կա­պե­րը զար­գաց­նե­լով եւ շա­րու­նակ ա­ռիթ­ներ փնտռե­լով, որ­պէս­զի Բ­րի­տա­նա­կան ­Կայս­րու­թեան բարձ­րա­ցող աստ­ղին հետ հնարք մը գտնէր ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տի ար­դար լուծ­ման։
­Բայց այդ բո­լոր ճի­գե­րը ա­պար­դիւն ան­ցան եւ ­Յով­սէփ Է­մի­նի ծրա­գիր­նե­րը չի­րա­կա­նա­ցան:
Եւ 2 Օ­գոս­տոս 1809ին, ­Կալ­կա­թա­յի մէջ, մեր աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ գա­ղա­փա­րա­պաշտ ու անձ­նո­ւէր այս մեծ ­Հա­յը, ո­րուն կեան­քը եւ գոր­ծը ի­մաս­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար պայ­քա­րով։
Կ’ար­ժէ յու­շա­տետ­րի այս հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձը ա­ւար­տել ե­րի­տա­սարդ է­մի­նի կող­մէ հօ­րը ուղ­ղո­ւած նա­մա­կէն հա­տո­ւա­ծով մը, ուր ինք­նագ­լուխ ­Լոն­տոն հա­սած ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դին կը պատ­գա­մէ՝
«­Յար­գե­լի ­Հայ­րիկ։
«Ա­ռա­քի­նու­թեան որ­դին քա­ջու­թիւնն է եւ քա­ջու­թիւ­նը չի կա­րող գո­յու­թիւն ու­նե­նալ ա­ռանց ա­ռա­քի­նու­թեան։ Ի՞նչ ես մտա­ծում, կար­ծում ես՝ թէ ես ե­կել եմ այս­տեղ միայն անգ­լե­րէն լե­զու սո­վո­րե­լո՞ւ։ Ո՛չ, ո՛չ. ես ե­կել եմ ռազ­մա­կան ա­րո­ւես­տը սո­վո­րե­լու, ո­րը նա­խընտ­րե­լի է աշ­խար­հիս բո­լոր ա­րո­ւեստ­նե­րից։ Այս ա­րո­ւես­տով է, որ մենք պէտք է կռո­ւենք քրիս­տո­նեայ ազ­գե­րի ջար­դա­րար­նե­րի ու թշնա­մի­նե­րի դէմ։ ­Մենք միշտ կո­տո­րո­ւե­լու ենք մեր թշնա­մի­նե­րի կող­մից, ե­թէ մենք ճիգ ու ջանք չթա­փենք սո­վո­րե­լու այդ ա­րո­ւես­տը։
«­Հայ­րիկ, ա­հա՛ սրանք էին քո միակ որ­դու հե­ռա­նա­լու պատ­ճառ­ներր, ոչ թէ ցո­փու­թեան եւ շո­ւայ­տու­թեան հա­մար, այլ ար­ժա­նիք եւ ի­մաս­տու­թիւն ձեոք բե­րե­լու, աշ­խար­հը ճա­նա­չե­լու եւ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցե­լու իմ անս­լաշտ­պան հայ ազ­գին»։