19 Մայիս 2019ը նշանաւորեց Պոնտոսի յոյներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Յոյն ժողովուրդին եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան համար կարեւոր ոգեկոչում մըն էր, որ տարբեր ելոյթներով նշուեցաւ Աթէնքի, Փիրէայի, Թեսաղոնիկէի եւ Յունաստանի բոլոր քաղաքներու տարածքին։
Այս առիթով, պոնտական միութիւնները ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպած էին անցնող շաբաթավերջին:
Աթէնքի մէջ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայ գտնուեցաւ Ատիկէի մարզպետութեան կողմէ կազմակերպուած ոգեկոչական պաշտօնական ձեռնարկներուն, Աթէնքի մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, նախագահութեամբ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի մետրոպոլիտ Իէրոնիմոս Սրբազանի, Կիրակի՝ 19 Մայիսի երեկոյեան ժամը 5:30ին, յաջորդաբար Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ՝ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութեան։
Դափնեպսակ զետեղեց Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ընկ. Խաչիկ Ապարեան՝ յարգելով օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Զգացումը, յուշը եւ պատգամները յատկանշեցին Սինտաղմայի քաղաքական ձեռնարկը, որու կեդրոնական բանախօսը թուրք գործիչ Թամէր Չիլինկիրն էր։ «Ես եւ ընկերներս ներողութիւն կը հայցենք ձեզմէ։ Ներողութիւն՝ մեր մեծ պապերու հաշւոյն, որոնք չկարողացան պաշտպանել ձեր մեծ հայրերը, 100 տարիներ առաջ։ Ներողութիւն կը հայցենք նաեւ որովհետեւ հաւատացինք այդ սուտերը, զորս 100 տարիներ շարունակ տարածեց թրքական պետութիւնը» ըսաւ Չիլինկիր։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Աթէնքի քաղաքապետի պաշտօնավարող Եորղոս Պրուլիաս, որ խոստացաւ, թէ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան պիտի զետեղուի Աթէնքի կեդրոնէն ներս, ինչպէս նաեւ Յունաստանի համապոնտական միութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիատիս, որ շետշեց՝ թէ «Հայերու եւ Ասորիներու տարած պայքարին կը միանանք, մեր բոլոր ուժերով, յաջողցնելու համար Ցեղասպանութեանց միջազգային դատապարտումը»։
Ձեռնարկին աւարտին քայլարշաւ տեղի ունեցաւ դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, ուր մասնակցեցան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները, պաստառով եւ Եռագոյն դրօշակներով։
Թեսաղոնիկէի Այիա Սոֆիա եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեան, որ ծաղկեպսակ զետեղեց զոհերու յիշատակին:
Երկու տարբեր ելոյթներու՝ հիւսիսային Յունաստանի Նաուսայի Էփիսքոփիի եւ Քիլքիսի Աքսիուփոլիի մէջ, հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկ. Պետրոս Հալաճեան։
Գործակցութեան այս բոլոր նախաձեռնութեանց եւ ելոյթներուն ընթացքին, միշտ շեշտուած է, թէ մարդկութեան դէմ գործուած այսպիսի ոճիրներու կանխարգիլման միակ միջոցը՝ միասնական ու ամուր ռազմավարութեան մը որդեգրումն է:
Հայաստանի մէջ
Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ, Հայաստանի մէջ յունական համայնքը նոյնպէս այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ ծաղկեպսակ զետեղելով անմար կրակին մօտ:
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը մատուցուեցաւ հայերէն եւ յունարէն լեզուներով: Շուրջ տասը տարիներ է, որ Մայիս 19ին, յունական համայնքի պատուիրակութիւնը յաճախ կը բարձրանայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր կը դիմաւորուի Ցեղասպանութեան թանգարանի պաշտօնէութեան կողմէ:
Պոնտոսի յոյները վերջին տասնամեակին ընթացքին աշխոյժ աշխատանք կը ծաւալեն՝ պահանջելով ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ: Հակառակ հարցի արծարծման կարճ ժամանակին, այս ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման մասին աշխատանքը մեծ ոստումներով կը յառաջանայ, յատկապէս Ա.Մ.Ն.ի եւ Աւստրալիոյ մէջ, ուր յունական մեծաթիւ համայնքներ գոյութիւն ունին:
Յունաստանի մէջ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի երկար տարիներու նախանձախնդիր ու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, կարելի եղած է բազմիցս համագործակցութիւններ հաստատել պոնտոսցիներու եւ ասորիներու ներկայացուցիչներուն հետ, ցեղասպանութեան հարցին կապակցութեամբ: