— Ի՞նչ է կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ­Յի­սու­սի զատ­կա­կան խոր­հուր­դին։
­Յի­սու­սի չար­չա­րանք­նե­րէն, մա­հէն, յա­րու­թե­նէն եւ փա­ռա­ւո­րու­թե­նէն բաղ­կա­ցած զատ­կա­կան խոր­հուր­դը քրիս­տո­նեայ հա­ւատ­քին կեդ­րո­նը կը գրա­ւէ, ո­րով­հե­րեւ Աս­տու­ծոյ փրկչա­կան ծրա­գի­րը Ա­նոր Որ­դիին ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի փրկչա­գործ մա­հով է որ մի ան­գամ ընդ միշտ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ։

— Ի՞նչ են ար­դիւնք­նե­րը խա­չի վրայ Ք­րիս­տո­սի զո­հա­բե­րու­մին։
­Յի­սուս իր կեան­քը ա­զա­տա­կա­մօ­րէն ըն­ծա­յեց իբր քա­ւու­թեան զոհ, այ­սինքն՝ Ան Իր սի­րոյ լման ու ցմահ հնա­զան­դու­թեամբ՝ մեր սխալ­նե­րուն դար­ման ե­ղաւ։ Աս­տո­ւա­ծոր­դիին այս «ի սպար սէր» (­Յով­հան­նէս 13, 1) ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը ­Հօր հետ կը հաշ­տեց­նէ։ ­Յիսո­ւ­սի զատ­կա­կան զոհը բո­լոր մար­դի­կը միակ, կա­տա­րեալ եւ վերջ­նա­կան կեր­պով կը փրկէ եւ մար­դոց ու Աս­տու­ծոյ մի­ջեւ հա­ղոր­դու­թեան ճամ­բան կը բա­նայ։

— ­Յի­սու­սի գե­րեզ­ման դրո­ւած մար­մի­նը ի՞նչ վի­ճա­կի մէջ կը գտնո­ւէր։
­Յի­սուս իս­կա­կան մա­հը ու իս­կա­կան թա­ղու­մը ճան­ցաւ։ ­Բայց աս­տուա­ծա­յին զօ­րու­թիւ­նը Ա­նոր մար­մի­նը ա­պա­կա­նու­թե­նէ զերծ պա­հեց։

— ­Յա­րու­ցեալ ­Յի­սու­սին մար­մի­նը ի՞նչ վի­ճա­կի մէջ է։
Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թիւն առ­նե­լը՝ դէ­պի երկ­րա­ւոր կեանք վե­րա­դարձ մը չէ։ Ա­նոր յա­րու­ցեալ մար­մի­նը խա­չի վրայ գա­մո­ւած եւ Իր չար­չա­րանք­նե­րուն նշան­նե­րը Իր վրայ կրող մար­մինն է, բայց Ան, այ­սու­հե­տեւ, աս­տո­ւա­ծա­յին կեան­քին մաս կը կազ­մէ՝ փա­ռա­ւո­րեալ մար­մինի մը յատ­կու­թիւն­նե­րով։ Այս պատ­ճա­ռով է, որ յա­րու­ցեալ ­Յի­սու­ս գե­րիշ­խա­նօ­րէն ա­զատ կը մնայ Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն ե­րեւ­նա­լու ե՛րբ կամ ու՛ր որ ու­զէ եւ զա­նա­զան կեր­պա­րանք­նե­րու տակ։

— Ո­րո՞նք են ­Յա­րու­թեան ի­մաստն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը մար­դու փրկու­թեան հա­մար։
­Յա­րու­թիւ­նը ­Մար­դե­ղու­թեան գա­գաթ­նա­կէտն է։ Ան կը վա­ւե­րացնէ Ք­րիս­տո­սի աս­տո­ւա­ծու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր կա­տա­րած­նե­րը եւ ու­սու­ցած­նե­րը։ Ան Աս­տու­ծոյ կա­տա­րած աս­տո­ւա­ծա­յին բո­լոր խոս­տում­նե­րը մե­զի ի նպաստ կ’ի­րա­կա­նաց­նէ։ Ա­ռա­ւել, մեղ­քին եւ մա­հուան դէմ յաղ­թա­կան ­Յա­րու­ցեա­լը՝ մեր ար­դա­րա­ցու­մին եւ յա­րու­թեան նա­խաս­կիզբն է։
Ան այժ­մէն իսկ մե­զի կը յայ­թայ­թէ որ­դեգ­րու­թեան շնորհ­քը, որ իս­կա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն մըն է միա­ծին Որ­դիին կեան­քին, որ ժա­մա­նակ­նե­րուն վախ­ճա­նի­ն մեր մար­մին­նե­րուն յա­րու­թիւն պի­տի տայ։

«­Հա­մա­ռօտ Ք­րիս­տո­նէա­կան ­Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ, ­
Վա­տի­կան — 2016»

«­Յի­սուս ­Լոյս է, լոյս՝ ի լու­սոյ… ­Լոյ­սը կը ճա­ռա­գայ­թէ ­Յի­սու­սի էու­թե­նէն թէ՝ մա­նու­կին, թէ՝ չա­փա­հա­սին եւ թէ՝ ծե­րու­նիին հա­մար, ա­մէն դա­սա­կար­գի եւ ա­մէն վի­ճա­կի ա­րա­րած­նե­րու հա­մար։ Ես ԵՄ ԼՈՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻ… ե­րէկ, այ­սօր, յա­ւի­տեան։ ­Լոյս են ա­ւե­տա­րան­նե­րը, լոյս՝ ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գը, լոյս՝ խոր­հուրդ­նե­րը։ ­Լոյ­սը, սա­կայն, պէտք ու­նի մի­ջա­վայ­րի. ե­թէ փա­կէք պա­տու­հան­նե­րը, դուք ձեզ կը զրկէք այդ գե­րա­գոյն բա­րի­քէն։ … ­Բա­ցէք ձեր սրտե­րը ­Յի­սու­սի առ­ջեւ, ­Յի­սու­սի, ԼՈ՜ՅՍ Ի ԼՈՅՍՈՅ …­ այն ա­տեն՝ ձեր հոգ­ւոյն մէջ պի­տի ծա­գի լոյս մը, որ պի­տի բխի պաշ­տե­լի ակ­նաղ­բիւ­րէն, լոյս մը՝ զոր ոչ ոք պի­տի կա­րե­նայ գող­նալ ձեզ­մէ։ Ա­ռա­ւօտ լու­սոյ. Ա­րե­գակն ար­դար. Առ ի լոյս ծա­գեա՝»։

(«­Ձայն հո­վո­ւա­կան» ­Կար­դի­նալ Գ­րի­գոր-­Պետ­րոս Ա­ղա­ճա­նեան)

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ-ԱԹԷՆՔ