Կիրակի, 14 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Նիքէայի քաղաքապետարանի եւ Պոնտացիներու տեղական միութեան համակազմակերպութեամբ, քաղաքի պոնտական ցեղասպանութեան պուրակին մէջ կանգնած յուշակոթողին առջեւ, տեղի ունեցաւ յարգանքի ելոյթ, նուիրուած Պոնտացիներու ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին։
Յատուկ հրաւէրով, յուշատօնին ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէին կողմէ ընկ. Գէորգ Աւագեան, որ յանուն շրջանի հայ գաղութին, պաշտօնական հիւրերու կարգին, ուղերձ արտասանեց եւ դափնեպսակ զետեղեց։
Իր խօսքին մէջ ընկերը մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործուած Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը կը միտէր ամբողջութեամբ բնաջնջել յունական տարրը յունական բնօրրանէն։
Ընկերը մատնանշեց, թէ այսօրուան Թուրքիան կը շարունակէ մերժողական կեցուածք ցուցաբերել իր գործած ոճիրներուն հանդէպ, անտեսելով Հայոց, Պոնտական եւ Ասորական ցեղասպանութիւններու անժխտելի իրողութիւնը։ Հայերն ու յոյները ստիպուեցան լքել իրենց պատմական հողերը, ետին թողելով հազարամեայ քաղաքակրթութեան իրենց օրրանը եւ պատմամշակութային հսկայ ժառանգութիւնը։
Ընկ. Աւագեան յայտնեց Հայ դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը Պոնտացիներու ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին՝ մինչեւ ցեղասպան Թուրքիան եւ միջազգային ընտանիքը ճանչնան եւ հատուցեն ցեղասպանուած ժողովուրդներու արդար դատը։
ԹՂԹԱԿԻՑ