Փա՜ռք ու պատի՜ւ հայ ժողովուրդին
Կեցցէ՛ 28 Մայիս 1918՝ հայրենակերտ թուականը
Հայրենակիցներ,
Արդէն իսկ թեւակոխած ենք 2018 հայրենակերտ թուականը՝ հայ ժողովուրդի մեծագործութեան 100րդ տարեդարձը: Մայիսեան պանծալի յաղթանակին, անկախութեան հռչակումին, ազգային ինքնիշխան պետականութեան հիմնադրութեան ու կառուցումին, Հայաստան հայրենիքի վերակերտումին:
Անցեալ դարերուն ունեցած ենք մշակութային ու քաղաքակրթական հրաշք իրագործումներ, հերոսական աննման խոյանքներ, պետականութեան ժամանակաշրջաններ, նոյնիսկ կայսերական տարածումներ: Մինչեւ անգամ եղած ենք հզօր Բիւզանդիոնի ախոյեան, անկէ խլելով Կիլիկիան եւ հոն՝ օտար հողի վրայ հաստատած երեք-դարեայ իշխանապետութիւն ու թագաւորութիւն: Բայց եւ այնպէս ու այդ բոլորով հանդերձ, 28 Մայիս 1918 թուականը իր գերազանց տարողութեամբն ու պատմակշիռ ծանրութեամբը կը հանդիսանայ ԵԶԱԿԻՆ եւ կը խորհըրդանշէ ազգային մեծագոյն տօնը, որ երբեւիցէ ունեցած ըլլայ մեր ժողովուրդը, գէթ վերջին հազարամեայ իր կեանքին մէջ:
Ամբողջ Արեւմտահայաստանը անծայրածիր գերեզմաննոցի վերածելէ ետք, ցեղասպան Թուրքիան իր բանակներով խուժած էր Արեւելահայաստան եւ հասած Երեւանի դռներուն՝ Հայաստանի ու հայութեան մնացորդն ալ սպանդի ենթարկելու եւ հայասպանութիւնը ամբողջացնելու նպատակով:
Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ յաղթելու կամ մեռնելու ողջ հայութեան վճռականութիւնն էր, որ պարտութեան մատնեց ու նահանջ պարտադրեց ներխուժող թշնամի բանակին, ձախողութեան մատնեց ցեղասպանութիւնը շարունակելու թրքական ծրագիրը, որով եւ բնաջնջումէ փրկեց հայութեան մնացորդը:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ այս տարեդարձը անկախութեան պանծալի տօն ըլլալէ առաջ ու վերջ՝ հայ ազգի խորհուրդ խորին վերապրումի տօնն է:
Տակաւին. անկախութեան հռչակումին ու պետականութեան կառուցումին շնորհիւ՝ դարերէ ի վեր անդիմագիծ կամ սոսկ կրօնական համայնք նկատուող հայ հասարակութիւնը միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչում ստացաւ իբրեւ ազգային ինքնուրոյն միաւոր եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով կերտուեցաւ հայ քաղաքացին:
Ահա թէ ինչո՛ւ եզակի ու մեր տօներուն մեծագոյնն է Սարդարապատի յաղթանակով իրագործուած եւ անկախութեան հռչակում, ազգային պետականաշինութիւն, հայրենիքի վերակերտում ու հայութեան վերապրումը խտացնող 28 Մայիս 1918 թուականը, որուն, կրկնենք՝ 100րդ տարեդարձն է այս տարի:
Հայրենակիցներ,
Արդէն իսկ Հայաստանի մէջ կազմուած է կառավարական յանձնաժողով, որպէսզի համապետական ու արժանաւոր տօնակատարութիւններով փառաւորուի հարիւրամեայ յոբելեանը:
Մենք եւս մեր կարգին կը յայտարարենք, որ յունահայութիւնն ալ իբրեւ մէկ օղակը հայաշխարհին, բնականաբար եւ հպարտութեամբ այս՝ 2018 տարին կը նուիրէ 100ամեակին:
Այսու կոչ կ’ուղղենք յունահայ գաղութի յարանուանութեանց, ազգային իշխանութեանց, կուսակցական ու միութենական մարմիններուն եւ բոլոր ազգայիններուն, որ բոլորուինք այս նպատակին համար առաջիկային կազմուելիք միասնական կեդրոնական յանձնախումբին շուրջ, որպէսզի արժանավայե՛լ շուքով, հպարտութեա՛մբ, միասնակա՛ն շարքերով պանծացնենք եւ նորահաս սերունդին փոխանցենք մեծութի՛ւնն ու փա՛ռքը այն հերոսներուն, որոնք կերտեցին Սարդարապատ, հայրենիք ու անկախութիւն եւ պետականութիւն:
Փա՜ռք ու պատի՜ւ հայ ժողովուրդին:
Կեցցէ՛ 28 Մայիս 1918՝ հայրենակերտ թուականը:
Աթէնք՝ 12 Յունուար 2018
Հ.Յ.Դաշնակցութեան
Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ