Այսու կը յայտնենք Ատտիկէի ու յատկապէս Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ ծխական շրջանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ հոգեւոր հովիւին հետ առնչուած որեւէ պարագայի՝ խորհրդակատարութիւն կամ հոգեւոր այլ կարիքի մատակարարման համար, բարեհաճիլ կապ պահել Ազգային Առաջնորդանին հետ, հարկ եղած դասաւորումը կատարելու համար։
Յունաստանի թեմի Կրօնական Ժողով