Մարտ 14ին կ’ոգեկոչենք մահուան տարելիցը քսաներորդ դարու հայ բանաստեղծութեան արքաներէն Յովհաննէս Շիրազի։ «Բարի լոյս, Հայաստան» ողջունելով՝ աղօթքի ջերմեռանդութեամբ կ’արձագանգենք անմահն Շիրազին՝
Երազիս մէջ դուռը զարկին
— Ո՞վ է ասի ներսից ես,
Դրսից ինչ որ պառաւ մի կին
Ասաց «Մատաղ լինեմ քեզ»…
Մի կտոր հաց ողորմացիր,
Աղքատ կին եմ, որբ, անտէր,
Ու ես իսկոյն դուռը բացի՝
Հրաշք… մեռած մայրիկս էր:
Սարսափեցի, բայց գիրկն ընկայ,
Մայրս ասաց՝ «ես եմ, ես,
Քեզ փորձելու համար եկայ,
Հօ չի՜ փոխել կեանքը քեզ:
Մուրացկանի տեսքով եկայ,
Որ աշխարհն էլ իմանայ՝
Տե՜ղն է խիղճդ, խիղճդ որդիս,
Թէ՞ մեռել է ինձ հետ նա…»
Երազիս մէջ հօրս տեսայ՝
Մօրս նման յայտնուեց,
Խինդ ու վախով գիրկը հասայ,
Շիրիմից ելաւ ինձ գրկեց:
Հեկեկացինք դառն ու անուշ,
Հայրս նայեց իր չորս դին,
Արագածին նայեց քնքոյշ,
Ասաց՝ կ’ապրի իմ որդին…
Բայց երբ նայեց Արարատին՝
Ինձ խէթ նայեց հայրս ծեր,
— Էլ ինչո՞վ ես դու իմ որդին,
Երբ կիսատ է տունը մեր:
Վշտից նորից մեռաւ հայրս,
Ասաց՝ «որդիս, թէ կ’ուզես
Հողը թեթեւ լինի վրաս
Տունս կիսատ չթողնես…»
Յոյզերու եւ մտորումներու այսօրինակ տենդէ բռնուած՝ բանաստեղծ ծնած ու Սիրոյ եւ Կարօտի, Մեծ Եղեռնի ու Հայ Դատի անխոնջ պատգամախօսը դարձած՝ 34 տարի առաջ, Մարտ 14ի այս օրը, հայոց քաղաքամայր Երեւանի մէջ, աչքերը առյաւէտ փակեց Յովհաննէս Շիրազ։
69 տարեկանին շիջեցաւ մարմինը հայոց աշխարհի լոյս եւ յոյս բաշխող աստղերուն ամէնէն առինքնողին։
Շատ ու շատ տարիներ կ’անցնին, հայոց սերունդներ կը յաջորդեն իրարու, բայց հայերէնի թօթովանքով աշխարհին բացուող ամէն հայ մանուկ, անկասկած, Շիրազէն տող մը, սրտայոյզ երգ մը եւ խորախորհուրդ պատգամ մը պիտի շարունակէ արտասանել ու երգել, այլ մանաւանդ գոռալ՝ յանուն Արդարութեան յաղթանակին եւ Մասիս Սարի տուն վերադարձին։
Աւազանի անունով Օննիկ Կարապետեան, Շիրազ լոյս աշխարհ եկաւ Հայոց Արհաւիրքի օրերուն՝ 1915 թուականի Սեւ Ապրիլի 27ին, Ախուրեան գետի ափին գտնուող գիւմրեցի Թադէոսի եւ կարսեցի Աստղիկի գիւղական խարխուլ տան մէջ։
Նորածինը հազիւ երեք տարեկան մանուկ էր, երբ որբացաւ հօր կողմէ, որուն թուրք զինուորները սպաննեցին 1918ի այս օրերուն, երբ հայասպան թուրք պետութիւնը ընդհանուր գրոհի ձեռնարկեց Արեւելահայաստանի ուղղութեամբ, փորձելով «ամբողջացնել» հայ ժողովուրդին դէմ իր ծրագրած ու գործադրած Ցեղասպանութիւնը։
Թրքական խժդժութեանց հետեւած իրարանցումին մէջ, Օննիկ կորսնցուց մայրը, անպատսպար փողոցները թափառեցաւ՝ հացի եւ օթեւանի կարօտ, մինչեւ որ անտէր լքուած հարիւրաւոր շատ որբերու հետ զինք եւս յանձնեցին Ալեքսանդրապոլի որբանոցին խնամատարութեան։
Դառն ու դաժան մանկութիւն մը անցուց հայոց ապագայ բանաստեղծը. յաճախակի փախուստ տուաւ որբանոցի ճնշիչ մթնոլորտէն եւ, ինչպէս որ հետագային պիտի գրէր իր ինքնակենսագրութեան մէջ, «որբանոցից շատերն էին փախչում, մեծ մասը դէպի շուկայ, իսկ ես` դէպի Արփաչայի հովիտները` փնտռելու հայրիկիս բոստանը: Եւ մի վայրկեան ծաղիկների ու կակաչների մեջ մոռանում էի, որ որբ եմ…»:
Աւելի ուշ, երբ արդէն թեւակոխած էր պատանեկութեան տարիքը, Օննիկ լրիւ հեռացաւ որբանոցէն եւ բառին բուն իմաստով փողոցի կեանք ապրեցաւ, մինչեւ որ այդ ձախորդ օրերուն յանկարծ փայլեցաւ «ճակատագրական մի սուրբ վայրկեան»: Փողոցը պատահականօրէն հանդիպեցաւ հացը ձեռքին անցորդ խեղճ կնոջ մը: Սոված Օննիկը փորձեց փախցնել կնոջ հացը, բայց կինը բռնեց զինք եւ… սեղմեց կրծքին: Մայրն էր` Աստղիկը, որ վերջապէս գտած էր իր կորուսեալ որդին: Փաղաքշանքով «գիժ- ջան, գիժ» կրկնելով՝ մայրը որդւոյն տարաւ տուն, որ հին ու կիսափուլ խրճիթ մըն էր: Եւ ճակատագրական այդ օրէն, մօր խօսքը սրբութիւն եւ օրէնք եղաւ Օննիկի համար, իսկ մօր գլխաւոր խորհուրդն էր` «Արհեստ սովորիր… արհեստն է մարդուն ոսկէ բիլազուկ»:
Որբութեան եւ չքաւորութեան այդ տարիները ադամանդի պէս կոփեցին տաղանդը ստեղծագործական բնատուր շնորհներով օժտուած Օննիկի, որ հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու երկնակամարին վրայ անմար աստղի իր տեղը գրաւեց իբրեւ Սիրոյ, Վշտի եւ Հայոց Սրբազան Դատի զգայուն եւ խոհուն երգիչը՝ Յովհաննէս Շիրազ գրչանունով։
Եւ մեր ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան՝ Հայասպանութեան դառնագոյն բաժակը նաեւ սեփական կենսափորձով ցմրուր ճաշակած անմահ Շիրազը դարձաւ անլռելի բողոքի, ընդվզումի եւ պայքարի աննկուն պատգամախօս։ Շնչաւորեց վեհութիւնն ու մեծ ցաւը ողջ աշխարհին դիմաց յաղթահասակ կանգնած եւ իր տուն դարձին սպասող սրբազան Արարատին։ Եւ անխոնջ երգեց «Մասիսն ի վեր» բարձրացող, ինկող եւ ընկրկող, բայց իր մէջ դարձեալ ու յամառօրէն վեր բարձրանալու ուժը գտնող իրաւատէր հայութեան.-
Երբ օրօրօցում աչքս բացի՝ Մասիս սարերն հեռւում տեսայ,
Գերուած տեսայ ու ես լացի, Հայոց ցաւերն հեռւում տեսայ,
Ա՜խ, ես մանկուց երազեցի սուրալ ազատ Մասիսն ի վե՜ր,
Հովտում այրուող սիրտս բացի, բայց հով սարե՜րն հեռւում տեսայ:
Ա՜խ, ասացին ճամբայ չըկայ քարերն ի վեր, ի վեր Մասիս,
Կ’ընկնի վիհերն ով բարձրանայ սարերն ի վեր, ի վեր Մասիս,
Մենակ դու չես սիրտ իմ կարօտ, աչքդ յառել Մասիսն ի վեր,
Ժողովուրդս է ձգտել յաւերժ դարերն ի վեր, ի վեր Մասիս:
Միթէ՞ իրաւ անհաս ես դու, ա՜խ, իմ երազ Մասիսն ի վեր,
Միթէ՞ մի օր չեմ հասնելու աստեղնահաս Մասիսն ի վեր,
Նախահայրս է սանդուխք դրել աստղերն ի վե՜ր, ի վեր Մասիս,
Ա՜խ, միթէ՞ չեմ համբուրուելու իմ աստղի հետ Մասիսն ի վեր:
Ա՜խ, չէ՛, նա է յոյսիս ճամբան՝ քարերն ի վե՛ր, ի վեր Մասիս,
Թո՛ղ ամպ ու շանթ գլխիս ոռնան սարերն ի վեր, ի վեր Մասիս,
Կը տանեմ սիրտս վիրաւոր որպէս դրօշ Մասիսն ի վեր,
Թէկուզ մահով կը բարձրանամ դարե՜րն ի վեր, ի վեր Մասիս:
Շիրազ պատանի տարիքէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ, բախտը փորձեց կօշիկի եւ հիսուածեղէնի արհեստներուն մէջ, բայց շուտով անդրադարձաւ, որ բանաստեղծութիւնն է իր կեանքի բուն եւ միակ ասպարէզը։ Սկսաւ ստեղծագործել 15 տարեկանէն եւ իր առաջին քերթուածները լոյս տեսան այդ ատենուան Լենինականի՝ յաւերժական Գիւմրիի հիւսուածեղէնի գործարանին գրական հրատարակութեան էջերուն։
1935ին առանձին հատորով լոյս տեսաւ իր երեխայրիքը՝ «Գարնանամուտ»ը, որ անմիջապէս յափշտակուեցաւ ընթերցողներուն կողմէ եւ արագօրէն մեծ համբաւ ապահովեց քսանամեայ Շիրազին։
Եւ սկսաւ Շիրազի անկասելի վերելքը դէպի հայ քնարերգութեան Մասիս բարձրունքը։
Սիրոյ եւ Վշտի երգերով յատկանշուեցաւ Շիրազի մուտքը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս եւ որքան ժամանակը թաւալեցաւ, այնքան պարզութիւնն ու խոհականութիւնը, գեղարուեստական քնարականութիւնը ու ազգային յուզաշխարհը բիւրեղացան Շիրազի մէջ, որ իբրեւ ինքնուրոյն դպրոց, ԵՐԵՒՈ՜ՅԹ դարձաւ քսաներորդ դարու երկրորդ կիսուն՝ հայ գրականութեան վերազարթնումին վրայ իր տիրական դրոշմը դնելով։
Պատահական չէ, որ «Շիրազ հայ ժողովրդի վշտի դարաւոր մառախուղից ծագած աստղն է» վկայեց վարպետը՝ Աւետիք Իսահակեան։
Իսկ Ուիլեըմ Սարոյեան պարզապէս արժանին կը մատուցանէր Հայուն Սիրտը այդպէ՛ս հարազատօրէն, ջերմութեամբ եւ խորութեամբ աշխարհին առջեւ բացող Շիրազին, երբ կը հաստատէր, թէ «Շիրազ մեծ տաղանդ մըն է: Անիկա մեծ, մեծ անուն ունի՝ մենք շատ կը գնահատենք անոր գոյութիւնը… Շիրազ թանկագին հոգի մըն է, ես շատ կը ցանկանամ լուրեր առնել անոր գրութիւններէն, լսել զանոնք: Ան տաղանդ է, մենք պէտք է հպարտ զգանք՝ մեծ պատիւ համարենք անոր հետ ծանօթ ըլլալը»:
Եւ իրապէս Շիրազ իր կենդանութեան եղաւ ապրող առասպել մը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Առաջին հերթին՝ քաղաքամայր Երեւանի համար, ուր գրեթէ ամէնօրեայ իր գրական հաւաքները կ’ունենար փողոցը՝ Աբովեան, Ամիրեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկներուն, իր երկրպագուներու հետ հանդիպումներով։ Այլեւ՝ աշխարհասփիւռ հայաշխարհի բոլոր ափերուն, ուր հայութեան նորահաս սերունդները իր բանաստեղծութիւններով երգեցին Սէրը, Հայոց Վիշտը, Մօր պաշտամունքը եւ, մանաւանդ, Հայկական Հարցը արդար լուծման արժանացնելու պահանջատիրական պայքարը։
Հայաշունչ մթնոլորտի մէջ կազմաւորուած ո՞ր հայը, այսօր, կրնայ մտահան ընել իր պատանեկութեան սորված եւ արտասանած Շիրազի միեւնոյն «Ամենայն Սրտով»ի պայքարի հրաւէրը, որ ամբողջ ազգային զարթօնքի մը նշանաբանը դարձաւ՝
Օտարի ձեռքից հինգ հարիւր տարուայ հողերը այսօր ետ են գրաւում,
Օրէնք է, ու մենք էլ ասում, որ հողը տիրոջն է միայն պատկանում.
Բայց ինչի՞ խօսել ուրիշի մասին եւ միշտ մոռանալ ցաւը սեփական,
Ինչո՞ւ վաստակել, որ ուրիշն ուտի, մոռանալ քաղցը հարազատ մանկան:
Ո՛չ, բաւական է, չպէտք է լռել. երազել քիչ է, պէտք է պայքարել,
Քառասուն տարին դեռ նոր է անցել, հայոց հողերը պէտք է պահանջել.
Քարտէզի վրայ դեռ շատ անուններ մինչեւ օրս էլ հինն են մնացել,
Նոյնն են մնացել քաղաքներ, գիւղեր, շէներ ու գետեր եւ հին ամրոցներ:
Սահմանին թիկնած Արարատն է սէգ, իրեն լանջերով, զմրուխտ կուսական.
Արարատն է սիմպոլը հայոց, միշտ թսվչանքով լի, քաղցր մայրական.
Իսկ այն կողմ հեռւում, Պինկէօլն է լքուած, սգուորի նման, սեւ ամպերի մէջ,
Վանայ եւ Նազիկ լճերն են նիրհում, Աղթամարն է մեր արտասւում անվերջ:
Այս բոլորը դուք տեսնում էք հայեր եւ այն թողել էք բախտի պատմութեան,
Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում. ա՛յս է մեզ ասում կեանքը այժմեան.
Պէտք է պայքարել, պէտք է պայքարել եւ պէտք չէ սոսկալ մահից սեփական,
Մահուան գնով էլ պարտաւոր ենք մենք միացեալ տեսնել հողը հայկական:
Այսպէ՛ս պատգամեց եւ այսօրինակ պատգամներով իր կեանքը իմաստաւորեց անզուգական Շիրազը, որ մինչեւ իր վախճանը՝ 1984 թուականի Մարտ 14ը, կանգուն մնաց պատնէշի վրայ եւ աշխարհով մէկ շարունակեց շեփորել Հայ Դատի ուժական պայքարին յաղթագոռ երգը՝ կտակելով.-
Որդիս, քեզ ի՞նչ կտակեմ, ի՞նչ կտակեմ, իմ բալիկ,
Որ ինձ յիշես վշտի մէջ, թէ խինդի մէջ քո գալիք.
Գանձեր չունեմ, բայց գանձն ի՞նչ, գանձը լոյսն էր աչքերիս,
Դու ես միակ իմ գանձը, դու ես գանձը գանձերիս։
Քեզ այնպիսի գանձ կ’ուզեմ ես կտակել հայրաբար,
Որ չի կարող կտակել ուրիշ երկրում ոչ մի հայր,-
Ես քեզ այն եմ կտակում, որին այս մեծ մեր դարում
Փոքրիկ մարդիկ են բանտել ու շղթայել ամպերում.
Քեզ մեր սարն եմ կտակում, որ դուրս բերես սեւ ամպից,
Որ տուն բերես շալակած արդարութեամբ մեր անբիծ,
Ու կը բերես, իմ բալիկ, թէկուզ քո խեղճ թաթիկով
Մեր սարն այս կողմ շուռ կը տաս՝ արդարութեանդ ուժն է ծով.
Ու երբ բերես, իմ բալիկ, սիրտս էլ շիրմից կը հանես,
Կը բարձրանաս ու սիրտս ազատն ի վեր կը տանես
Ու կը թաղես իմ սիրտը ձիւների տակ Մասիսի,
Որ շիրմում էլ՝ դարաւոր հուր կարօտից չմրսի։
Քեզ Մասիսն եմ կտակում, որ դու պահես յաւիտեան,
Որպէս լեզուն մեր հայոց, որպէս սիւնը քո հօր տան: