Ուր­բաթ՝ 17 ­Նո­յեմ­բեր 2017ին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս ներ­կայ գտնո­ւած է Ա­թէն­քի ­Բազ­մա­րո­ւես­տա­րա­նի վայ­րէն ներս, եւ դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղած է ի յի­շա­տակ 17 ­Նո­յեմ­բեր 1973ին զո­հո­ւած ե­րի­տա­սարդ ու­սա­նող­նե­րուն՝ յար­գե­լով բռնու­թեան դէմ ա­նոնց տա­րած պայ­քա­րի նշա­նա­կու­թիւ­նը յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­նե­րուն հա­մար: Ա­նոնք դի­մադ­րե­լով զի­նո­ւո­րա­կան վար­չա­կար­գին՝ դե­րա­կա­տար դար­ձան ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քը ժողովրդավարացնելու ջան­քե­րուն մէջ: