Կը հաւատանք մեր
ամբողջական ներուժին
Պայքարը կը շարունակենք
մինչեւ վերջնական յաղթանակ
27 Սեպտեմբերէն ի վեր Ատրպէյճանի սանձազերծած դաժան յարձակումը Արցախի եւ Հայաստանի դէմ, աննախադէպ ճգնաժամի մը առջեւ բերաւ համայն հայութիւնը, որ իր բոլոր ուժերով համախմբուեցաւ հայրենի պետութիւններու պաշտպանութեան սրբազան գործին շուրջ։
Հայկական բանակի խիզախ դիմադրութիւնը ատրպէյճանա-թրքական յարձակումներուն դէմ եւ մեր քաջարի զինուորներու սխրանքները՝ անհուն հպարտութեամբ կը լեցնեն հայ մարդու հոգին, նոր ուժ հաղորդելով բոլորին։
Անցնող 20-օրեակին ընթացքին, անմիջական եղան սփիւռքի բոլոր գաղութներու արձագանգները, հայրենի հողէն հնչած կոչերուն։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի կառոյցը իր ամբողջական կարողականութիւնը կեդրոնացուց, սատար հանդիսանալով մեր ազգի գոյապահպանումը երաշխաւորող հայոց բանակին ու զոյգ պետականութեանց։ Այսպէս՝ քանի մը առիթներով բողոքի ցոյցեր, քայլարշաւներ եւ հանրահաւաքներ ու դրամահաւաքներ կազմակերպուեցան Յունաստանի մեծագոյն քաղաքներուն մէջ, քարոզչական լայն աշխատանք տարուեցաւ երկրի պետական-քաղաքական շրջանակներուն, խորհրդարանական, քաղաքապետական ու հասարակակական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներուն մօտ, ապահովելով յոյն ժողովուրդի միահամուր զօրակցական կեցուածքը, որ դրսեւորուեցաւ նաեւ պետական-կառավարական մակարդակի խօսուն նախաձեռնութիւններով։ Այս գործին մէջ, Հ.Յ.Դ. կառոյցներուն կողքին, իրենց ներդրումը ունեցան մեր գաղութի հոգեւոր-ազգային ու միութենական բոլոր կառոյցները, միասնական կեցուածք դրսեւորելով հայութեան համար ճակատագրական այս պահերուն։
Ներկայիս, հակառակ երկու անգամ համաձայնուած զինադադարին, պատերազմական վիճակը կը շարունակէ մնալ թէժ, աչալուրջ հսկողութիւն պարտադրելով մեր բոլորին կողմէ։ Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ կանգնած հայ զինուորը, պահեստաւոր ուժերը, խաղաղ բնակչութիւնը պէտք է ամէն վայրկեան զգան, թէ մինակ չեն, այլ ամբողջ հայութիւնը իրենց թիկունքին կանգնած է, լարուած ուժերով։ Իսկ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պէտք է զգան հայութեան կողմէ իրականացուող աննախադէպ զօրաշարժը, որ միջազգային հանրութեան առջեւ միշտ պիտի ներկայացնէ իրենց վայրագ յանցագործութեանց մերկ երեսը։
Մեր ազգի լինելիութեան խնդիրն է մեր առջեւ։ Հաւատանք մեր ամբողջական ներուժին։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ
#յաղթելու ենք