Յունաստանի Մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան «Ամբողջ Յունաստանը մէկ մշակոյթ է» ծրագիրի ծիրէն ներս, «Փիլիսոփայութեան եւ լուսանկարչութեան» աշխատանոցը, «Արմենիքա» պարբերաթերթը, Ֆլորինայի Հնութիւններու գրասենեակը եւ Հնագիտական թանգարանը կը կազմակերպեն «Prunus Armeniaca» ցուցահանդէսը, Ֆլորինայի հնագիտական թանգարանին մէջ:
Ձեռնարկը կը ներառնէ երկու տարբեր գեղարուեստական ելոյթներ՝
— Լուսանկարչութեան ցուցահանդէս «Արմենիքա» պարբերաթերթի լուսանկարչական արխիւէն: Կը ցուցադրուին պատմական պահեր ու վկայութիւններ 1922 թուականին հայ գաղթականներու ժամանումէն եւ համայնքի առօրեայէն 1919-1939 թուականներուն՝ 150 եզակի պատկերներով:
Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ
Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022, ժամը 19:30-ին:
Ցուցահանդէսի տեւողութիւնը՝ 28/07/2022 — 28/10/2022:
— «Երկխօսութիւններ», «Զրոյց I-II» երաժշտական ներկայացում։
Աւանդական եւ ժամանակակից հայկական երաժշտութեան զրոյց՝ Վահան Գալստեանի (տուտուկ) եւ Լեֆտերիս Խաւուծասի (կիթառ) կողմէ, երգ՝ Մարիա Սպիրիտոնիտու։
Տեղի պիտի ունենան երկու ներկայացումներ`
Ուրբաթ, 29 եւ Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022, ժամը 20:30-ին:
*Prunus armeniaca — (Prunus* հայերէն). Ծիրանի ծառի գիտական անուանումը՝ պտղատու ծառ, որ Եւրոպա բերուեցաւ Արեւելեան Ասիայէն, Հայաստանի միջոցաւ:
*Հին յունարէնով՝ սալոր: