­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Եւ­րո­պա­կան հա­մարկ­ման հար­ցե­րու մնա­յուն յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­ման Ե­ղո­յեան եւ աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար-ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար ­Վա­հան ­Նա­րի­բե­կեան Ա­թէն­քի մէջ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան եւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մնա­յուն յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Քոնս­թան­թի­նոս ­Կիւ­լե­քա­սի հետ քննար­կե­ցին  Ար­ցա­խի մէջ եւ Ար­ցա­խի շուրջ ստեղ­ծո­ւած ի­րադ­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ներ­կայ ան­կա­յուն ի­րա­վի­ճա­կը: ­Յոյն պատ­գա­մա­ւո­րը կա­րե­ւոր նկա­տեց մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման հիմ­նա­հար­ցը, դա­տա­պար­տեց հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու` մինչ օրս Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ գտնուե­լու հան­գա­ման­քը եւ այդ պա­րու­նա­կին մէջ շեշ­տեց մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հա­մար­ժէք ար­ձա­գան­գի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:­Կող­մե­րը անդ­րա­դար­ձան հայ-յու­նա­կան ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պատ­մա­կան ըն­թաց­քին եւ յայտ­նե­ցին, թէ հա­մո­զո­ւած են, որ եղ­բայ­րա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րը հետզհե­տէ ա­ւե­լի կը խո­րա­նան:Զ­րու­ցա­կից­նե­րը խօ­սե­ցան նաեւ ­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի, ա­նոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան ու նե­րու­ժին մա­սին:­Հան­դի­պու­մին ներ­կայ ե­ղաւ եւ խօսք ա­ռաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան: