Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին ջանքերով՝ կարելի եղաւ յայտնաբերել մինչեւ օրս անյայտ մնացած շուրջ քսանհինգ նոր լուսանկար` Մուսա Լերան Հերոսամարտի մասնակիցները ֆրանսական ռազմանաւերուն միջոցով տարհանելու տեսարաններով: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին, նշած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան։
Յայտնաբերուած բնօրինակ լուսանկարները առնուած են 1915 Սեպտեմբերին, ֆրանսական ռազմածովային նաւատորմի սպայի մը կողմէ: Լուսանկարները կը ներկայացնեն նաւակներով խաղաղ հայ բնակչութիւնը դէպի ռազմանաւեր տեղափոխելու գործողութիւնները, նաւերու տախտակամածին անոնց տեղաւորումն ու այլ տեսարաններ:
Նորայայտ բնօրինակ այս լուսանկարները հանրութեան պիտի ներկայացուին 2018 Ապրիլին:
Յայտնաբերուած են Մուսա Լերան Հերոսամարտէն լուսանկարներ
Յայտնաբերուած են Մուսա Լերան Հերոսամարտէն լուսանկարներ