Թերթիս ընթերցողներէն, նախկին յունահայ եւ այժմ պրազիլիահայ Վարդինէ Գալայճեան կը տեղեկացնէ մեզ, թէ Պրազիլիոյ Սաօ Փաոլօ քաղաքին մէջ, 25 Ապրիլին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի առթիւ ոգեկոչական ելոյթներուն, ներկայ եղած են նաեւ Սաօ Փաոլոյի մէջ Յունաստանի հիւպատոս Սթիլիանոս Խուրմուզիատիս եւ տեղական յունական համայնքի նախագահ Սթաւրոս Քիրիոփուլոս։
Անոնք նախապէս մասնակցած են քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով մատուցուած պատարագին, ապա ներկայ եղած են եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցած ոգեկոչական ելոյթին ու ծաղիկներ խոնարհած են։
Ցեղասպանութեան յիշատակի ելոյթներուն առիթով, յոյն հիւպատոսը եւ յունական համայնքի նախագահը հեռատեսիլի հայկական «Քոնեքսաօ Արմենիա» յայտագիրին հարցազրոյց մը տալով՝ խօսած են Հայոց եւ պոնտացիներու ցեղասպանութիւններուն մասին։ Անոնք նաեւ զուգահեռ գիծեր քաշած են Արցախի հիմնախնդիրի եւ Կիպրոսի հարցին վրայ։ Նշենք նաեւ, որ Պրազիլիոյ յունական համայնքի «Հելենիքա» կայքէջին վրայ լոյս տեսած է լայն լրատուութիւն, անդրադառնալով յունական մասնակցութեան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական ելոյթներուն եւ ընդգծելով երկու բարեկամ ժողովուրդներու հասարակաց ողբերգութիւններն ու նուաճումները։