Արտակարգ դրութիւնը որու մատնուած է ամբողջ աշխարհը՝ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած իրավիճակին պատճառով, հեռանկարային լուրջ հետեւանքներ կը նախատեսէ երկիրներու ընկերութիւններուն եւ տնտեսութիւններուն վրայ։
Այս տագնապին ընդառաջ զգօն գտնուելու եւ կացութիւնները լաւագոյնս դիմագրաւելու նպատակով, Յունահայութիւնը իր կարգին, արագօրէն արձագանգեց Յունաստանի պետական կառոյցներուն կողմէ շարունակաբար ահազանգուող միջոցներուն։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ իր ամբողջ միութենական կառոյցները՝ Հ.Կ. Խաչն ու Հ.Գթ. Խաչը, Համազգայինն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ը, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւնները, առժամաբար կասեցուցին կամ փոփոխեցին իրենց ծրագիրներն ու աշխատանքները, յառաջանալով վարժարաններու եւ ակումբներու առօրեայ գործունէութեան դադրեցման, միութենական ընդհանուր աշխատանքներու ձեւափոխման՝ նախազգուշութեան բարձրագոյն մակարդակը որդեգրելով ամէնուրեք։
Յունաստանի մարզային-քաղաքապետական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ յաճախակի ցուցմունքներուն հետեւելով՝ մամուլով ու համացանցով ուղղութիւններ ու թելադրանքներ կը փոխանցուին մեր հայրենակիցներուն, վարակի շուրջ իրազեկման արշաւ մը իրագործելով ու կանխարգիլման միջոցները բացատրելով։
Արտակարգ այս դրութեան պայմանները մեզ բոլորս կը պարտադրեն զգոյշ վարուելու բոլոր մակարդակներուն վրայ, գիտակցելով տնտեսական եւ ընկերային լուրջ հետեւանքներուն շուրջ։ Անշուշտ, նոյն այս տագնապը, մեզ բոլորս կ՚ուղղէ հաղորդակցութեան նոր միջոցներ որդեգրելու, համացանցը լայնօրէն օգտագործելով, անհրաժեշտ ժողովներն ու խորհրդակցութիւնները կայացնելու համար։
Սիրելի հայրենակիցներ,
Այս ծանր մարտահրաւէրի պահուն, մեր հասարակութիւնը փորձութեան մատնուած ըլլալով հանդերձ, պարտի մնալ գիտակից, պատասխանատու ու կարգապահ, լաւատեսութեամբ ընկալելով իր առջեւ երկարող ժամանակաշրջանը։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ
Աթէնք, 18-3-2020