Յաւերժութեան հաւատքով

Յաւերժութեան հաւատքով

0
3402

­ՄԱՆՆԻԿ ՊԷՕՐԷՔՃԵԱՆ-ԱՇՐԵԱՆ

­Մա­հու եւ կե­նաց հար­ցա­կան­նե­րը, որ յա­ճախ կը զբա­ղեց­նեն մարդ­կա­յին ու­ղե­ղը, կար­ծես ներ­խու­ժե­ցին յան­կարծ մտքիս մէջ, երբ տե­ղե­կա­ցայ ընկ. ­Յով­սէ­փի վա­ղա­ժամ մա­հո­ւան գոյ­ժը:
­Մարդ ա­րա­րածս, ըլ­լայ ան հա­ւա­տա­ցեալ քրիս­տո­նեայ, ա­նաս­տո­ւած կամ այլ կրօն­քի պատ­կա­նող, միշտ ալ գի­տակ­ցօ­րէն կամ նոյ­նիսկ իր են­թա­գի­տակ­ցու­թեան մէջ, զգա­լով իր մարդ­կա­յին էու­թեան սահ­մա­նա­փակ ի­րո­ղու­թիւ­նը, կը փոր­ձէ ըմբռ­նել կեան­քի ի­մաս­տը եւ ըստ այնմ ընտ­րել երկ­րա­յին իր ճա­նա­պար­հը:
Ինչ­պէս կ­՚ը­սէ ­Նի­քոս ­Գա­զան­ծա­քիս՝ «կու­գանք մութ ան­դուն­դէ մը եւ կը յան­գինք մութ ան­դուն­դի: ­Մի­ջան­կեալ լու­սա­ւոր շրջա­նը կը կո­չո­ւի կեանք: Այդ շրջա­նին, եր­կու ուղ­ղու­թիւն­ներ ի­րա­րու դէմ կը պայ­քա­րին՝
— ա­ռա­ջի­նը, դէ­պի ստեղ­ծա­գործ կեանք ու յա­ւեր­ժու­թիւն,
— երկ­րոր­դը, նիւ­թե­ղէ­նին կառ­չե­լով, դէ­պի քայ­քա­յում ու մահ»:
­Մեր հան­գու­ցեալ ըն­կե­րոջ կո­րուս­տի վիշ­տը մա­սամբ թե­րեւս մեղ­մաց­նող ի­րո­ղու­թիւն է, դժո­ւա­րին բայց դէ­պի յա­ւեր­ժու­թիւն ա­ռաջ­նոր­դող ա­ռա­ջին ու­ղիին հե­տե­ւե­լու իր ընտ­րան­քը:
­Բո­լոր զինք ճանչ­ցող­նե­րը նկա­տած են, թէ ընկ. ­Յով­սէ­փը տես­լա­կան ու­նե­ցող եւ գործ­նա­կա­նին ընդ­մէ­ջէն ա­նոր ի­րա­գործ­ման հա­մար ան­խոնջ պայ­քա­րող­նե­րու փա­ղան­գին կը պատ­կա­նէր: Այս մա­սին ար­դէն գրո­ւած է ու վստա­հա­բար տա­կա­ւին պի­տի լոյս տես­նեն այլ գրու­թիւն­ներ եւս իր ազ­գա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան հետ առն­չո­ւած:
Ես պար­զա­պէս, ո­րոշ յատ­կան­շա­կան յու­շե­րու ընդ­մէ­ջէն, պի­տի փոր­ձեմ յար­գան­քի հա­մեստ տուրք մը մա­տու­ցել նո­ւի­րեալ ըն­կե­րոջ մը յի­շա­տա­կին:
Ա­ռի­թը չէի ու­նե­ցած զինք կա­նու­խէն ճանչ­նա­լու, հաս­տա­տո­ւած ըլ­լա­լով, 1966ին ա­մուս­նու­թե­նէս վերջ, ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի ­Գա­վա­լա քա­ղա­քը:
­Մեր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը սկիզբ ա­ռաւ 80ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, երբ ար­դէն ընտ­րո­ւած էի թե­մա­կան ժո­ղո­վի ա­ռա­ջին կին պատ­գա­մա­ւո­րը (այ­սօր ե­րես­փո­խան) եւ ստանձ­նած էի նաեւ «Ա­զատ Օր»ի ­Գա­վա­լա­յի թղթա­կի­ցի պաշ­տօ­նը: ­Յա­ճա­խա­կի թղթակ­ցու­թիւն­նե­րով, եր­բեմն ալ յօ­դո­ւած­նե­րով կը ջա­նա­յի աշ­խոյժ պա­հել մեր հա­մայն­քը եւ կեդ­րո­նի հետ կա­պը:
Ըն­կեր ­Յով­սէ­փը իր փոր­ձա­ռու­թեամբ ու բծախնդ­րու­թեամբ, եր­կա՜ր տա­րի­ներ մեր շրջա­նի փոք­րա­թիւ գա­ղութ­նե­րուն կող­քին գտնո­ւե­ցաւ, ա­ռանց եր­բեք ան­տե­սե­լու նա­հան­ջը մեր­ժող եւ ազ­գա­յին գո­յա­տեւ­ման հա­մար ճա­կա­տագ­րէն ան­դին պայ­քա­րող մեր հա­մայնք­նե­րը, նե­րառ­նե­լով զա­նոնք, ի­րենց պայ­ծառ ան­ցեա­լով եւս «Ա­զատ Օր»ի բա­ցա­ռիկ թի­ւե­րուն ու­սում­նա­սի­րու­թեանց շար­քին:
Խմ­բագ­րի իր պաշ­տօ­նին զու­գա­հեռ, իբ­րեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շրջ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ, տե­ղա­յին մար­մին­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցա­բար, յա­ջո­ղած է ա­պա­հո­վել երգ­չա­խում­բի եւ պա­րա­խում­բի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մեր շրջա­նի կա­րե­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րու պա­րա­գա­յին, ինչ­պէս ապ­րի­լեան յու­շա­տօ­նե­րու:
Ան­մո­ռա­նա­լի պի­տի մնան յատ­կա­պէս՝ ոչ միայն մեզ հա­մար, այլ նաեւ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար, 2001ին Ք­րիս­տո­նէու­թեան 1700ա­մեա­կի փա­ռա­շուք տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը ­Գա­վա­լա­յի եւ Ք­սան­թիի մէջ երգ­չա­խում­բի, իսկ ­Գո­մո­թի­նիի եւ Ա­ղեք­սանդ­րու­պո­լի­սի մէջ պա­րա­խում­բի ե­լոյթ­նե­րով:
Յս­տակ կը յի­շեմ կազ­մա­կերպ­չա­կան կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, բայց եւ մեր ըն­կե­րոջ հայ­րա­կան կամ եղ­բայ­րա­կան գուր­գու­րոտ վե­րա­բե­րու­մը բո­լոր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հան­դէպ:
­Յի­շո­ղու­թեան ար­ժա­նի է նաեւ մեր հան­դի­պու­մը ­Սէր­րէ­սի մէջ յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամբ:
Ըն­կեր ­Յով­սէ­փի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ դար­ձեալ, լու­սա­հո­գի ընկ. ­Վա­հէ Ա­ւե­տի­սեա­նի հետ, իբ­րեւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ներ­կայ գտնո­ւե­ցանք «­Հա­մազ­գա­յին»ի «­Պա­րոյր ­Սե­ւակ» մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մա­կան հա­ւա­քոյ­թի մը. ե­րեքս ալ մեր պաշ­տօն­նե­րու հան­գա­ման­քով, խօ­սե­ցանք ար­տա­գաղ­թի հե­տե­ւան­քով ­Սէր­րէս հաս­տա­տո­ւած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, շեշ­տե­լով Ս­փիւռ­քի մէջ ազ­գա­պահ­պան­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը միաս­նա­կան ճի­գե­րով եւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի լուրջ դե­րը այդ ծի­րէն ներս:
Ըն­կեր ­Յով­սէփ ա­մէն ան­գամ, որ կը ստանձ­նէր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն մը, կը մշա­կէր նպա­տա­կաս­լաց ծրա­գիր­ներ եւ ա­նոնց ի­րա­գործ­ման կը ձգտէր փո­խան­ցե­լով գոր­ծակ­ցու­թեան իր վա­րա­կիչ ստեղ­ծա­գործ աշ­խոյժ ո­գին: ­Յա­ճախ, երբ կ­՚ը­սէի ի­րեն՝ «ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ո­գեշն­չող խօս­քի կա­րի­քը ու­նին» կ­՚ո­գե­ւո­րո­ւէր: Իր սի­րե­լի ար­տա­յայ­տու­թիւնն էր եւ ինք միշտ պատ­րաստ էր իր ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լու այդ ուղ­ղու­թեամբ:
­Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով մեր գոր­ծակ­ցու­թե­նէն ու­նե­ցած տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րէս վեր­ջի­նը պի­տի մնայ միշտ յու­զիչ զգայ­նու­թեամբ յի­շո­ղու­թեանս մէջ:
­Հա­յաս­տան Ս­փիւռք 2017ի 6րդ ­հա­մա­ժո­ղո­վին էր, երբ մեր պաշ­տե­լի հայ­րե­նի­քի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի մէջ, մաս­նա­կից դար­ձանք ժո­ղով­նե­րու, զրոյց­նե­րու, ազ­գա­յին սրբա­վայ­րե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու, տպա­ւո­րիչ հա­մերգ­նե­րու: ­Նոյն պան­դո­կին մէջ ըլ­լա­լով, ա­մէն վայր­կեան կը զգա­յի ընկ. ­Յով­սէ­փի եւ իր կո­ղա­կից սի­րե­լի ըն­կե­րու­հի ­Մայ­տա­յի բա­ցա­ռիկ ըն­կե­րա­կան ու մարդ­կա­յին ու­շադ­րու­թիւ­նը:
­Վեր­ջա­պէս, երբ ի­րենք ո­րո­շած էին մաս­նակ­ցիլ դէ­պի պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տան կազ­մա­կեր­պո­ւած ճամ­բոր­դու­թեան մը, եր­բեք պի­տի չմոռ­նամ լու­սա­հո­գի ըն­կե­րոջս պնդում­նե­րը ի­րենց ըն­կե­րակ­ցե­լու մին­չեւ վեր­ջին պա­հը՝ «գի­տեմ, որ շատ կը փա­փա­քիս կո­խել մեր պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի սուրբ հո­ղե­րը: Ե­կուր «ա­յո՛» ը­սէ ըն­կե­րու­հի ­Ման­նիկ, մենք կող­քիդ ենք»:
«Շ­նոր­հա­կալ եմ շատ, ըկն. ­Յով­սէփ, ցա­ւօք սրտի, հո­գիս յօ­ժար է, բայց մար­մինս տկար»,- պա­տաս­խա­նե­ցի:
Ինք, սա­կայն, իր «­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով» գրքոյ­կով, ոչ միայն զիս՝ այլ բո­լոր ըն­թեր­ցող­նե­րը մաս­նա­կից դար­ձուց ա­մէն հա­յու հա­մար բաղ­ձա­լի այդ ուխ­տագ­նա­ցու­թեան: Ա­ռաջ­նոր­դե­լով մեզ քայլ առ քայլ ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի ի­րա­վի­ճա­կին պատ­մա­կան բծախն­դիր ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ մը, կար­ծես տա­րաւ բո­լորս իր հետ, թէ­կուզ մտքով ու հո­գո­ւով:
­Ճիշդ այդ­պէս ալ մեր մտքե­րուն ու հո­գի­նե­րուն մէջ պի­տի մնայ յա­ւեր­ժու­թեան ու­ղին ընտ­րած ընկ. ­Յով­սէ­փի յի­շա­տա­կը:
­Յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիստ իր հոգ­ւոյն, խո­րին վշտակ­ցու­թիւն­ներ եւ ­Սուրբ ­Հոգ­ւոյ մխի­թա­րու­թիւն իր հա­րա­զատ­նե­րուն:
­Թա­ղո­ւե­ցաւ թէեւ իր ան­շունչ մար­մի­նը, բայց ինք իր զգա­լի բա­ցա­կա­յու­թեամբ պի­տի ըլ­լայ միշտ մնա­յուն ներ­կայ աշ­խար­հիկ կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րող տես­լա­պաշտ ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան իբր օ­րի­նակ նոր սե­րունդ­նե­րուն: