Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի շրջանի 82րդ Շրջանային Ժողովը, որ գումարուեցաւ 1 եւ 2 Դեկտեմբեր 2018ին Աթէնքի մէջ, սոյն յայտարարութեամբ կու գայ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու Հ.Յ.Դ. Հայաստանի մեր կազմակերպութեան, արտահերթ երեսփոխանական ընտրութիւններու մասնակցութեան առիթով։
2018ը նշանաւորուեցաւ անկիւնադարձային փոփոխութիւններով հայրենի քաղաքական կեանքին մէջ, հայ ժողովուրդին համար աւելի բարօր կեանքի եւ զարգացման երաշխիքներու սպասումներով Հայաստանի քաղաքական ուժերէն։
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը ընտրութեանց կը մասնակցի ճակատագրական ժամանակներ ապրելու խոր գիտակցութեամբ։ Հաւատարիմ Հ.Յ.Դ. սկզբունքներուն, Դաշնակցութեան հայրենի մեր կազմակերպութիւնը վայելելով կազմակերպական մեր կառոյցի ամբողջական զօրակցութիւնը, կը ձգտի հայ ժողովուրդի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական վերելքին համար, որ կ՚արտացոլայ իր նախընտրական ծրագրին մէջ, ազգային եւ ընկերային առաջադրանքներով, Հայաստանի ու Արցախի ամողջականութեան պահպանման գերագոյն յանձնառութեամբ։
Վստահ ենք, որ հայրենի մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս վերանորոգ ակնկալիքներով իր վստահութիւնը պիտի ցուցաբերէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հայրենիքի զարգացման համար ծրագիրներուն, տալով Դաշնակցութեան հնարաւորութիւնը դարձեալ կարեւոր եւ որոշիչ դերակատարութիւն վերցնելու նոր կազմուելիք խորհրդարանէն ներս։ Արդէն իսկ, խորհըրդարանական կառավարման նոր գործելաձեւը, որուն կիրարկման համար մեծ եւ գլխաւոր ներդրում ունեցաւ մեր կուսակցութիւնը, կոչուած է արդիականացնելու հայրենի քաղաքական կեանքը՝ ժողովուրդ եւ պետութիւն կապերուն տալով նոր որակ, միաժամանակ երաշխիքը դառնալու, որպէսզի հայրենի ժողովուրդը ազատ եւ անկաշկանդ կերպով ապրի եւ ստեղծագործէ իր սեփական հողին վրայ։
Կոչ կ՚ուղղենք հայրենիքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն մասնակից դառնալու Դեկտեմբեր 9ի ընտրութեանց եւ իրենց քուէով վստահութիւն յայտնելու «հողին ու հային» հաւատարիմ Հ.Յ.Դաշնակցութեան, ի խնդիր հզօր Հայաստանի մը կերտման եւ մեր ժողովուրդի բոլոր տեսլականերու իրականացման։
Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ 82ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ
Աթէնք, 2 Դեկտեմբեր 2018