­Չո­րեք­շաբ­թի՝ ­Մար­տի 22ին, Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Սուրբ ­Յա­րու­թեան տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յի­սու­սի գե­րեզ­մա­նի վե­րա­նո­րոգ­ման նո­ւի­րո­ւած հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը՝ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էդ­վարդ ­Նալ­բան­դեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ: Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս ­Ցիպ­րաս, այլ եր­կիր­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­ներ եւ բազ­մա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ:
­Նոյն օ­րը ա­ռա­ւօ­տեան, նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեան այ­ցե­լեց Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րան, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Պատ­րիարք ­Նուր­հան Արք. ­Մա­նու­կեա­նի հետ: Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք ­Նուր­հան Արք. ­Մա­նու­կեան, յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիե­զե­րա­կան ­Պատ­րիարք ­Պար­թո­ղի­մէոս, յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Պատ­րիարք ­Թե­ֆո­յի­լոս Գ., կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ Փ­րան­կիս­կեան Ուխ­տի Ե­րու­սա­ղէ­մի ա­ռաջ­նորդ Ֆ­րան­չես­քօ ­Փա­թօ: Ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ նաեւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կոս ­Գա­րե­գին Բ.ի ու­ղեր­ձը:
­Յի­սու­սի գե­րեզ­մա­նը քրիս­տո­նէա­կան աշ­խար­հի գլխա­ւոր սրբա­վայ­րե­րէն է, ուր խա­չե­լու­թե­նէն ետք ամ­փո­փո­ւած է ­Յի­սուս: Ք­րիս­տո­սի գե­րեզ­մա­նի, ­Գող­գո­թա­յի խա­չե­լու­թեան եւ շարք մը այլ սրբա­վայ­րե­րու վրայ Դ. դա­րուն ­Բիւ­զան­դիոյ կայսր ­Կոս­տան­դի­նոս ­Մե­ծը կա­ռու­ցած է ­Սուրբ ­Յա­րու­թեան տա­ճա­րը: ­Նա­խորդ տա­րո­ւան ­Մա­յի­սին ­Գե­րեզ­մա­նի ի­րա­ւա­տէր ե­րեք ե­կե­ղե­ցի­նե­րու՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նի, ­Յու­նաց ­Պատ­րիար­քա­րա­նի եւ ­Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մա­տեղ ո­րո­շու­մով ձեռ­նար­կո­ւե­ցան ­Գե­րեզ­մա­նի վե­րա­նո­րոգ­ման եւ վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց մէջ ներգ­րա­ւո­ւած են նաեւ հայ ճար­տա­րա­պետ­ներ: