Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, յոյն երեսփոխան Սթելիոս Քիմպուրոփուլոս Ատրպէյճանէն պահանջեց հայ ռազմագերիներու անմիջական վերադարձը՝ միջազգային կանոններուն հիման վրայ։
Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, եւրոերեսփոխանը կը նշէ.
«2020-ի ընթացքին, Ատրպէյճանի պատասխանատուութեամբ կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծման համար Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խումբի երկխօսութեան ընթացքը։ Պատերազմի հրահրումը պատճառ դարձաւ համատարած բռնութեան ծաւալումին, որուն զոհ գացին բազմաթիւ քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ՝ մահմետական վարձկաններու ներկայութեան, որոնք ղրկուեցան Թուրքիոյ անմիջական օգնութեամբ»։
Երեսփոխանը շեշտեց, որ հրադադարը յատկանշուեցաւ հայ ռազմագերիներու նուաստացումով եւ մինչեւ այսօր բազմաթիւ արգելքներ դրուած են անոնց վերադարձին առջեւ։ Նաեւ, մեծ թիւով հայկական մշակութային եւ կրօնական կոթողներ ոչնչացած են ատրպէյճանցիներու գրաւումին տակ գտնուող տարածքներուն մէջ։ «Եւրոպական Միութիւնը բացարձակապէս անպատրաստ գտնուեցաւ հակազդելու Թուրքիոյ ու իր դաշնակիցներու նորօսմանական նկրտումներուն», մատնանշեց Սթելիոս Քիմպուրոփուլոս։
«Եւրոպական Միութիւնը պարտաւոր է գէթ հիմա ցոյց տալ իր վճռականութիւնը, յաջողելով հայ գերիներու շուտափոյթ վերադարձը եւ միջազգային կանոններու հիման վրայ` Ատրպէյճանի դրսեւորած բռնութեան կանգնումը։
Միջազգային գետնի վրայ, Եւրոպական Միութիւնը հանդիսացած է հակամարտութիւններու լուծման լուսաւոր օրինակը եւ մենք պարտաւոր ենք տարածել այդ տիպարը»։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստան Յոյն եւրոերեսփոխանը կը պահանջէ Ատրպէյճանէն հայ գերիներու անմիջական վերադարձը