«­Հա­մազ­գա­յին»ի պա­րա­խում­բի վար­չու­թիւ­նը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր իր տա­րազ­նե­րը ա­պա­հով, անվ­նաս եւ խնա­մո­ւած վայ­րի մէջ պա­հե­լու շարք մը խնդիր­ներ դի­մագ­րա­ւած է։ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը տրա­մադ­րած էր յար­կա­բա­ժին մը Փ. ­Ֆա­լի­րօ շրջա­նին մէջ, եւ ո­րոշ ժա­մա­նակ տա­րազ­նե­րը այն­տեղ տե­ղա­կա­յո­ւե­ցան։
Ար­դէն տա­րիէ մը ա­ւե­լի, պա­րի միա­ւո­րի վար­չա­կան ան­դամ­նե­րը աշ­խա­տանք կը տա­նէին ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թեան տրա­մադ­րած սե­նեա­կը մաք­րե­լու, նո­րո­գե­լու, ներ­կե­լու եւ կա­հա­ւո­րե­լու հա­մար։ Ա­ւար­տե­լով, ա­նոնք փո­խադ­րե­ցին տա­րազ­նե­րը՝ խնամ­քով զե­տե­ղե­լով պա­հա­րա­նե­րու մէջ. սե­նեա­կը կը գտնո­ւի ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին կից շէն­քի յար­կին վրայ։
Ըն­թաց­քի մէջ է նաեւ տա­րազ­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մի, նո­րո­գու­մի, ինչ­պէս նաեւ նոր տա­րազ­ներ կա­րե­լու ձեռ­նար­կում­նե­րը եւ աշ­խա­տանք­նե­րը։
«­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ մեր ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շրջ. վար­չու­թեան եւ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թեան։

«­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն