Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նած ­Գեր­մա­նիոյ ­Պուն­տես­թա­կի Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Գեր­մա­նիոյ դես­պան ­Մա­թիաս ­Քիս­լե­րի գլխա­ւո­րու­թեամբ այ­ցե­լեց ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին:
Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յու­շար­ձա­նին ծաղ­կեպ­սակ դնե­լէ ետք պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը գեր­մա­նա­ցի քա­հա­նա­յի մը հետ միա­սին ա­ղօթք յղե­ցին առ Աս­տո­ւած: ­Պուն­տես­թա­կի փոխ­նա­խա­գահ Եո­հան­նէս Զինգ­համ­մե­րի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին եւ գլուխ խո­նար­հե­ցին ան­մար կրա­կին մօտ:
Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցի ծի­րէն ներս ­Հոկ­տեմ­բեր 4ին Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեան ըն­դու­նեց ­Գեր­մա­նիոյ ­Դաշ­նա­յին ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Պուն­տես­թա­կի փոխ­նա­խա­գահ Եո­հան­նէս ­Զինգ­համ­մե­րի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը: ­Գեր­մա­նիոյ ­Պուն­տես­թա­կը ­Յու­նիս 2ին ըն­դու­նեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւը, որ ու­նի «1915 թո­ւա­կա­նի հա­յե­րու եւ միւս քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի եւ ո­գե­կոչ­ման մա­սին» ա­նո­ւա­նու­մը:
Բա­նա­ձե­ւը ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ու­նե­նա­լով ըն­դա­մէ­նը մէկ դէմ, մէկ ձեռն­պահ ձայն: Ե­լոյթ ու­նե­ցող­նե­րը միա­ձայն կ­՛ընդգծէին ան­ցեա­լի հետ ա­ռե­րես­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, նաեւ` ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ հաշ­տեց­ման գոր­ծըն­թա­ցին նպաս­տե­լու մղում­նե­րը: ­Պուն­տես­թա­կի մէջ բարձ­րա­ձայ­նո­ւած է Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ ոճ­րա­գոր­ծու­թեան մա­սին` նշե­լով, որ ­Գեր­մա­նիոյ քայ­լը ոչ թէ հայց է եւ մե­ղադ­րանք, այլ խո­նար­հում զո­հե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ: