Պէյրութի մէջ ցնցիչ պայթումի ահաւոր լուրը ստանալով՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնանան կոմիտէն մեծ անհանգստութեամբ եւ խոր մտահոգութեամբ հետեւեցաւ լուրերու տարափին, կապ հաստատելով Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Լիբանանի մեր կազմակերպութեան պատասխանատուներուն հետ, տեղեկութիւններ քաղելով եւ հայահոծ շրջաններու, ազգային միութենական հաստատութիւններուն եւ մեր հայրենակիցներուն մասին իրավիճակը պարզող մանրամասնութիւններ ստանալու մտահոգութեամբ:
Ողբերգութիւնը մեծ է, պայթումի հետեւանքով յառաջացած՝ մարդկային զոհերու եւ նիւթական տարածուն վնասներու պատճառով:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի ողջ կազմի զօրակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն, կիսելով անոնց ցաւն ու անձկութիւնը:

Աթէնք, 5 Օգոստոս 2020
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ