Իր ա­ւար­տին հա­սաւ
Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան
ի նպաստ
յու­նա­հա­յու­թեան
դրա­մա­հա­ւա­քը

Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կող­քին գտնուե­լու եւ գործ­նա­պէս զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­լու նպա­տա­կով՝ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր նպաս­տը բե­րաւ Հ.Օ.Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած դրա­մա­հա­ւա­քին։ ­Շուրջ ե­րեք ա­միս տե­ւած դրա­մա­հա­ւա­քով, բայց նաեւ միօ­րեայ ծա­ւա­լուն հե­ռա­ձայ­նա­յին ար­շա­ւով մը (­Ֆո­նե­թոն), միա­ցեալ յանձ­նա­խում­բի կա­մա­ւոր ըն­կեր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, կա­րե­լի ե­ղաւ 37.685 եւ­րո­յի գու­մա­րը ա­պա­հո­վել։
­Խոս­տա­ցո­ւած նուիրատուութիւննե­րու գան­ձում­էն ետք, գումարը պիտի փո­խան­ցո­ւի Հ.Օ.Մ.-ին, ծա­ռա­յելու համար Ար­ցա­խէն բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած ժո­ղո­վուր­դի ա­նա­պա­հով ըն­տա­նիք­նե­րուն, տրա­մադ­րո­ւած բնա­կա­րան­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման, նաեւ կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րու բա­րե­լաւ­ման մի­տող գոյ­քե­րու տրա­մադր­ման։
Դ­րա­մա­հաւ­քէն գո­յա­ցած գու­մա­րը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին հա­մար բա­րեն­պաստ կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­ներ ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով՝ ար­դէն խորհր­դակ­ցու­թեան ու կա­պի մէջ ենք Հ.Օ.Մ.-ին հետ, ի­րենց հա­ւաս­տիաց­նե­լով, թէ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը եր­բեք չի զլա­նար Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան զօ­րակ­ցու­թեան սրբա­զան գոր­ծին:
­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ յոյն բա­րե­կամ­ներ, ա­ւե­լի քան պատ­րաս­տա­կամ գտնո­ւե­ցան մաս­նակ­ցե­լու եւ ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րե­լու Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ի նպաստ դրա­մա­հա­ւա­քին։ Այս նպա­տա­կին ծա­ռա­յե­ցին նաեւ յու­նա­հայ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ տրա­մադ­րո­ւած գու­մար­ներ, որ հա­սոյ­թա­բեր ձեռ­նարկ­նե­րէ գո­յա­ցան եւ այս նպա­տա­կին հա­մար յատ­կա­ցուե­ցան։
­Ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ յոյն բա­րե­կամ­նե­րուն, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ՝ Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան ուղ­ղո­ւած ջան­քե­րուն ու ծրա­գիր­նե­րուն ի­րենց ան­վե­րա­պահ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով:

Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն

***

Ολοκληρώθηκε ο έρανος του Αρμενικού Κυανού Σταυρού για τους εκτοπισμένους από το Αρτσάχ.
Το συνολικό ποσό των δωρεών έφτασε στα 37.685 ευρώ, τα οποία θα διατεθούν στα προγράμματα της Παναρμενικής Φιλανθρωπικής Οργάνωσης Armenian Relief Society για την στέγαση και βελτίωση των συνθηκών διαβίωσης των προσφύγων του Αρτσάχ.