«­Հայ­փոստ»ի կող­մէ թո­ղար­կո­ւե­ցաւ եւ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրո­ւե­ցաւ մէկ նա­մա­կա­նի­շ նո­ւի­րո­ւած ­­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի ծննդեան 150ա­մեա­կին

­Փետ­րո­ւար 19ի այս օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան 150ա­մեա­կը իր հան­ճա­րեղ զա­ւակ­նե­րէն ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի, որ կեն­դա­նու­թեան իսկ ար­ժա­նա­ցաւ «Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Բա­նաս­տեղծ»ի բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նին։
­Մեծն Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց ի­րա­ւամբ հո­գե­հա­րա­զատ թարգ­մա­նը հան­դի­սա­ցաւ հա­նուր հա­յու­թեան՝ թէ՛ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի, թէ՛ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ թէ աշ­խար­հով մէկ սփռո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դին, երբ ­Թու­մա­նեա­նը հռչա­կեց հայ գրա­կա­նու­թեան «հան­ճա­րեղ ­Լո­ռե­ցին» ։
­Բա­ռին բո­լոր ա­ռում­նե­րով լո­ռե­ցի էր ­Թա­դէոս ­Թու­մա­նեա­նի որ­դի ­Յով­հան­նէ­սը։ ­Լոյս աշ­խարհ ե­կաւ 19 ­Փետ­րո­ւար (7 ­Փետ­րո­ւար՝ հին տո­մա­րով) 1869ին, ­Լո­ռո­ւայ Դ­սեղ գիւ­ղին մէջ, հո­գե­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ։ ­Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը գիւ­ղի դպրո­ցին մէջ ստա­նա­լէ ետք, յա­ճա­խեց ­Ջա­լա­լօղ­լո­ւի (այժ­մու Ս­տե­փա­նա­ւան) դպրո­ցը, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ՝ 1883ին ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, «­Ներ­սի­սեան» ­Ճե­մա­րա­նին մէջ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ ­Սա­կայն նիւ­թա­կան ծանր պայ­ման­նե­րու ճնշու­մին տակ, 1887ին, ա­կա­մայ լքեց ու­սու­մը եւ նե­տո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ՝ աշ­խա­տանք գտնե­լով նախ ­Թիֆ­լի­սի հա­յոց Ազ­գա­յին ­Դա­տաս­տա­նա­կան ­Խոր­հուր­դի, ա­պա՝ ­Հայ Հ­րա­տա­րակ­չա­կան ­Միու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րուն մէջ։
Ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղ­ծին կազ­մա­ւոր­ման շրջա­նը յատ­կո­րո­շող կեն­սագ­րա­կան այս ու­րո­ւագծա­յին ամ­փոփ տե­ղե­կան­քի պաս­տա­ռին վրայ ի­րենց տեղն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը կը գտնեն ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան ՄԱՐ­Դու, ՀԱ­Յու, ԲԱՆԱՍՏԵՂ­Ծի եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ԳՈՐԾԻ­Չի տի­րա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը.
— Ան­սահ­ման բա­րու­թեամբ եւ միշտ լա­ւա­տե­սու­թեամբ՝ ան­հուն ժպի­տով կեան­քին նա­յող ՄԱՐԴն է ­Թու­մա­նեան։
— ­Սե­փա­կան ազ­գի բազ­մա­չար­չար պատ­մու­թեամբ տա­ռա­պող, հա­յու սե­փա­կան սխալ­նե­րը սրտցա­ւօ­րէն քննդա­տող, ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան եւ ինք­նա­մաքր­ման յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ կանգ­նող եւ, մա­նա­ւա՛նդ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տա­նի վա­ղո­ւան պայ­ծառ օ­րո­ւան հա­ւա­տա­ցող ու պայ­քա­րող հաս­տա­տա­կամ ՀԱՅն է ­Թու­մա­նեան։
— ­Հա­յոց աշ­խար­հի բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րով ու հայ ժո­ղո­վուր­դի տոհ­միկ բար­քե­րով գի­նով­ցած ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ գրողն է ­Թու­մա­նեան, որ այդ բո­լո­րին հան­ճա­րեղ եր­գի­չը դառ­նա­լով՝ ան­մա­հա­ցաւ ու ի­րեն հետ ան­մա­հա­ցուց ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը։
— ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին զար­թօն­քին եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին անձ­նո­ւէր ԴՐՕՇԱԿԻՐն է ­Թու­մա­նեան՝ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեամբ ու մտա­ծո­ղու­թեամբ, հա­ւա­տա­ւոր ջա­տա­գո­վը դառ­նա­լով ինչ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը վա­րա­կած ան­բու­ժե­լի ռու­սա­սի­րու­թեան, նոյն­պէս եւ վրա­ցի ու թուրք-թա­թար հա­րե­ւան­նե­րուն հետ ան­կեղծ բա­րե­կա­մու­թեան։
Այս բո­լո­րին ինք­նա­տիպ եւ ճա­ռա­գայ­թող հա­մադ­րու­մը մարմ­նա­ւո­րեց եւ շնչա­ւո­րեց ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան։
­Բազ­մա­զա­ւակ իր ըն­տա­նի­քով եւ նա­հա­պե­տա­կան նիս­տու­կա­ցով՝ ար­ժա­նա­ցաւ հա­յոց նոր դա­րաշր­ջա­նի ժո­ղովր­դա­յին բա­նաս­տեղ­ծի ար­դար փառ­քին։ Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ իր դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւն­նե­րով, վի­պերգ­նե­րով, հե­քիաթ­նե­րով, ա­ռակ­նե­րով եւ մա­նա­ւանդ խո­րա­խոր­հուրդ քեր­թո­ւած­նե­րով՝ ­Թու­մա­նեան դար­ձաւ ա­մէ­նէն շատ սի­րո­ւած ու կար­դա­ցո­ւած գրող­նե­րէն մէ­կը հայ ի­րա­կա­նու­թեան։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ջեր­մե­ռանդ պա­հա­պա­նի եւ հան­ճա­րեղ վե­րա­նո­րո­գո­ղի իր գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ, նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ իր բնա­կա­րա­նի վեր­նա­յար­կին մէջ հիւ­րըն­կա­լած ա­տե­նի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան սե­րուց­քի «­Վեր­նա­տան հան­դի­պում­նե­րով»՝ ­Թու­մա­նեան 1900ա­կան­նե­րուն ի­րա­գոր­ծեց հո­գե­կան-գա­ղա­փա­րա­կան միաս­նու­թեան ո­գեշն­չող մթնո­լորտ մը, որ մին­չեւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րը կը պահ­պա­նէ օ­րի­նա­կե­լի ա­ւան­դի եւ ներշնչ­ման աղ­բիւ­րի իր այժ­մէա­կա­նու­թիւնն ու թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը։
Երբ ա­տե­նի մե­ծա­պե­տա­կան սադ­րանք­նե­րուն եւ ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան նենգ հա­շիւ­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Անդր­կով­կա­սի գլխա­ւոր ե­րեք ազ­գու­թեանց՝ հա­յե­րուն, վրա­ցի­նե­րուն եւ թա­թար-թուր­քե­րուն մի­ջեւ ա­րիւ­նա­լի ընդ­հա­րում­ներ հրահ­րո­ւե­ցան 1905ին, յատ­կա­պէս ­Թու­մա­նեան բարձ­րա­հա­սակ կանգ­նե­ցաւ հաշ­տա­րար խառն յանձ­նա­խում­բե­րու ա­ռա­ջին դիր­քե­րուն վրայ, ազ­գա­մի­ջեան ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թեան ի սպաս հա­ւա­տա­ւոր աշ­խա­տանք ծա­ւա­լե­լով։
­Կու­սակ­ցա­կա­նի խառ­նո­ւածք չու­նէր ­Թու­մա­նեան եւ միայն կար­ճա­տեւ ան­դա­մակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, ո­րուն ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ու­ղիին հա­ւա­տա­ցող հա­մա­կի­րը մնաց մին­չեւ վերջ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, մտքի եւ գրչի իր ըն­կեր­նե­րուն հետ, 1909ին բանտ նե­տո­ւե­ցաւ ցա­րիզ­մին կող­մէ, որ ձեռ­նա­մուխ ե­ղած էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան «կազ­մա­լու­ծու­մին», հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան շրջա­նին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած հա­կա­ցա­րա­կան պայ­քա­րը սան­ձե­լու զուր քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ։
­Թու­մա­նեան ազ­գա­յին գոր­ծի­չին կեր­պա­րը իր ա­ռա­ւե­լա­գոյն հնչե­ղու­թիւ­նը ստա­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, երբ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կերպ­ման իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ։ ­Յատ­կա­պէս մեծ ե­ղաւ ­Թու­մա­նեա­նի ներդ­րու­մը թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր հայ գաղ­թա­կան­նե­րու պատս­պար­ման, բուժ-ա­պա­հով­ման եւ սննդա­ւոր­ման դժո­ւա­րին գոր­ծին մէջ։ Այդ ժա­մա­նակ էր, որ Ս. Էջ­միած­նի վե­րա­նո­րո­գո­ւած վե­հա­րա­նը գաղ­թա­կան­նե­րուն առ­ջեւ իբ­րեւ պատս­պա­րան բա­նա­լու Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի դժկա­մու­թեան առ ի պա­տաս­խան՝ ­Թու­մա­նեան յայ­տա­րա­րեց, թէ ինքն ալ «Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Բա­նաս­տեղծ»ն­ է եւ, գաղ­թա­կան իր ժո­ղո­վուր­դին տէր կանգ­նե­լու իր այդ կո­չու­մով, բա­նալ տո­ւաւ վե­հա­րա­նը։
­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չին վեր­ջին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ե­ղաւ ­Թիֆ­լի­սէն ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նու­մը 1921ի ­Մար­տին, պոլ­շե­ւիկ­նե­րու խժդժու­թեանց դէմ բռնկած ­Փետ­րո­ւա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, որ­պէս­զի ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի «­Հայ­րե­նի­քի Փրկու­թեան ­Կո­մի­տէ»ին եւ խորհր­դա­յին­նե­րուն մի­ջեւ հաշ­տեց­ման եզ­րեր գտնէ։
Այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը սպա­սո­ւած ար­դիւն­քը չտո­ւաւ, իսկ ­Թու­մա­նեան բռնո­ւե­ցաւ դեղ­նախ­տէ։ Ան­մի­ջա­պէս վի­րա­հատ­ման պէտք է են­թար­կո­ւէր եւ ան ճամ­բայ ե­լաւ դէ­պի ­Մոս­կո­ւա՝ ­Պեր­լին անց­նե­լու եւ հոն մաս­նա­գի­տա­կան գոր­ծո­ղու­թեամբ բու­ժո­ւե­լու հա­մար։ ­Բայց խլիր­դը խոր բոյն դրած էր մէ­ջը եւ հայ գրա­կա­նու­թեան փառ­քը կազ­մող «­Հան­ճա­րեղ ­Լո­ռե­ցին» վախ­ճա­նե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ՝ 1923ի ­Մարտ 23ին։
Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Բա­նաս­տեղ­ծին նո­ւի­րո­ւած իւ­րա­քան­չիւր անդ­րա­դարձ ոչ միայն հա­ղոր­դու­թեան ա­ռիթ է հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­նուն այս զա­ւա­կին ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան եւ շնչա­ւո­րած ար­ժէք­նե­րուն հետ, այ­լեւ ան­պայ­ման գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան խրախ­ճան­քի պահ է, ո­րով­հե­տեւ ­Թու­մա­նեան իր երկ­նած իւ­րա­քան­չիւր տո­ղին մէջ կը խտաց­նէ մեր ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­խառ­նու­թե­նէն, հա­յոց հո­ղին ջեր­մու­թե­նէն եւ հայ հո­գիի կա­խար­դան­քէն լոյս մը, ձայն մը, ե­րանգ մը եւ խաղ մը։
­Թու­մա­նեա­նի ստեղ­ծած աշ­խար­հը բա­նաս­տեղ­ծա­կան վկա­յու­թիւնն է հա­զա­րա­մեակ­նե­րու ու­ղի կտրած, այ­լեւ յա­ւեր­ժի ու­ղե­ւո­րի իր ինք­նա­տիպ դրոշ­մով ողջ մարդ­կու­թիւ­նը ա­ւե­լիով գե­ղեց­կա­ցու­ցած ու հարս­տա­ցու­ցած ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կորն­չե­լի ժա­ռան­գու­թեան։
Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Բա­նաս­տեղ­ծին ծննդեան 150ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած այ­սօ­րո­ւան է­ջը կ’ար­ժէ փա­կել թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ յան­դի­ման ­Թու­մա­նեա­նի երկ­նած բա­նաս­տեղ­ծա­կան վկա­յու­թեամբ ու պատ­գա­մով։ Որ­քան ալ մեր օ­րե­րուն հայ պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ մո­լո­րան­քի մատ­նո­ւին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը «ար­հա­ւիր­քա­կեդ­րոն» հռչա­կեն ու զայն թօ­թա­փե­լու եւ, իբր թէ, «յաղ­թա­հա­րե­լու» կո­չեր ար­ձա­կեն, ­Մեծն ­Թու­մա­նեա­նը 1915ին իր ստեղ­ծած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով հու­նա­ւո­րած է ար­դէն մեր ժո­ղո­վուր­դի ու­ղին, որ­մէ շե­ղե­լու ա­մէն փորձ միայն ինք­նալ­քում է ու դա­տա­պար­տո­ւած ան­փա­ռու­նակ ձա­խո­ղու­թեան։

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԸ

Եփ­րա­տի ա­փին դէ­մու­դէմ ե­կած՝
­Զարկ­ւում էին խիստ, զարկ­ւում ու զար­կում
Ան­նա­հանջ ու քաջ խըմ­բե­րը հա­յի
Եւ քուրդն ու թուր­քը կի­տո­ւած ա­րեն­խում։
Երբ որ յոգ­նե­ցին եր­կար զար­կո­ւե­լուց,
Երբ որ յոգ­նե­ցին բա­զուկ­նե­րը կուռ,
— «­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, ա­սաւ խըմ­բա­պետն ա­րի,
­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, ա­սաւ, բարձ­րա­ցի՛ր շու­տով,
­Բարձ­րա­ցի՛ր ­Հա­յոց բար­ձըր լեռ­նե­րի
Ա­մէ­նից բար­ձըր գա­գաթն ու նա­յի՛ր,
Որ­տե՞ղ է, մի տե՛ս, վեր­ջը թըշ­նա­մու…»։

­Բարձ­րա­ցաւ ջը­լուտ հայ­դու­կը հա­յի,
­Բարձ­րա­ցաւ բար­ձըր գա­գա­թը լե­րան
Ու յոգ­նած ձեռ­քը դը­րեց ճա­կա­տին.
— «­Խըմ­բա­պե՛տ, ա­սաւ, ըն­կեր խըմ­բա­պետ,
­Տես­նում եմ հե­ռու հո­րի­զոն­նե­րը մութ
Եփ­րա­տի դա­լար հո­վիտ­ներն ի վար՝
­Մին­չեւ ­Տավ­րո­սի լեռ­նե­րը կա­պուտ,
­Մին­չեւ մը­շու­շոտ պա­րը ­Պոն­տո­սի,
­Մին­չեւ բարձ­րա­բերձ ժայ­ռե­րը ­Մո­կաց…
­Ծուխ է բարձ­րա­նում ­Մու­շի հո­վի­տից,
­Ծուխ է բարձ­րա­նում ­Սաս­մայ սա­րե­րից,
­Ծուխ է բարձ­րա­նում ­Վա­նայ կող­մե­րից,
­Ծուխ է բարձ­րա­նում Ա­բա­ղա դաշ­տից,
­Կը­րակ է կանգ­նած ­Զէյ­թու­նի վը­րայ…
Ա­մէն կող­մե­րից թըշ­նա­մին գունդ-գունդ
­Շարժ­ւում է մեր դէմ, ու չի ե­րե­ւում,
­Չեմ տես­նում վեր­ջը նը­րա շար­քե­րի…»։

— «­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, ա­սաւ խըմ­բա­պետն այն­ժամ,
­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, ա­սաւ, ետ նա­յիր հա­պա,
Ետ նա­յի՛ր, մի տե՛ս, հա­յե­րը հե­ռո­ւից
­Չե՞ն գա­լիս ար­դեօք մե­զի օգ­նու­թեան…»։

Ու յոգ­նած ձեռ­քը դը­րեց ճա­կա­տին,
­Կըտ­րիճ հայ­դու­կը նա­յեց դէ­պի ետ.
— «­Խըմ­բա­պե՛տ, ա­սաւ, ըն­կեր խըմ­բա­պետ,
­Տես­նում եմ ա­հա, ինչ­պէս ա­փիս մէջ,
­Սեւ ծո­վից մին­չեւ ծո­վը ­Վըր­կա­նայ,
­Մին­չեւ ­Կով­կա­սի պատ­նէ­շը ձիւ­նոտ.
­Գա­լիս են խումբ֊­խումբ հա­յե­րը ճե­պով,
­Գա­լիս են ճե­պով մե­զի օգ­նու­թեան։
Իջ­նում են ­Սիւ­նեաց մութ-մութ սա­րե­րից,
Ել­նում ­Գու­գար­քի խոր-խոր ձո­րե­րից,
­Շի­րա­կի դաշ­տից մին­չեւ Այ­րա­րատ,
Ու ողջ ա­փե­րը Ա­նուշ Ա­րաք­սի
Ան­վերջ տագ­նա­պով ի­րար են անց­նում…

­Գա­լիս են ա­մէն կող­մից ­Կով­կա­սի,
­Գա­լիս են հե­ռո՜ւ, հե­ռու կող­մե­րից,
­Գա­լիս են կա­րօտ պան­դուխտ­ներն ա­մէն,
­Գա­լիս են ցը­րո­ւած տը­ղեր­քը նո­րից,
­Գա­լիս են՝ պար­զած դը­րօշն հայ­րե­նի…»։

— «­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, ա­սաւ խըմ­բա­պե­տը փորձ,
­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, ա­սաւ, սուր աչք ու­նիս դու,
­Նա­յի՛ր դէպ հիւ­սիս, ա­ւե­լի հե­ռու,
­Չի՞ շարժ­ւում ար­դեօք հիւ­սի­սը հը­զօր…»։

Ու նա­յեց հայ­դուկն ա­ւե­լի հե­ռու,
­Նա­յեց սը­րա­տես աչ­քով ար­ծո­ւե­նի։
— «­Խըմ­բա­պե՛տ, ա­սաւ, ըն­կեր խըմ­բա­պետ,
Աչ­քըս չի կըտ­րում՝ որ­տե­ղից մինչ ուր՝
­Շարժ­ւում է, ա­հա, հիւ­սիսն ընդ­հա­նուր.
­Յոր­ձանք է տա­լիս ծո­վըն ռու­սա­կան,
­Յոր­ձանք է տա­լիս ծանր ու ա­հա­ւոր,
­Դէ­պի ա­մէն կողմ — ա­փերն հե­ռա­ւոր.
Եւ, հուր ու շո­գի շըն­չե­լով ուժ­գին,
­Գը­նաց­քը կըտ­րած գը­նաց­քի ե­տեւ,
Ու, գա­լա­րո­ւե­լով հո­վի­տից հո­վիտ,
­Գա­լիս են, ինչ­պէս վի­շապ­ներ սեւ-սեւ…»։

— «­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, կան­չեց խըմ­բա­պետն ա­րի,
­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, կան­չեց, դէ՛ ցած եկ ա­րագ,
Առ հը­րա­ցա­նըդ, դաշտն ի­ջիր շու­տով,
Ի­ջի՛ր ­Սըր­բա­զան ա­փը Եփ­րա­տի.
­Հին պա­տե­րազ­մի վեր­ջին զարկն է սա,
­Հին ոճ­րա­գոր­ծի հո­գե­վարքն է սա…»։

— «­Խըմ­բա­պե՛տ, կան­չեց, ըն­կեր խըմ­բա­պետ,
­Խըմ­բա­պե՛տ, կան­չեց հայ­դու­կը ջա­հել,
­Հա­յոց երկ­նա­հաս լեռ­նե­րի վը­րայ
­Խո՜ր, խորհր­դա­ւոր ձայ­ներ են լսւում.
­Դը­ղըր­դում է խուլ եր­կին­քը վե­րից
Էն ան­հուն, ան­քուն, ան­թիւ ձայ­նե­րից…»։

— «­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, կան­չեց խըմ­բա­պե­տը հին,
­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, կան­չեց, խաչ հա՛ն ե­րե­սիդ.
Էդ կեան­քում տան­ջո­ւած, տան­ջան­քով մե­ռած
Ան­թիւ, ան­հա­մար, ան­բախտ հա­յե­րի
­Հո­գի­ներն են հէգ, որ լաց ու կո­ծով,
Ա­րեան մըր­րի­կով եր­կինք վե­րա­ցան։
­Փո­թոր­կում են դեռ Աստ­ծու ա­ռա­ջին,
­Բո­ղո­քում ան­հուն երկրն­քո­վը մին.
­Նը­րանց բո­ղո­քի աղ­մուկն է ան­լուռ,
­Հաս­նում է ներ­քեւ՝ հա­յի ա­կան­ջին…
­Հէ՜յ, ըն­կե՜ր, ա­սաւ, խաչ հա՛ն ե­րե­սիդ,
Առ հը­րա­ցա­նըդ, դաշտն ի­ջիր շու­տով,
Ի­ջի՛ր ­Սըր­բա­զան ա­փը Եփ­րա­տի,-
­Մեծ տա­ռա­պան­քի վեր­ջին օրն է սա…»։

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՀԵՏ

­Վա­ղուց թէեւ իմ հա­յեաց­քը Ան­յայ­տին է ու հեռ­ւում
Ու իմ սիր­տը իմ մըտ­քի հետ ան­հուն­ներն է թա­փա­ռում,
­Բայց կա­րօ­տով ա­մէն ան­գամ երբ դառ­նում եմ դէ­պի քեզ՝
­Մըղ­կը­տում է սիր­տըս ան­վերջ քո թա­ռան­չից ա­ղե­կէզ,
Ու գաղ­թա­կան զա­ւակ­նե­րիդ լուռ շար­քե­րից ու­ժաս­պառ,
Ե՛ւ գիւ­ղե­րից, ե՛ւ՛ շէ­նե­րից՝ տը­խո՜ւր, դա­տարկ ու խա­ւար,
­Զար­կո­ւա՜ծ հայ­րե­նիք,
­Զըր­կո­ւա՜ծ հայ­րե­նիք։

­Խըռ­նը­ւում են մըտ­քիս հան­դէպ բա­նակ­նե­րը ան­հա­մար,
­Տը­րո­րում են քո ե­րե­սը, քո դաշ­տե­րը ծաղ­կա­վառ,
Ու ջար­դա­րար ոհ­մակ­նե­րը ա­ղա­ղա­կով վայ­րե­նի,
Ա­ւար­նե­րով, ա­ւեր­նե­րով, խըն­ջոյք­նե­րով ա­րիւ­նի,
Որ դար­ձը­րին քեզ մըշ­տա­կան սեւ ու սու­գի մի հո­վիտ,
­Խեղճ ու լալ­կան քո եր­գե­րով, հա­յեացք­նե­րով ան­ժը­պիտ,
Ող­բի՜ հայ­րե­նիք,
Որ­բի՜ հայ­րե­նիք։

­Բայց հին ու նոր քո վեր­քե­րով կանգ­նած ես դու կեն­դա­նի,
­Կանգ­նած խո­հո՜ւն, խոր­հըր­դա­ւոր ճամ­փին նո­րի ու հը­նի.
­Հա­ռա­չան­քով սըր­տի խոր­քից խօսք ես խօ­սում աստ­ծու հետ
Ու խոր­հում ես խո­րին խոր­հուրդ տան­ջանք­նե­րում չա­րա­ղէտ,
­Խոր­հում ես դու էն մեծ խօս­քը, որ տի ա­սես աշ­խարհ­քին
Ու պիտ դառ­նաս էն եր­կի­րը, ուր ձըգ­տում է մեր հո­գին,
­Յոյ­սի՜ հայ­րե­նիք,
­Լոյ­սի՜ հայ­րե­նիք։

Ու պի­տի գայ հա­նուր կեան­քի ար­շա­լոյ­սը վառ հա­գած,
­Հա­զա՜ր-հա­զար լու­սա­պայ­ծառ հո­գի­նե­րով ճա­ռա­գած,
Ու երկ­նա­հաս քո բար­ձուն­քին, Ա­րա­րա­տի սուրբ լան­ջին,
­Կեն­սա­ժը­պիտ իր շո­ղե­րը պի­տի ժըպ­տան ա­ռա­ջին,
Ու պոետ­ներ, որ չեն պըղ­ծել ի­րենց շուր­թերն ա­նէծ­քով,
­Պի­տի գո­վեն քո նոր կեան­քը նոր եր­գե­րով, նոր խօս­քով,
Իմ նո՜ր հայ­րե­նիք,
­Հը­զօ՜ր հայ­րե­նիք…