ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Յոբելինական հեւքոտ իրադարձութիւններու տարի մը կը թեւակոխենք: Մայիս 28ի Հայաստանի անկախութեան հռչակման ու պետականութեան կառուցման 100ամեակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100ամեակ, Համազգայինի 90ամեակ, Ղարաբաղեան Շարժումի 30ամեակ:
Ինչի՞ կը միտի յոբելինականներու այս հեւքոտ խաչաձեւումը, քանի որ յոբելինական նշանակալից թուականի մը հռչակումը առհասարակ կը նպատակադրէ լուսարձակը բանալ, մարդոց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել յոբելեար կազմակերպութեան վաստակին ու առաջիկայ ծրագիրներուն վրայ եւ անոնցմով դրոշմել հանրութիւնը՝ տարուան մը կտրուածքով: Ներկայ պարագային, ամեակներու զուգադիպութեան այս շարանին մէջ, հասարակութեան սեւեռումը պիտի կեդրոնանայ իր տարողութեա՛մբն ու պատմակշիռ ծանրութեա՛մբը ըստ ամենայնի անբաղդատելի եւ է՛ապէս ազգային մեր մեծագոյն տօնին՝ անկախութեան նուաճման 100ամեակին վրայ, իսկ միւսները պէտք է նկատել անոր իտէալներէն ներշնչուող, այդ իտէալները տարածող եւ ամրացնող ածանցեալ գործօններ:
Դաշնակցականի մը փոքր ու ներելի փառասիրութիւնը թոյլ կու տայ արձանագրելու, որ Հ.Մ.Ը.Մ. ու Համազգային՝ հիմնադրութեան թուականէն սկսեալ՝ 9-10 տասնամեակներու վրայ ծաւալած իրենց գործունէութիւնը կենսաւորեցին անցեալին, ինչպէս ներկայիս ալ կը վայելեն հայ զանգուածներու անվերապահ վստահութիւնը՝ շնորհիւ Դաշնակցութեան, որուն բազմամակարդակ օրակարգին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու Համազգայինին կարեւոր տեղ յատկացուած է արդէն եւ որ զանոնք կը նկատէ իր մարզական եւ մշակութային թեւերը: Կը զօրակցի անոնց գործնապէս՝ մարդուժով ու բարոյական նեցուկով: Ամէն աջակցութիւն կու տայ անոնց, որպէսզի արժանաւորապէս տէր դառնան հայ կեանքի մէջ իրենց վիճակուած առաքելութեան:
Գալով Ղարաբաղեան Շարժումի 30ամեակին, դաշնակցականի փոքր այդ փառասիրութիւնը նոյնպէս իրաւունք կու տայ ըսելու, որ անկախ հանրապետութեան (1918-1920) շրջանին, հակառակ տիրող խառնաշփոթ պայմաններու դժուարութեանց, Դաշնակցութիւնը պահանջատէր եղաւ, որ Ղարաբաղը Հայաստանին անբաժան մասը կազմէ եւ անզիջող մնաց իր այդ պահանջքին մէջ: Հետագային, համայնավար վարչակարգի տարիներուն եւ մինչեւ 1988, այդ պահանջքը մշտապէս արծարծ պահողը, բարձրաձայնողը եւ սփիւռքի սերունդը անով վարակողը ի՚նքն էր՝ Հ.Յ.Դ.ը: Եւ երբ Ղարաբաղեան համաժողովրդային պոռթկումը զինեալ բախումներու յանգեցաւ, ի՚նքն էր դարձեալ, որ առաջին օրերէն կռուողներուն օգնութեան հասաւ զէնքով ու անմնացորդ նուիրուող ազատամարտիկներով:
Պատահական չէ, որ այդ թէժ տարիներուն, նախագահութեան դաշնակցական թեկնածուն՝ եղերաբախտ Արթիւր Մկրտիչեան նախագահ ընտրուեցաւ Արցախի նորակազմ Ազգային Խորհուրդին կողմէ:
Եւ հիմա՝ 100ամեակը 1918ի, որու իրագործումը, իր եզակի տարողութեամբ, մեծագործութիւն մըն է, որու նմանը չկայ մեր պատմութեան մէջ:
Թագաւորական անկախ ժամանակաշրջաններ, հերոսական հրաշապատումներ, կայսերական տարածումներ, նոյնիսկ օտար հողի վրայ՝ հզօր Բիւզանդիոնէն Կիլիկիան խլելով հոն պետութիւն հաստատելու խիզախութիւնը ունեցած ենք անշուշտ, բայց 1918ի պետականութեան շնորհիւ էր, որ հայկական անդիմագիծ հասարակութիւնը մուտք գործեց ժամանակակից քաղաքակրթական դարպասէն ներս, պաշտօնապէս ու միջազգայնօրէն ճանաչում ստացաւ ան՝ իբրեւ ազգային ինքնուրոյն միաւոր եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով եւ անշրջելի կնիքով կերտուեցաւ հայ քաղաքացին:
Սարդարապատէն մինչեւ հայրենիքի համայնավարացում ու յատկապէս անկէ ետք, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ կեանքի հպարտառիթ ու տխուր իրադարձութեանց մասին լաւ ու վատ շատ բան ըսուած-գրուած է ու բացառուած չէ, որ տակաւին շատ բան ըսուի ու գրուի: Որեւէ պարագայի սակայն, կարելի չէ ուրանալ, որ 1918ին սահմանագծուցաւ հայրենիքի այն փոքր շերտը, զոր ունինք: Կարելի չէ ուրանալ, որ այդ թուականէն՝ հայ մարդը հոգիով ու մտածողութեամբ հիմնովին փոխուեցաւ, անոր մէջ ամրապնդուեցան հայրենիքի ու անկախութեան գաղափարը եւ իրաւունքի գիտակցութիւնը…:
Եւ մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը, Դաշնակցութեան ներշնչումով ու առաջնորդութեամբն էր միայն, որ ուղեկից-գործակից կազմակերպութիւններ եւ ազատատենչ հայ զանգուածներ յամառօրէն կառչած մնացին անկախութեան գաղափարին, պանծացուցին տօնը, վառ պահեցին եռագոյնին փառքը եւ անոնցմով խորհրդանշուած հպարտութիւնն ու ձգտումները ներարկեցին յաջորդական սերունդներու հոգիներուն մէջ: Այդ կառչածութիւնն էր, որ յատկապէս սփիւռքի սերունդը եւ անուղղակի՝ հայրենաբնակ հայութիւնը փրկեց գնչուի հոգեբանութեամբ անհեռանկար կեանք ապրելու դժբախտ ճակատագրէն: Եւ իբրեւ անհեթեթ հակադարձութիւն այդ կառչածութեան, թէ՚ Հայաստանի համայնավար իշխանութիւնները, թէ՚ անոնց ձայնակցող սփիւռքեան որոշ հատուածներ, նոյնքան անհեթեթ մերժումով ազգային այս մեծագոյն իրագործումը Դաշնակցութեան սեփականութիւնը համարեցին: Մինչդեռ ան երբեւիցէ՝ ո՛չ կուսակցական շրջանակի մէջ եւ ոչ ալ հանրութեան առջեւ սեփականացուցած է տօնը: Միշտ յայտարարած է, թէ անիկա ամբողջ հայութեան մեծագործութիւնն է, հակառակ պատմականօրէն հաստատուած այն իրողութեան, որ անկախութեան հռչակումին եւ պետականութեան կառուցման ազգակերտ գործին մղիչ ուժն ու գլխաւոր դերակատարը ի՛նք եղած ըլլայ:
Ինչո՞ւ այսքան կառչածութիւն պետականութեան ու անկախութեան գաղափարին: Պարզապէս անոր համար, որ ազգի կազմակերպուածութեան գերագոյն մակարդակն է, վերջնագոյն հանգրուանն է անկախ պետականութիւնը, որ ամենալայն իմաստով պիտի ապահովէ սեփական ժողովուրդին կեանքը: Պիտի ապահովէ հայրենիքի սահմանները, երկրի զարգացման առաջընթացն ու տնտեսական աճը: Պիտի ապահովէ քաղաքացիներուն բարօրութիւնը, արդարութեան ու իրաւունքի գերակայութիւնը: կարճ՝ պիտի ապահովէ ու ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը, որ փոխադարձաբար կ՚ապահովէ պետութեան ամրացումը: Պետութիւնը եթէ չհետամտի ասոնց իրացման, կ՚օտարուի ժողովուրդէն եւ կը վերածուի պերճանքի՝ իշխանաւորներուն քմայքները բաւարարող եւ անոնց կողմէ շահագործուող:
Հայաստանի վերանկախացումը հայրենաբնակ թէ սփիւռքի հայ մարդուն շնորհեց աննախընթաց ցնծութիւն՝ ոգեւորելով, որ ան պիտի իրականացնէ մեր անկատար տենչերը: Եւ իրապէս ալ, առաջին տարիներուն «արութեան մեծ գործեր կատարուեցան՝ արժանի գրի ու յիշատակութեան…»: Սակայն «արութեան» գործերու երկունքէն ետք՝ վերելքին յաջորդեցին վայրէջքն ու յուսախաբութիւնը: Ոչ ոքի մտքէն կ՚անցնէր, թէ պետութեան ղեկին վրայ՝ իշխանաւորներու ընչաքաղցութիւնն ու ապիկարութիւնը պատճառ պիտի դառնային, որ երկիրը գալարուէր համատարած խաթարուածութեան մէջ, բնակչութիւնը օտարուէր սեփական պետութենէն, ազգի հոգեկերտուածքը դարերով յաւերժացնող գաղափարներու վեհութիւնը տժգունէր ու ծայր առնէր արտագաղթի անհակակշիռ հոսանք մը:
Պարզամիտ մարդոց մտքերուն մէջ ակամայ հարց կը ծագի, թէ անկախութիւնն ու պետութի՞ւնն են ստեղծուած կացութեան պատճառը: Պատասխանը միանշանակ է, շեշտ ու գլխագիր՝ Ո՚Չ: Շատ հին տարիներէն, 5րդ դարէն մեր մատենագիրը յստակացուցած է, թէ երկաթը կարելի է գործածել բարի կամ չար նպատակներու: Երկու պարագաներուն ալ դերակատարը օգտագործող մա՛րդն է, ոչ թէ օգտագործուող երկաթը…:
Անցնի՛նք:
Վերանկախացումին՝ արութեան գործերու ազդանշանը սկիզբէն տրուեցաւ, երբ վճռականօրէն յայտարարուցաւ, որ ազգային ներկայ պետութիւնը շարունակութիւնն է 1918ին հիմնադրուած հանրապետութեան եւ միաժամանակ որդեգրուեցան անոր խորհրդանիշները՝ դրօշը, ոգերգը, զինանշանը: (Հակառակ որոշ շրջանակներու կռկռոցին ու ընդդիմութեան):
Եւ ներկայիս, Հայաստանի մէջ կազմուած է արդէն կառավարական յանձնաժողով, որպէսզի արժանաւոր տօնակատարութիւններով պանծացուի 1918ի փառքն ու 100ամեակը:
Համազգային ակնկալութիւն պիտի ըլլայ, որ այդ տօնակատարութիւնները մեծագործութեան մը 100ամեակը նշելու արարողակարգային ընթացիկին մէջ չսահմանափակուին, այլ իրապէս անոնք նշանակեն 1918ի նպատակները վերակենդանացնելու, անոր ձգտումներով առաջնորդուելու, անոր ոգիով նոր սկիզբ մը դնելու յանձառութիւն:
Ա՛յս է արդէն յոբելեանական տարի հռչակելու իմաստը:
Համազգային ակնկալութիւն է, որ չկասի արութեան գործը:
Կասկած չկայ, որ 100ամեակը հայօճախներու մէջ եւս արժանաւորապէս, փառքով ու պատիւով պիտի պանծացուի, հոգիները պիտի լեցուին յուզումի ալիքներով ու հպարտութեամբ: Ոգեշունչ ճառեր ալ պիտի արտասանուին ու լսուին: Բայց այդ բոլորը պիտի խթանե՞ն, որ սփիւռքը իր վրայէն թօթափէ կամակոր կրաւորականութիւնը եւ վերագտնէ՛, վերակենդանացնէ՛ քաղաքական իր ջիղն ու պայքարունակութիւնը:
Քաղաքական ամուր ջիղ եւ պայքարունակութի՜ւն. հի՛մքը՝ դաշնակցական դաստիարակութեան:
Աթէնք, 1 Յունուար 2018