Ար­ցա­խեան հայ­րե­նի­քին դէմ ա­զե­րի հոր­դա­նե­րուն ի գործ դրած ան­ցեալ տա­րո­ւան Ապ­րի­լեան տմար­դի ներ­խու­ժու­մէն աս­դին, ար­դէն իսկ նոր Ապ­րի­լի մը ան­կա­յուն ի­րադ­րու­թեան սկիզբն է, որ կ­՚ապ­րինք։
­Հարկ չկայ ը­սե­լու, թէ հա­կա­ռակ իր կրած պար­տու­թեան, ա­տե­լու­թեամբ մո­լեգ­նած թշնա­մին կը շա­րու­նա­կէ մնալ իր ռազ­մա­տենչ դիր­քե­րուն վրայ։ Ան­սա­լով այս ի­րա­վի­ճա­կի ի­րո­ղու­թե­նէն յա­ռա­ջա­ցած նո­րա­նոր վտանգ­նե­րուն՝ հայ­րե­նի թէ սփիւռ­քի հա­յու­թիւ­նը պար­տի շա­րու­նա­կել, ա­չա­լուրջ ու միա­ցեալ, միա­տե­ղե՛լ իր ու­ժե­րը՝ դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար ա­մէն հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն։
Այդ միաս­նա­կան ո­գիով է, որ մի՛շտ մնա­լով հա­մայն հա­յու­թեան կող­քին, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը, իր աշ­խար­հա­տա­րած միա­ւոր­նե­րով, իր սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը նկա­տեց — ու կը նկա­տէ — հաս­նիլ հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խի օգ­նու­թեան՝ ա­մո­քե­լով ա­նոր բո­լո՛ր վի­րա­ւոր զի­նեալ­նե­րուն, սահ­մա­նա­մերձ ա­ւե­րա­կի վե­րա­ծո­ւած գիւ­ղե­րու եւ ա­ւան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն եւ ա­նոնց բո­լո՛ր հա­րա­զատ­նե­րուն ցաւն ու վիշ­տը՝ բա­րո­յա­պէս ու նիւ­թա­պէս սա­տար հան­դի­սա­նա­լով հարկ ե­ղած խնամ­քի ու վե­րա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Ար­դա­րեւ, ա­զե­րի նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ռա­ջի՛ն օ­րէն իսկ, Հ.Օ.Մ.ը իր Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի միա­ւոր­նե­րուն նո­ւի­րեալ եւ ան­խոնջ գոր­ծակ­ցու­թեամբ, Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ցուց­մունք­նե­րով, ինչ­պէս ը­սինք, ան­մի­ջա­կան օգ­նու­թիւն կը հասց­նէր տնա­զուրկ դար­ձած, ճա­կատ­նե­րու վրայ կռո­ւող — զո­հո­ւած ու վի­րա­ւոր — մար­տիկ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն ու հա­րա­զատ­նե­րուն, հո­գա­լով ու հաս­նե­լով ա­նոնց ա­մէ­նօ­րեայ կա­րիք­նե­րուն։
Այ­սօր, ինչ­պէս Ապ­րի­լեան այդ հո­գե­մաշ օ­րե­րուն, երբ մա­հու-կե­նաց պայ­քա­րի մէջ էր Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դը, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը, իր նո­ւի­րեալ շար­քե­րով, կը մնայ պատ­նէ­շի վրայ, պատ­րաստ ա­մէն զո­հո­ղու­թեան։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ