Տխրունի
Պատուի ա՛ռ…
Յակոբ (Պերճ) Գրիգորեանի յիշատակին
Տերեւաթափ եւ նօսրացում։
Երկու դառն զգացումներ, որոնք կը պատեն մեր էութիւնը, ամէն անգամ երբ սիրելի անձ մը եւ յունահայ գաղութի նուիրեալ մը անդարձ մեկնումի ճամբան կ՚առնէ։
Ո՞վ ծանօթ չէր եղբ. Պերճին։ Չկար անձ մը, որ ճանչցած չըլլար Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծոցէն ծնած համեստ, բայց իր գործի ու նուիրումի մեծութեան տէր՝ սիրելի սկաուտապետը։
1953ի Քեֆալոնիայի աղէտը խոր բաց մը ձգեց իր հոգիին մէջ։ Կարծես, անիկա եղաւ մղձաւանջ մը, ծածուկ տառապանք մը՝ այն ողբալի տեսարանին առջեւ, որուն դէմ յանդիման եկաւ ան եւ իր գլխաւորած Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու փրկարար խումբը։
Պատմեց ու պատմեց աղէտին մասին։ Մէկ առ մէկ, իր ձեռքերէն անցած բոլոր սկաուտները իմացան այն օրերուն մասին։ Մի քանի տարիներ առաջ, ան թուղթին յանձնեց իր յուշերը այդ տխուր օրերէն, որոնք լոյս տեսան «Ազատ Օր»ի էջէրէն։ Ինքնագովումի եւ պարծանքի նշոյլ իսկ չկար իր բերնէն ելած խօսքերուն մէջ։ Կար տիպար սկաուտի մը պատուաւոր բարի գործը, կար Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգիին ու նշանաբանին բովանդակ մարմնացումը, որուն կենդանի օրինակը հանդիսացաւ ան, մինչեւ իր կեանքի վերջին կաթիլները։ Այսպէ՛ս գիտցաւ ապրիլ ու գործել Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս եւ դուրս՝ եղբ. Պերճը։
Իր անուան նման պերճութիւն մը կը ցայտէր անոր հոգիէն, պերճախօս էր ի՛ր գործը, յար ու նման իր ազնիւ սրտին, անսահման բարութեան։
45 երկար տարիներ, ան օրինակելի ծառայութիւն մատուցեց Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին մէջ՝ որպէս անդամ եւ երկարամեայ ատենապետ։ Աննկարագրելի բարոյական եւ նիւթական զոհաբերութեամբ շէնցուց եւ պայծառացուց քարեղէն կառուցուածքը, որպէսզի ոգեղէնը լուսաւորուի հոգեւոր հաստատութեան մէջ։
Նոյն հաւատարմութեամբ փարեցաւ Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի կանգնումին, մաս կազմելով շինութեան յանձնախումբին եւ գործնապէս մասնակից դառնալով այն մեծ տեսլականի իրագործումին։
Իր յոգնաբեկ մարմինը տոկաց մինչեւ խոր ծերութիւն եւ վերջնականապէս անդենականին անցաւ Շաբաթ՝ 25 Յունուարի կէսօրին, նոյն օրը, որ իր շնորհալի զաւակը՝ խմբավար Մկրտիչ Գրիգորեան, «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի բացառիկ համերգով պանծացուց անմահն Կոմիտասի 150ամեակը։
Հաւանաբար, հոգեպէս հոն էր եղբ. Պերճը՝ ժպտադէմ ու գոհունակ, կոմիտասեան մեղեդիներու հմայքը ըմբոշխնելու ծարաւով։
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի՝ 29 Յունուարին, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր։ Իր քարոզին մէջ, Սրբազան հայրը վեր առաւ հանգուցեալի բազմապիսի արժանիքները, որոնք պիտի շարունակեն որպէս կենդանի օրինակ ծառայել։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունով, դամբանական արտասանեց քոյր Մարլէն Տաքէսեան, ապա կարդաց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ցաւակցագիրը։ Իր սրտի խօսքը արտասանեց եղբ. Պօղոս Չոլաքեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները վերջին բարեւը տուին մեր սիրելի սկաուտապետին։
Եղբ. Պերճ, բոլո՛ր սկաուտներդ պատուի կանգնած են առջեւդ։
Անցի՛ր հպարտ, անցի՛ր խրոխտ։
Ք.Է.
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան կողմէ՝
քոյր Մարլէն Տաքէսեանի դամբանականը
Սփիւռք, հայութիւն, հայկական կառոյցներ՝ այս պահուս գոյութիւն պիտի չունենային առանց Պերճ Գրիգորեանի նման անձերու զոհաբերութեան, նուիրուածութեան:
Չենք կրնար սորվեցնել Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը մեր ապագայ սերունդին, առանց անդրադառնալու եղբ. Պերճ Գրիգորեանին:
Եղբ. Պերճ Գրիգորեան ծնած էր 1928ին, Կրետէ կղզիի Իրաքլիոյ քաղաքին մէջ, ուր իր ծնողքը 1922ին Փոքր Ասիոյ Զմիւռնայէն հասած են գաղթական:
1929ին կը փոխադրուին Փիրէա, Գոքինիոյ հայաշատ թաղամասը: Կը յաճախէ Հ.Կ.խաչի «Զաւարեան» վարժարանը ուրկէ կ՚ըլլայ շրջանաւարտ:
Մանուկ տարիքէն կը միանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին: Համաշխարային պատերազմի ընթացքին պարտադրուած դադարէն ետք, 1945 թուականին եղբ. Կարպիս Տէր Մեսրոպեանին հետ կը համախմբեն Գոքինիոյ թաղամասի երիտասարդներն ու փոքրերը եւ կը վերակազմեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը: 1946-47ին եւ 1949ին Գոքինիոյ սկաուտական շարքերու խմբապետի, առաջնորդի եւ մեծ թիւով վարիչներու արտագաղթը Յունաստանէն դէպի Հայաստան, Արժանթին եւ այլուր, ժամանակաւոր արգելք կը հանդիսանայ աստիճանաւորական ցանցի կազմութեան: Այսուհանդերձ, մնացողները մեծ հաւատքով կը վերակազմեն սկաուտական շարքերը եւ խմբապետութիւնը կը ստանցնէ եղբ. Պերճ Գրիգորեան:
1953ի Օգոստոսին, երբ Քէֆալոնիա կղզիի երկրաշարժին ցաւալի լուռը արդէն տարածուած է, եղբ. Գրիգորեան խումբ մը սկաուտներու հետ կը շտապէ կղզին, կատարելու սկաուտական պարտականութիւնը, այսինքն՝ հասնիլ օգնութեան:
Հայ սկաուտներու փրկախումբը անմիջապէս գործի կ՚անցնի։ Փլատակներուն տակէն կը յաջողին փրկել տեղւոյն հիւանդանոցի վիրաբուժական գործիքները, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի գանձը:
Նոյն ժամանակ, եղբ. Պերճ Գրիգորեան, իր կեանքը վտանգելով, փլատակներու տակէն կ՚ազատէ ծերունի զոյգ մը եւ փոքրիկ մը:
Իր այս արիութեան համար եղբայրը կ՚արժանանայ Յունաստանի Զինեալ ուժերու «Պատուոյ» շքանաշանին:
Եղբ. Պերճը կը շարունակէ իր սկաուտական աշխատանքը մինչեւ 1970 եւ անկէ ետք՝ կը դադրի սկաուտական ընթացիկ աշխատանքներէն, սակայն միշտ նեցուկ կը կանգնի Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
1980ական թուականներուն երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը եղբօր կարիգը կ՚ունենայ, ան անգամ մը եւս առանց վարանումի թեւերը սոթթելով կ՚անցնի աշխատանքի, պատրաստելու համար նոր սերունդը:
1986ին եղբ. Պերճին առաջնորդութեամբ սկաուտական պատուիրակութիւն մը կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 3րդ համագաղութային բանակումին, Անգլիա:
Եղբ. Պերճ Գրիգորեան միշտ եղաւ տիպար եւ օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական, իր երկարամեայ գործունէութեամբ օժանդակեց միութեան եւ օգտակար հանդիսացաւ անոր ամրապնդման, զարգացման եւ վերելքին: Միշտ նպատակ ունենալով կերտել եւ դաստիարակել ապագայ սերունդը, հաւատարիմ մնաց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւնը արժեւորելով եղբօր նուիրական ոգին, անոր կը պարգեւատրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով, իսկ 2003ի Փետրուարին, Շրջանային վարչութեան առաջարկով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, եղբ. Պերճ Գրիգորեան կ՚արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին կողմէն մեր խորին ցաւակցութիւննները կը յայտնենք ընտանիքի պարագաներուն, հարազատներուն եւ յատկապէս զաւակներուն՝ Մկրտիչ եւ Մարօ Գրիգորեաններուն ու իրենց ընտանիքներուն։
Սիրելի եղբայր Պերճ՝ յիշատակդ անմառ պիտի մնայ. հողը թեթեւ ըլլայ վրադ ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ցաւակցական գիրը
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան եւ սգակիր Գրիգորեան ընտանիքին Խոր ցաւով ու վիշտով ստացանք «Արժանեաց» շքանշանակիր եղբ. Պերճ Գրիգորեանի մահուան գոյժը։ Վաստակաւոր եղբօր մահով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը կը կորսնցնէ հաւատաւոր միութենական մը, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանը՝ նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որուն բովանդակ կեանքն ու գործունէութիւնը եղաւ անսակարկ զոհաբերութիւն մարմնակրթական մեր մեծ միութեան ազգային նպատակներուն։
Եղբ. Պերճ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ծառայեց ամբողջական հաւատարմութեամբ եւ գիտակից պատասխանատուութեամբ։ Անոր յիշատակը վառ պիտի մնայ իր հարազատներուն, սիրելիներուն եւ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյր-եղբայրներուն մօտ, որոնք պիտի շարունակեն ընթանալ իր ուղիով, գործելով ի սպաս նոր սերունդի առողջ դաստիարակութեան եւ միութենական հայեցի կրթութեան, հաւատարիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանին՝ «Բարձրացո՛ւր-բարձրացիր»ին։
Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը փոխանցէ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները, ընտանեկան պարագաներուն հայցելով մխիթարութիւն, որպէսզի անոնք կարենան յաղթահարել սիրելի եղբօր մահուան վիշտը։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ