Հետեւելով մեծ թիւով եւրոպական երկիրներու մայր ճամբաներու փակման նախաձեռնութիւնները, Թրակիոյ հայութիւնը, Երկուշաբթի՝ 19 Հոկտեմբերի կանուխ առաւօտուն, ինքնաշարժերու հսկայ շարասիւն կազմած ուղղուեցաւ դէպի Էվրոսի յոյն-թրքական սահմանները, խորհրդանշականօրէն փակելու համար «Քիփոն» անցքի մաքսատան շրջակայքը եւ Թուրքիայէն դէպի Յունաստան ուղղութիւն ունեցող ճամբան։ Սահմաններուն վրայ հաւաքուած հայերը պաստառներ եւ դրօշակներ բարձրացուցին, մինչ արտասանուած լոզունգներով պահանջեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի անմիջական կասեցումը։ Ցուցարարները կանգնեցան սահմաններուն վրայ տեղակայուած փշաթելերու երկայնքին եւ Հայաստանի ու Արցախի դրօշները ծածանելով՝ լոզունգներ բացագանչեցին։ Սահմաններու խորհրդանշական փակումը տեւեց մօտ 3 ժամ։