Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

Ե­րե­ւա­նի թիւ 1 ­Հի­ւան­դա­նո­ցի ­Հաշ­ման­դամ Զինուոր­նե­րու ­Վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան ­Կեդ­րո­նը խիստ կա­րիք ու­նի յա­տուկ ան­կո­ղին­նե­րու:­
Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը ծրագ­րած է նո­րոգուած այս ­Կեդ­րո­նին 50 հատ յա­տուկ ան­կո­ղին­ներ նո­ւի­րել, աշ­խար­հաս­փիւռ իր միա­ւոր­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ:
­Հայ­րե­նի­քի սահ­ման­ներու պաշտ­պա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յող մեր զինուոր­նե­րուն միշտ կող­քին գտնո­ւե­լով, այս նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Հ.Օ.­Մ.ը իր գուր­գու­րան­քը կը ցու­ցա­բե­րէ՝ մեր ե­րի­տա­սարդ ծա­ռա­յող­նե­րէն ա­մէ­նէն ան­բախտ­նե­րուն հան­դէպ:
Ծ­րագ­րի նա­խա­հա­շիւն է 85.000 $ տո­լար, իւ­րա­քան­չիւր ան­կո­ղի­նի ծախ­սը՝ 1700 ամ. տո­լար:
­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շած է մաս­նակ­ցիլ վե­րեւ նշո­ւած ծրագ­րին եւ կը դի­մէ իր ան­դա­մու­հի­նե­րուն ու յար­գե­լի հա­մա­կիր­նե­րուն:
Ա­նոնք, ո­րոնք կը փա­փա­քին նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն կա­տա­րել այս նպա­տա­կին հա­մար, կրնան կապ հաս­տա­տել Հ.Կ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց, կամ Հ.Կ.Խ.ի գրա­սե­նեակ հե­ռա­ձայն՝ 2109574973:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ Հ. Կ. ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ