Քորոնա ժահրի պատճառած համաճարակի մարտահրաւէրին առջեւ եւ անոր յառաջացուցած տագնապին մէջ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ.Օ.Մ.) հիմնեց Համաշխարհային Տագնապի Շտապ Օգնութեան ֆոնտը, հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին օգնութիւն հասցնելու նպատակով, դիմելով աշխարհասփիւռ իր միաւորներուն եւ համակիրներուն:
Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան կոչին ընդառաջելով, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութիւնը 4.000 եւրո փոխանցեց վերոնշեալ ֆոնտին: Գումարը հաւաքուեցաւ մեր գաղութի հայրենակիցներու ազնիւ նուիրատուութիւններով եւ պիտի տրամադրուի բժշկական սարքերով եւ նիւթական այլ միջոցներով աջակցելու համար Հայաստանին եւ Արցախին, համաճարակի տագնապի այս օրերուն։
Հայ Կապոյտ Խաչը խորապէս շնորհակալ է նուիրատուներուն որոնք, բոլորիս համար այս դժուար օրերուն, վստահելով Հ.Օ.Մ.ին օժանդակեցին անոր ազգանպաստ այս նախաձեռնութեան:
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւն