Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան կը նշանակուի Առաջնորդական փոխանորդ

Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան կը նշանակուի Առաջնորդական փոխանորդ Յունաստանի Հայոց թեմին

0
3266

Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ն.Ս.ՕՏ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեամբ եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մին Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեա­նի տնօ­րի­նու­մով, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան գու­մա­րած նիս­տին՝ Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Հոգշ. Տ. ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մին:
­Հո­գեշ­նորհ ­Հայր ­Սուր­բը 2011ին ամ­բող­ջաց­նե­լէ ետք ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպ­րե­վան­քի 8 տա­րի­նե­րու ու­սում­նա­կան շրջա­նը, նոյն տա­րո­ւոյն 19 ­Յու­նի­սին, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր տնօ­րի­նու­մով, ձեռ­նադ­րո­ւած է կու­սակ­րօն քա­հա­նայ:
­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն ներս ստանձ­նած է ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի գա­ւա­զա­նա­կի­րի պաշ­տօ­նը, ինչ­պէս նաեւ դա­սա­ւան­դած է դպրե­վան­քէն ներս:
12 ­Յու­լի­սի 2015ին, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի տնօ­րի­նու­մով կ­՚ար­ժա­նա­նայ վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճա­նի տու­չու­թեան ։
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի բարձր տնօ­րի­նու­թեամբ հո­վո­ւա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ ծա­ռա­յած է՝ 2013ին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մէն ներս՝ որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ատ­տի­կէի ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ։
2016ին ­Գա­նա­տա­յի ­Հա­յոց թե­մէն ներս՝ որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Քէմպ­րի­ճի «Ս. Ն­շան» ե­կե­ղեց­ւոյ ։
2018ի Օ­գոս­տո­սէն աս­դին կը գոր­ծէ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մէն ներս՝ որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի հինգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն՝ «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ», «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին», «Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ», «Ս. ­Խաչ» եւ «Ս. ­Գէորգ» ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն։
­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վո­ւու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կող­քին, Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նոր­դի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ հան­գա­ման­քը կը վա­րէ յատ­կա­պէս Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նին մէջ, ներ­կա­յաց­նե­լով թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի մեկ­նար­կած եւ ա­ռաջ­նոր­դած՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ծրագ­րին առն­չու­թեամբ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մէն ներս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր յանձ­նա­րա­րու­թեամբ թե­մա­կան մա­կար­դա­կի վրայ յա­ռաջ տա­րո­ւե­լիք ծրա­գիր­նե­րուն եւ աշ­խա­տանք­նե­րու ի­րա­գործ­ման հա­մար:
­Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք ­Հոգշ. Տ. ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նին թե­մա­կան նոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան մէջ:

­Դի­ւան Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի