Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Զաւարեան» Ազգային վարժարանի երկարամեայ եւ վաստակաւոր ուսուցիչի, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամի Սթաւրօ — Խաչիկ Ապարեանի անակնկալ ու վաղաժամ մահուան տխուր պատճառով, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը յետաձգէ Շաբաթ, 18 Յունիսի «Երիտասարդականի Օր»ուան նուիրուած ելոյթը:
Նոր թուականը պիտի յայտարարուի յաջորդիւ: