Շա­բաթ` 12 ­Կի­րա­կի` 13 ­Հոկ­տեմ­բեր 2013ին, Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ­Թե­մի ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի։ ­Ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցէին ­Յու­նաս­տա­նի ծխա­կան շրջան­նե­րէն կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը։
­Ժո­ղո­վը հա­մա­պար­փակ կեր­պով քննեց անց­նող եր­կա­մեա­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ կա­տա­րեց ա­նոր ար­ժե­ւո­րու­մը։ ­Յա­ջոր­դա­բար, Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը հան­գա­մա­նօ­րէն զբա­ղե­ցաւ նոր նստաշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան քննու­թեամբ, որ կ­՚ընդգր­կէր ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր, կրօ­նա­կան, կրթա­կան, դաս­տիա­րակ­չա­կան, կազ­մա­կերպ­չա­կան եւ տնտե­սա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րը։
­Ժո­ղո­վը կա­րե­ւո­րու­թեամբ զբա­ղե­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ազ­գա­յին ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին կող­մէ հաս­տա­տո­ւած թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման օ­րա­կար­գով եւ կա­տա­րեց հա­մա­պա­տաս­խան ա­ռա­ջարկ­ներ ու նշում­ներ։
­Հիւ­սի­սա­յին ­Սու­րիոյ տա­րածք­նե­րուն վրայ թրքա­կան ներ­խու­ժու­մին կա­պակ­ցու­թեամբ, ժո­ղո­վը իր մտա­հո­գու­թիւ­նը եւ ցա­սու­մը յայտ­նեց՝ յատ­կա­պէս քրիս­տո­նեայ զան­գո­ւած­նե­րու ու մաս­նա­ւո­րա­պէս հայ բնակ­չու­թեան ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան վրայ սպառ­նա­ցած վտան­գին մա­սին եւ դա­տա­պար­տեց ­Թուր­քիոյ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։
­Թե­մա­կան ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը յու­նա­հայ հա­մայն­քի ա­նու­նով իր ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ գա­հա­կալ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին եւ ­Բե­րիոյ ­Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դին ու Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց, մաղ­թե­լով որ ժամ ա­ռաջ վերջ գտնեն պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եւ տա­րա­պած սու­րիա­հա­յու­թեան վրա­յէն վե­րա­նայ ա­մէն տե­սա­կի վտանգ։

­Դի­ւան ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ­Թե­մի
ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի

Ա­թէնք, 13 ­Հոկ­տեմ­բեր 2019