Մարտ 23ի այս օրը համայն հայութիւնը կ՚ոգեկոչէ մահուան 94րդ տարելիցը Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի։
54 տարեկան էր հայ գրականութեան «Հանճարեղ Լոռեցին» (ինչպէս որ իր կարգին հանճարեղ Չարենց հռչակած է Թումանեանին), երբ դեղնախտի խլիրդը ապաժամ խլեց կեանքը հայ ժողովուրդի բացառիկ այս ծնունդին։
Լոռեցի էր Թադէոս Թումանեանի որդի Յովհաննէսը։ Ծնած էր 19 Փետրուար 1869ին, Դսեղ գիւղը, հոգեւորական ընտանիքի յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, յաճախած էր Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1883ին անցած էր Թիֆլիս, «Ներսիսեան» Ճեմարանի մէջ ուսումը շարունակելու համար։ Սակայն նիւթական ծանր պայմաններու ճնշումին տակ, 1887ին ակամայ լքած էր դպրոցը եւ նետուած կեանքի ասպարէզ՝ աշխատանք գտնելով նախ Թիֆլիսի հայոց Դատաստանական Խորհուրդի, ապա՝ Հայ Հրատարակչական Միութեան գրասենեակներուն մէջ։
Ամենայն հայոց բանաստեղծին կազմաւորման շրջանը յատկորոշող կենսագրական այս ուրուագծային տեղեկանքի պաստառին վրայ իրենց տեղն ու նշանակութիւնը կը գտնեն Յովհաննէս Թումանեան մարդուն, հայուն, գրողին եւ ազգային-հասարակական գործիչին տիրական յատկանիշները.
— Անսահման բարութեամբ եւ միշտ լաւատեսութեամբ՝ անհուն ժպիտով կեանքին նայող մեծոգի մարդն է Թումանեան։
— Սեփական ազգի բազմաչարչար պատմութեամբ տառապող, հայու սեփական սխալները սրտցաւօրէն քննդատող, ինքնաքննադատութեան եւ ինքնամաքրման յառաջապահ դիրքերուն վրայ կանգնող եւ, մանաւա՛նդ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի վաղուան պայծառ օրուան հաւատացող ու պայքարող հաստատակամ հայն է Թումանեան։
— Հայոց աշխարհի բնական գեղեցկութիւններով ու հայ ժողովուրդի տոհմիկ բարքերով գինովցած գրողն է Թումանեան, որ այդ բոլորին հանճարեղ երգիչը դառնալով՝ անմահացաւ ու իրեն հետ անմահացուց Հայաստանն ու հայութիւնը։
— Հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ ազատագրական պայքարին անձնուէր դրօշակիրներէն է Թումանեան՝ ազգային-հասարակական իր գործունէութեամբ ու մտածողութեամբ, հաւատաւոր ջատագովը դառնալով ինչպէս հայ ժողովուրդի անբուժելի ռուսասիրութեան, նոյնպէս եւ վրացի ու թուրք-թաթար հարեւաններուն հետ անկեղծ բարեկամութեան։
Այս բոլորին ինքնատիպ եւ ճառագայթող համադրումը մարմնաւորող հայկական մեծութիւնն է Յովհաննէս Թումանեան։
Բազմազաւակ իր ընտանիքով եւ նահապետական նիստուկացով՝ Թումանեան արժանացաւ հայոց նոր դարաշրջանի ժողովրդային բանաստեղծի արդար փառքին։ Եւ պատահական չէ, որ իր դիւցազներգութեամբ, վիպերգներով, հեքիաթներով եւ առակներով Թումանեան դարձաւ ամէնէն շատ սիրուած ու կարդացուած գրողներէն մէկը հայ իրականութեան։
Հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան հանճարեղ վերանորոգողի եւ ջերմեռանդ պահապանի իր գրական ստեղծագործութեամբ, նաեւ ու մանաւա՛նդ՝ իր վերնայարկ բնակարանին մէջ հիւրընկալած ատենի հայ լաւագոյն մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպումներով», Թումանեան 1900ականներուն իրագործեց հոգեկան-գաղափարական միասնութեան ոգեշնչող մթնոլորտ մը, որ մինչեւ մեր ժամանակները կը պահպանէ օրինակելի աւանդի եւ ներշնչման աղբիւրի իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը։
Երբ մեծապետական սադրանքներու եւ ծաւալապաշտական նենգ հաշիւներու հետեւանքով Անդրկովկասի գլխաւոր երեք ազգութեանց՝ հայերուն, վրացիներուն եւ թաթար-թուրքերուն միջեւ արիւնալի ընդհարումներ հրահրուեցան 1905ին, յատկապէս Թումանեան բարձրահասակ կանգնեցաւ հաշտարար խառն յանձնախումբերու առաջին դիրքերուն վրայ, ազգամիջեան ներքին համերաշխութեան ի սպաս հաւատաւոր աշխատանք ծաւալելով։
Կուսակցականի խառնուածք չունէր Թումանեան եւ միայն կարճատեւ անդամակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան, որուն ազգային-գաղափարական ուղիին հաւատացող համակիրը մնաց մինչեւ վերջ։ Այդ պատճառով ալ, մտքի եւ գրչի իր ընկերներուն հետ, 1909ին բանտ նետուեցաւ Ցարական բռնատիրութեան կողմէ, որ ձեռնամուխ եղած էր Դաշնակցութեան «կազմալուծումին», համառուսական առաջին յեղափոխութեան շրջանին Դաշնակցութեան ծաւալած հակացարական գործունէութեան առ ի պատասխան։
Թումանեան ազգային գործիչին կերպարը իր առաւելագոյն հնչեղութիւնը ստացաւ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպման իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ։ Յատկապէս մեծ եղաւ Թումանեանի ներդրումը թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւր-հազարաւոր հայ գաղթականներու պատսպարման, բուժման եւ սննդաւորման դժուարին գործին մէջ։ Այդ ժամանակ էր, որ Ս. Էջմիածնի վերանորոգուած վեհարանը գաղթականներուն առջեւ իբրեւ պատսպարան բանալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դժկամութեան առ ի պատասխան՝ Թումանեան յայտարարեց, թէ ինքն ալ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»ն է եւ, այդ իրաւունքով, բանալ տուաւ վեհարանը։
Յուշատետրի սիւնակը նեղ է՝ սպառիչ արժեւորումը կատարելու համար Յովհաննէս Թումանեան ԵՐԵՒՈՅԹին։ Բայց անպայման պէտք է աւելցնել ուրուագծային այս նշումներուն վրայ, որ ռուսասիրութիւնը ազգային խոր արմատներ ունեցող արեւելում էր Թումանեանի համար։ Ոչ միայն գրական-մշակութային կապերով, այլեւ՝ «Հիւսիսի աստղ»ին մեծ յոյսերով սպասող հայ ժողովուրդին հոգեխառնութեամբ Թումանեան միշտ քարոզեց եւ գործեց ռուս ժողովուրդին հետ բարեկամութեան եւ զինակցութեան օգտին։
Այդ ճամբով ալ, Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Թիֆլիս մնալով եւ Ազգային Խորհուրդի ճամբով իր գործունէութիւնը շարունակելով, Թումանեան ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի հայեւռուս բարեկամութիւնը հեռու պահէ հակադրութեան եւ թշնամանքի որոգայթներէն։
Այս առումով Թումանեանի վերջին առաքելութիւնը եղաւ Հայաստան ժամանումը 1921ի Մարտին, պոլշեւիկներու խժդժութեանց դէմ Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութենէն անմիջապէս ետք, որպէսզի Սիմոն Վրացեանի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ»ին եւ խորհրդայիններուն միջեւ հաշտեցման եզրեր գտնէ։
Այդ առաքելութիւնը սպասուած արդիւնքը չտուաւ, իսկ Թումանեան բռնուեցաւ դեղնախտէ։ Անմիջապէս վիրահատման պէտք է ենթարկուէր եւ ան ճամբայ ելաւ դէպի Մոսկուա՝ Պերլին անցնելու եւ հոն մասնագիտական գործողութեամբ բուժուելու համար։ Բայց խլիրդը խոր բոյն դրած էր մէջը եւ հայ գրականութեան փառքը կազմող «Հանճարեղ Լոռեցին» վախճանեցաւ Մոսկուայի մէջ՝ 1923ի Մարտ 23ին։
94 տարի առաջ Մարտ 23ի այս օրը, Ամենայն Հայոց Բանաստեղծը իր վերջին հրաժեշտը տուաւ անցաւոր այս կեանքին, բայց երբեք չհեռացաւ հայ ժողովուրդի մտքէն ու սրտէն՝ ամէն քայլափոխի բան մը յուշելով եւ շունչ մը ոգեւորելով հայոց հարուստ աշխարհէն, «ՀԱՅՈՑ ԼԵՌՆԵՐՈՒՄ» թեւածող հայ վառ ոգիով.-
Մեր ճամբէն խաւար, մեր ճամբէն գիշեր,
Ու մենք անհատնում
էն անլոյս մըթնում
Երկա՜ր դարերով գընում ենք դէպ վեր
Հայոց լեռներում,
Դըժար լեռներում։
Տանում ենք հընուց մեր գանձերն անգին,
Մեր գանձերը ծով,
Ինչ որ դարերով
Երկնել է, ծընել մեր խորունկ հոգին
Հայոց լեռներում,
Բարձըր լեռներում։
Բայց քանի անգամ շէկ անապատի
Օրդուները սեւ
Իրարու ետեւ
Եկա՜ն զարկեցին մեր քարվանն ազնիւ
Հայոց լեռներում,
Արնոտ լեռներում։
Ու մեր քարվանը շըփոթ, սոսկահար,
Թալանուած, ջարդուած
Ու հատուած-հատուած
Տանում է իրեն վէրքերն անհամար
Հայոց լեռներում,
Սուգի լեռներում։
Ու մեր աչքերը նայում են կարօտ՝
Հեռու աստղերին,
Երկընքի ծէրին,
Թէ ե՞րբ կը բացուի պայծառ առաւօտ՝
Հայոց լեռներում,
Կանաչ լեռներում։
1902