Արցախի ողբերգութենէն ետք, կասկած չկայ, որ այլեւս Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը վտանգի տակ մնացած է։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կողմէ 9 Նոյեմբերի ամօթալի պարտութեան փաստաթուղթի ստորագրութենէն յետոյ յաջորդած իրադարձութիւններով, ակնյայտ է, որ այն հրադարարի համաձայնագիր մը չէր, այլ՝ հայրենիքի գոյութենական վտանգի շարունակութեան դառն հաստատումը։
Ազգին արժանապատուութիւնը ոտնակոխ ըրած ստորագրութենէն մէկուկէս ամիս ետք, այսօր այլեւս պաշտօնապէս կը խնդրուի Ռուսիոյ Դաշնութենէն իր խաղաղապահ զօրքերը հաստատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծուող սահմագիծին վրայ, յատկապէս Սիւնիքի շրջանին մէջ Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի եւ սահմանային կարգ մը հատուածներուն վրայ վերահսկութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու համար։ Միաժամանակ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը ետ կը քաշէ զօրքերը Ղափանի սահմանային դիրքերէն, ատրպէյճանական բանակը կը տեղակայուի հայկական նախկին դիրքերուն վրայ, թուրք ցեղասպանական ախորժակներուն դիմաց անպաշտպան ձգելով սահմանամերձ գիւղերու սահմանապահ հայ բնակչութիւնը։
Միջազգային ռազմաքաղաքական իրականութեան մէջ, խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը տուեալ տարածութեան վրայ՝ կողմերու միջեւ բանակցութիւններու ընթացքին անմիջականօրէն զայն վիճելի հարցի կը վերածէ։ Իսկ, երբ բանակցութիւնները անհաւասար ուժերու միջեւ սակարկութեան արդիւնք կը դառնան, այլեւս յստակ է, թէ զօրաւոր կողմը ինչ պահանջներ յառաջ կը քշէ, շարունակաբար ճնշելով եւ նուաստացնելով դիմացի կողմը։
Ալիեւի կողմէ լսուած յոխորտանքները, թէ Երեւանն ու Սեւանը Ատրպէյճանին կը պատկանին, կարելի չէ նկատել պատերազմական յաղթանակի գինովութեան մը արդինքը, այլ թուրք-ատրպէյճանական յստակ ռազմավարութեան հետեւողական գործադրութիւնը, որ աւելին ու աւելին պահանջելով կը յաջողի իրագործել Նախիջեւանի միջոցով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցամաքային միացումը, Հայաստանը զիջելով Սիւնիքի հողատարածքը եւ զայն վերածելով «գօտիի» մը, որ դուրս պիտի մնայ մեր երկրի հողային ամբողջութենէն։
Այսօր, հայրենի վարչակազմը, գլխաւորութեամբ վարչապետին, միայն հանդիսատես դարձած է տարածաշրջանին մէջ կատարուող սահմանային լուրջ եւ վտանգաւոր փոփոխութիւններուն։ Երկու եւ կէս տարիներու իր վարչապետութեան օրերէն, բայց մանաւանդ Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմին դիմաց, շրջահայեաց ռազմաքաղաքական ղեկավարումի փոխարէն, ունեցանք աղէտալի ռազմական, քաղաքական եւ դիւանագիտական պարտութիւն մը, որ ամբողջութեամբ հայ ժողովուրդի էութենէն հիմնազուրկ ըրաւ ազգային արժանապատուութեան զգացումը, երբ այն արդէն Արցախեան հերոսապատումի օրերէն խարսխուած կը մնար հայ մարդու հոգեմտաւոր կառուցուածքին մէջ։
Ամբողջ հայութիւնը ազգային արժանապատուութեան արժեզրկում կ՚ապրի։
Ներկայ վարչակազմի անհերատես ղեկավարութեան պատճառով, այսօր Հայաստանի քաղաքական եւ ընկերային արժեհամակարգը կը փորձէ դուրս գալ այն փակուղիէն, որ վարչապետն ու իր խումբը ստեղծեց։
Սխալ է ըսել, թէ միայն ընդդիմութիւնը ոտքի կանգնած կը պահանջէ Նիկոլ Փաշինեանի անմիջական հրաժարումը, որ արդէն շա՜տ ուշացած է…։
Նիկոլ Փաշինեանի՝ վարչապետի պաշտօնէն վար իջնելու հրամայականը այսօր համազգային պահանջ դարձած է։ Այն անյետաձգելի է այլեւս, որովհետեւ ազգային եւ հողային զիջման վտանգներուն դիմաց, քաղաքական իր հասակէն զրկուած, պարտուած անձը ի վիճակի չէ քաղաքական ողջմտութիւն ցուցաբերել՝ կարենալ փրկելու համար մեր հայրենիքի կորսուած արժանապատուութիւնը։ Ազգերու պատմութիւնը օրինակելի դասեր տուած է այն ղեկավարներուն համար, որոնք ամօթալի պարտութիւններու դիմաց ցուցաբերած են իրենց ազգի արժանապատուութիւնը խեղդամահ չընելու ու իրենց պաշտօնէն հեռանալու գիտակցութիւնը։
Այսօր, հայրենի քաղաքական ուժերը, թարգմանը հանդիսանալով ժողովուրդի պոռթկումին, մանաւանդ լուռ ցասումով իր զոհուած զաւակի ողբը կամ հաշմանդամ հերոսի աննկարագրելի ցաւը ապրող հայուն, ուրիշ ելք չունին եթէ ոչ՝ պահանջել վարչապետէն որպէսզի այլեւս հոս կանգ առնէ։
Երկիրը պէտք ունի ուժեղ եւ համախումբ ղեկավարութեան մը, որ յառաջ պիտի գայ նոր ընտրութիւններով, քաղաքականօրէն հասուն միջավայրի մէջ, առիթը տալով մեր երկրին համախոհութեամբ եւ միասնական ուժերու խմբուածութեամբ ստեղծել ապագայի իր ռազմավարական ուղեգիծը։
Վազգէն Մանուկեանի յառաջ բերուած թեկնածութիւնը վարչապետի պաշտօնին վրայ պիտի երաշխաւորէ այդ կարեւոր անցումային ընթացքը, որուն կարիքը ունի այսօր հայրենի քաղաքական միջավայրը մինչեւ նոր ընտրութիւններ։ Անցումային շրջանը հայրենի իրականութեան համար դժուար ժամանակ մը պիտի ըլլայ, սակայն այն պէտք է հիմերը դնէ Հայաստանի նոր էջի բացման, Արցախի կրած վէրքերու բուժման, հայութեան վերախմբաւորման, նոր երանգաւորումով միասնականութեան վերածաղկման, որոնց ամրապնդումը նոյնիքն հայ ժողովուրդի քուէի ուժին մէջ ամբարուած է։
Այսօրուան ձախողած իշխանաւորները գէթ հիմա պարտին ցուցաբերել քաղաքական հասունութիւն եւ տեղի տալ։ Յանուն հայ ժողովուրդի ազգային արժանապատուութեան վերականգման։
«Ա.Օ»