Որդիս, քեզ ի՞նչ կտակեմ, ի՞նչ կտակեմ, իմ բալիկ,
Որ ինձ յիշես վշտի մէջ, թէ խինդի մէջ քո գալիք.
Գանձեր չունեմ, բայց գանձն ի՞նչ, գանձը լոյսն էր աչքերիս,
Դու ես միակ իմ գանձը, դու ես գանձը գանձերիս։
Քեզ այնպիսի գանձ կ’ուզեմ ես կտակել հայրաբար,
Որ չի կարող կտակել ուրիշ երկրում ոչ մի հայր,¬
Ես քեզ այն եմ կտակում, որին այս մեծ մեր դարում
Փոքրիկ մարդիկ են բանտել ու շղթայել ամպերում.
Քեզ մեր սարն եմ կտակում, որ դուրս բերես սեւ ամպից,
Որ տուն բերես շալակած արդարութեամբ մեր անբիծ,
Ու կը բերես, իմ բալիկ, թէկուզ քո խեղճ թաթիկով
Մեր սարն այս կողմ շուռ կը տաս՝ արդարութեանդ ուժն է ծով.
Ու երբ բերես, իմ բալիկ, սիրտս էլ շիրմից կը հանես,
Կը բարձրանաս ու սիրտս ազատն ի վեր կը տանես
Ու կը թաղես իմ սիրտը ձիւների տակ Մասիսի,
Որ շիրմում էլ՝ դարաւոր հուր կարօտից չմրսի։
Քեզ Մասիսն եմ կտակում, որ դու պահես յաւիտեան,
Որպէս լեզուն մեր հայոց, որպէս սիւնը քո հօր տան:
Մեր սերունդներուն հայրաբար իր պատգամած այս «Կտակ»ը շրթներուն, 33 տարի առաջ, Մարտ 14ի այս օրը, աչքերը առյաւէտ փակեց Յովհաննէս Շիրազ։
Սուգը պատեց հայոց քաղաքամայր Երեւանը։
69 տարեկանին մարմնապէս շիջեցաւ լուսաբաշխ ու յուսաբեր աստղը հայոց աշխարհին։
Շատ ու շատ տարիներ կ’անցնին, հայոց սերունդներ կը յաջորդեն իրարու, բայց հայերէնի թօթովանքով աշխարհին բացուող ամէն հայ մանուկ, անկասկած, Շիրազէն տող մը, սրտայոյզ երգ մը եւ խորախորհուրդ պատգամ մը պիտի շարունակէ մրմնջալ, նաեւ գոռալ՝ յանուն Արդարութեան յաղթանակին եւ Մասիս Սարի տուն վերադարձին։
Այսօր կը լրանայ մահուան 33րդ տարելիցը աւազանի անունով Օննիկ Կարապետեանի, որ լոյս աշխարհ եկաւ Հայոց Արհաւիրքի օրերուն՝ 1915 թուի Սեւ Ապրիլի 27ին, Ախուրեան գետի ափին գտնուող գիւմրեցի Թադէոսի եւ կարսեցի Աստղիկի գիւղական խարխուլ տան մէջ։
Նորածինը հազիւ երեք տարեկան մանուկ էր, երբ որբացաւ հօր կողմէ, որուն թուրք զինուորները սպաննեցին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակելու համար Արեւելահայաստանի վրայ գործուած 1918ի թրքական արշաւանքին ժամանակ։
Թրքական խժդժութեանց հետեւած իրարանցումին մէջ, Օննիկ կորսնցուց մայրը, անպատսպար փողոցները թափառեցաւ՝ հացի եւ օթեւանի կարօտ, մինչեւ որ անտէր լքուած հարիւրաւոր շատ որբերու հետ զինք եւս յանձնեցին Ալեքսանդրապոլի որբանոցին խնամատարութեան։ Դառն ու դաժան մանկութիւն մը անցուց, յաճախակի փախուստ տուաւ որբանոցի ճնշիչ մթնոլորտէն եւ, ինչպէս որ հետագային պիտի գրէր իր ինքնակենսագրութեան մէջ, «որբանոցից շատերն էին փախչում, մեծ մասը դէպի շուկայ, իսկ ես` դէպի Արփաչայի հովիտները` փնտռելու հայրիկիս բոստանը: Եւ մի վայրկեան ծաղիկների ու կակաչների մեջ մոռանում էի, որ որբ եմ…»:
Այդ օրերու իր յուզաշխարհը կը խտացնէ եւ հայ որբերու սիրտը այնքան հարազատօրէն կը բանայ հօր նուիրուած բանաստեղծական հետեւեալ պատկերը՝
«Կը գար հայրս Շիրակի հովերի հետ իրիկուայ,
Կը շողշողար բահն ուսին, սարից ելնող լուսնի պէս…»
Աւելի ուշ, երբ արդէն թեւակոխած էր պատանեկութեան տարիքը, Օննիկ լրիւ հեռացաւ որբանոցէն եւ բառին բուն իմաստով փողոցի կեանք ապրեցաւ, մինչեւ որ այդ ձախորդ օրերուն մէջ յանկարծ փայլեցաւ «ճակատագրական մի սուրբ վայրկեան»: Փողոցը պատահականօրէն հանդիպեցաւ հացը ձեռքին անցորդ խեղճ կնոջ մը: Սոված Օննիկը փորձեց փախցնել կնոջ հացը, բայց կինը բռնեց զինք եւ… սեղմեց կրծքին: Մայրն էր` Աստղիկը, որ վերջապէս գտած էր իր կորուսեալ որդին: Փաղաքշանքով «գիժ-ջան, գիժ» կրկնելով՝ մայրը որդւոյն տարաւ տուն, որ հին ու կիսափուլ խրճիթ մըն էր: Եւ ճակատագրական այդ օրէն, մօր խօսքը սրբութիւն եւ օրէնք եղաւ Օննիկի համար, իսկ մօր գլխաւոր խորհուրդն էր` «Արհեստ սովորիր… արհեստն է մարդուն ոսկէ բիլազուկ»:
Որբութեան եւ չքաւորութեան այդ տարիները ադամանդի պէս կոփեցին տաղանդը ստեղծագործական երկնատուր շնորհներով օժտուած Օննիկի, որ հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու երկնակամարին վրայ անմար աստղի իր տեղը գրաւեց իբրեւ Սիրոյ, Վշտի եւ Հայոց Սրբազան Դատի զգայուն եւ խոհուն երգիչը՝ Յովհաննէս Շիրազ գրչանունով։
Եւ մեր ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութեան՝ Հայասպանութեան դառնագոյն բաժակը նաեւ սեփական կենսափորձով ցմրուր ճաշակած անմահ Շիրազը իր անլռելի բողոքը յղեց ողջ աշխարհին.
Ամենայն սրտով բողոքում եմ ես մարդու անարդար վճիռի համար,
Անիծում եմ ես մարդուն նենգաւոր, որ նա ընտրել է պղծուած ճանապարհ.
Ատում եմ հոգով օրէնքներ շատ-շատ, որ ծանրացել են մարդկանց ուսերին
Եւ ստիպում են կեղծել, քծնուել, գովել անարժան, տգէտ բարքերին:
Ես բողոքում եմ, իրաւունք ունեմ գանգատ գրելու ամբողջ աշխարհին,
Որ հայոց հողը ետ վերադարձուի եւ տրուի պանդուխտ, տառապող հային.
Ես ցանկանում եմ մէկ անգամ տեսնել քարտէզը հայոց անծայր երկրի,
Դրանից յետոյ եթէ մեռնեմ էլ, իմ հոգին ուրախ եւ յաւերժ կ’ապրի:
Ինչո՞ւ է հայը պանդուխտի ցուպով այսօր թափառում ամբողջ աշխարհում,
Օտարի հողում կեղծուած ու տանջուած, հեռու հիւսիսում կամ անապատում.
Ի՞նչ է նա կորցրել Սուդանում կիզիչ, կամ Հնդկաստանում հեռու հեռաւոր,
Ինչո՞ւ է հայը բեկորներ դարձել, նա չունի հանգիստ, նա չունի անդորր:
Խեղճ պանդուխտ հային հող է հարկաւոր, ոչ օտար երկրում, այլ իր սեփական,
Եւ երբ ունենայ նա հողը նորից, դուրս կը շպրտի ցուպն օտարութեան,
Անհուն հրճուանքով կը շտապի հեռուից դէպի Ղարս, իգդիր, Վան կամ Արդահան,
Նորից կը լսուի հորովելը հին, նորից կը ծխայ ծուխը հայկական:
Շիրազ պատանի տարիքէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ, բախտը փորձեց կօշկիկի եւ հիսուածեղէնի արհեստներուն մէջ, բայց շուտով անդրադարձաւ, որ բանաստեղծութիւնն է իր կեանքի բուն եւ միակ ասպարէզը։ Սկսաւ ստեղծագործել 15 տարեկանէն եւ իր առաջին քերթուածները լոյս տեսան Լենինականի (Գիւմրիի խորհրդային անուանումը) հիւսուածեղէնի գործարանին գրական հրատարակութեան էջերուն։
1935ին առանձին հատորով լոյս տեսաւ իր երեխայրիքը՝ «Գարնանամուտ»ը, որ անմիջապէս յափշտակուեցաւ ընթերցողներուն կողմէ եւ արագօրէն մեծ համբաւ ապահովեց քսանամեայ Շիրազին։
Եւ սկսաւ Շիրազի անկասելի վերելքը դէպի հայ քնարերգութեան Մասիս բարձրունքը։
Սիրոյ եւ Վշտի երգերով յատկանշուեցաւ Շիրազի մուտքը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս եւ որքան ժամանակը թաւալեցաւ, այնքան պարզութիւնն ու խոհականութիւնը, գեղարուեստական քնարականութիւնը ու ազգային յուզաշխարհը բիւրեղացան Շիրազի մէջ, որ իբրեւ ինքնուրոյն դպրոց, ԵՐԵՒՈ՜ՅԹ դարձաւ քսաներորդ դարու երկրորդ կէսին՝ հայ գրականութեան վերազարթնումին վրայ իր տիրական դրոշմը դնելով։
Պատահականօրէն չէր, որ «Շիրազը հայ ժողովրդի վշտի դարաւոր մառախուղից ծագած աստղն է» վկայեց վարպետը՝ Աւետիք Իսահակեան։
Իսկ Ուիլեըմ Սարոյեան պարզապէս արժանին կը մատուցանէր Հայուն Սիրտը այդպէ՛ս հարազատօրէն, ջերմութեամբ եւ խորութեամբ աշխարհին առջեւ բացած Շիրազին, երբ կը հաստատէր, թէ «Շիրազ մեծ տաղանդ մըն է: Անիկա մեծ, մեծ անուն ունի՝ մենք շատ կը գնահատենք անոր գոյութիւնը… Շիրազ թանկագին հոգի մըն է, ես շատ կը ցանկանամ լուրեր առնել անոր գրութիւններէն, լսել զանոնք: Ան տաղանդ է, մենք պէտք է հպարտ զգանք՝ մեծ պատիւ համարենք անոր հետ ծանօթ ըլլալը»:
Եւ իրապէս Շիրազ իր կենդանութեան եղաւ ապրող առասպել մը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Առաջին հերթին՝ քաղաքամայր Երեւանի համար, ուր գրեթէ ամէնօրեայ իր գրական հաւաքները կ’ունենար փողոցը՝ Աբովեան, Ամիրեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկներուն, իր երկրպագուներու հետ հանդիպումներով։ Ապա եւ մանաւանդ՝ ամէնուր սփռուած հայաշխարհի բոլոր ափերուն, ուր հայութեան նորահաս սերունդները իր բանաստեղծութիւններով երգեցին Սէրը, Հայոց Վիշտը, Մօր պաշտամունքը եւ, մանաւանդ, Հայկական Հարցը արդար լուծման արժանացնելու պահանջատիրական պայքարը։
Հայաշունչ մթնոլորտի մէջ կազմաւորուած ո՞ր հայը, այսօր, կրնայ մտահան ընել իր պատանեկութեան սորված եւ արտասանած Շիրազի միեւնոյն «Ամենայն Սրտով»ի պայքարի հրաւէրը, որ ամբողջ ազգային զարթօնքի մը նշանաբանը դարձաւ՝
Օտարի ձեռքից հինգ հարիւր տարուայ հողերը այսօր ետ են գրաւում,
Օրէնք է, ու մենք էլ ասում, որ հողը տիրոջն է միայն պատկանում.
Բայց ինչի՞ խօսել ուրիշի մասին եւ միշտ մոռանալ ցաւը սեփական,
Ինչո՞ւ վաստակել, որ ուրիշն ուտի, մոռանալ քաղցը հարազատ մանկան:
Ո՛չ, բաւական է, չպէտք է լռել. երազել քիչ է, պէտք է պայքարել,
Քառասուն տարին դեռ նոր է անցել, հայոց հողերը պէտք է պահանջել.
Քարտէզի վրայ դեռ շատ անուններ մինչեւ օրս էլ հինն են մնացել,
Նոյնն են մնացել քաղաքներ, գիւղեր, շէներ ու գետեր եւ հին ամրոցներ:
Սահմանին թիկնած Արարատն է սէգ, իրեն լանջերով, զմրուխտ կուսական.
Արարատն է սիմպոլը հայոց, միշտ թովչանքով լի, քաղցր մայրական.
Իսկ այն կողմ հեռւում, Պինկէօլն է լքոած, սգուորի նման, սեւ ամպերի մէջ,
Վանայ եւ Նազիկ լճերն են նիրհում, Աղթամարն է մեր արտասւում անվերջ:
Այս բոլորը դուք տեսնում էք հայեր եւ այն թողել էք բախտի պատմութեան,
Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում. ա՛յս է մեզ ասում կեանքը այժմեան.
Պէտք է պայքարել, պէտք է պայքարել եւ պէտք չէ սոսկալ մահից սեփական,
Մահուան գնով էլ պարտաւոր ենք մենք միացեալ տեսնել հողը հայկական:
Սիրոյ, Ցաւի եւ Պայքարի այսպիսի՛ սրտաբուխ երգերով ու պատգամով իր անցողիկ կեանքը իմաստաւորեց անզուգական Շիրազը, որ մինչեւ իր վախճանը՝ 1984 թուականի Մարտ 14ը, կանգուն մնաց պատնէշի վրայ եւ անմահութեան իր գահը նուաճեց մեր ժողովուրդի սրտին մէջ։
Եւ յաւերժին յանձնեց երգը Հայաստանի ու հայութեան.-
Դարերն ինչքան քեզ թաղեցին՝ դու ծլեցիր, ինչպէս ցորեն,
— Դու իմ գողտրիկ հայ ժողովուրդ, պիտի ծաղկես յաւերժօրէն։
Պիտի ծաղկես, պիտի պտղես, քանզի դու տունկն ես Աստըծու։