Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան 40-րդ բանակումը իր դռները փակեց 30 Օգոստոսին, Քալամոսի բանակավայրէն ներս։ Մօտ 75 պատանիներ, 11 վարիչներու հսկողութեան տակ, գեղեցիկ բնութեան մէջ վայելեցին 10-օրեայ հայաշունչ մթնոլորտ մը, վերանորոգելով իրենց ազգային ապրումները եւ ուխտը։
Հակառակ որ բանակումի յոբելինական 40-րդ տարեդարձը բախեցաւ թագավարակի պատճառած պետական սեղմումներուն, որով այս անգամ կարելի չեղաւ հրապարակային պատշաճ հանդիսութեամբ, ծնողներու եւ ժողովուրդի ներկայութեամբ տօնել նշանակալից այս հանգրուանը, այսուհանդերձ, բոլոր բանակողներուն մէջ արմատացան այն իւրայատուկ զգացումները, որոնք կը ստեղծուին հաւաքական կեանքի ընթացքին։ Հայախօսութիւնը, ընկերասիրութիւնը, Հայաստանն ու Արցախը, հայ ազատագրական հերոսապատումը ու հայկական մշակոյթի կայծկլտումները բոցավառեցան մեր պատանիներու հոգեմտային մատղաշ էութեան մէջ, անոնց պարգեւելով հայատիպ կենցաղի անփոխարինելի պահեր։ Վարձքը կատար բոլոր դերակատարներուն, որոնք այս դժուար պայմաններուն մէջ իրագործեցին 40-րդ բանակումը, եւ մանաւանդ՝ ծնողներուն, որ այս տարուան իւրայատուկ պայմաններուն մէջ անգամ մը եւս իրենց զաւակները վստահեցան Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան հայակերտ նպատակներուն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Յաջողութեամբ իր աւարտին հասաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան բանակումը