Սիրելի Հայրենակիցներ,
Արցախը ծանր վիրաւոր է, Հայաստանը հիւանդ, հայ զինուորը անդամալոյծ։ Այս բոլորին ի դարման եւ վերականգնումի աշխատանք կատարողը պէտք է ըլլանք մենք, բոլորս միացեալ ուժերով ոտքի կանգնեցնելու եւ վերակենդանացնելու մեր զոյգ հայրենիքները եւ հերոս զինուորները։
Այս տարի գոհաբանութեան օրուան հեռուստամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ 26 Նոյեմբերին սակաւաժամ, նկատի ունենալով համաճարակի կանոնները։ Սակայն համահայկական դրամահաւաքը պիտի ընթանայ շարունակաբար, ինքնաբուխ առանց կամաւորներու հեռախօսակապերուն։
Բոլոր յունաստանաբնակ հայութեան կոչ կ՚ընենք
մասնակցիլ այս օրհասական դրամահաւաքին,
ներդնելով իրենց նիւթական օժանդակութիւնը
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի
Յունաստանի մասնաճիւղի ՓԻՐԷՈՍ դրամատան
հաշուին՝ նշելով իրենց անուն-մականունը։
Hayastan All-Armenian Fund Greece:
Bank Name: ΤΡΑΠΕΖΑ ΠΕΙΡΑΙΩΣ
Account number: 5195-050350-189
IBAN: GR 410172195000-5195-050350-189
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ
Յունաստանի մասնաճիւղի մարմին