Ինչպէս արդէն ծանօթ է, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ.Օ.Մ.) հիմնեց Համաշխարհային Տագնապի Շտապ Օգնութեան ֆոնտը, Քորոնա ժահրի համաճարակը եւ անոր յառաջացուցած տագնապը դիմագրաւելու համար հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին օգնութիւն հասցնելու նպատակով։ Այս նպատակի իրագործման համար Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը դիմեց աշխարհասփիւռ իր միաւորներուն եւ համակիրներուն: Սոյն կոչին ընդառաջելով, Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային վարչութիւնը 1.500 եւրօ փոխանցեց վերոնշեալ ֆոնտին: Համաճարակի տագնապի դժուար այս օրերուն, գումարը պիտի տրամադրուի բժշկական սարքերու եւ նիւթական այլ միջոցներու ճամբով Հայաստանի եւ Արցախի բժշկական կարիքներուն։
Հայ Գթութեան Խաչը մեծապէս շնորհակալ է նուիրատուներուն որոնք, մանաւանդ բոլորիս համար այս կենսական օրերուն, կը վստահին Հ.Օ.Մ.ին եւ կ՚օժանդակեն անոր ազգանպաստ նախաձեռնութեան:
Հ.Գ.Խաչի Շրջանային վարչութիւն