ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Մա­հո­ւան հար­թիչ գլա­նը չխնա­յեց նաեւ ի­րեն՝ ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեան կո­չե­ցեալ ազ­գա­յի­նին, զտա­րիւն հայ մար­դուն, ո­րուն շի­ջու­մը, ափ­սո՜ս, ցա­ւա­լի կո­րուստ մը ըլ­լա­լէ ետք իր ըն­տա­նի­քին ու հա­րա­զատ­նե­րուն, թան­կա­գին կո­րուստ մըն է նաեւ իր բա­րե­կամ­նե­րուն, հին ու նոր գոր­ծա­կից­նե­րուն եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի բո­լոր շեր­տե­րուն հա­մար, անխ­տի’ր:
­Բազ­մաշ­նորհ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր յա­ւէտ ննջե­ցեա­լը, ե­րաժշ­տա­կան ու բա­նաս­տեղ­ծա­կան նուրբ զգա­յա­րան­քով ու պատ­կա­ռե­լի վաս­տա­կով: Ա­հա թէ ին­չու իր ան­վե­րա­դարձ մեկ­նու­մը կ­‘ափ­սո­սան բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ճանչ­ցած են զինք, գոր­ծա­կից ե­ղած են ի­րեն եւ ծա­նօթ են հա­տո­ւա­ծա­կան մտայ­նու­թիւն­նե­րէ ձեր­բա­զատ իր ազ­գա­յին ապ­րում­նե­րուն, աշ­խա­տու­նա­կու­թեան, հո­գե­վի­ճա­կին:
­Նիստ ու կա­ցով, խօ­սո­ւած­քով, յա­րա­բե­րո­ւե­լու ե­ղա­նա­կով ու ար­տա­քին կեր­պա­րով զար­տու­ղի նկա­րա­գիր մը , որ կը զա­տո­րո­շո­ւէր բո­լո­րէն եւ կը վա­յե­լէր հա­մակ­րան­քը բո­լո­րին: Ա­րո­ւես­տի սի­րա­հար եւ հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու ըն­դար­ձակ ո­լոր­տով մտա­ւո­րա­կան, որ թէ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին թէ մտա­ւոր աշ­խա­տան­քի մէջ յա­ճախ մէկ նիւ­թէն ու­րիշ նիւ­թի կ­՚անց­նէր: ­Ժա­մա­նակ մը կը նո­ւի­րո­ւէր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, ան­կէ կ’անց­նէր յօ­դո­ւա­ծագ­րու­թեան, ա­պա՝ ե­րաժշ­տու­թեան, մէյ մըն ալ կը լսէիր, որ կեդ­րո­նա­ցած է բա­ռա­րան պատ­րաս­տե­լու գոր­ծին, հայ­կա­կան ա­սոյթ­ներ մո­ռա­ցու­թե­նէ փրկե­լու աշ­խա­տան­քին, գա­ղու­թին մէջ հի­նէն ի վեր հրա­տա­րա­կո­ւած մա­մու­լի (թերթ, պար­բե­րա­թերթ ե­ւայլն) , ինչ­պէս նաեւ կա­տա­րո­ւած բո­լոր տե­սա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն յայ­տա­գիր­նե­րու փնտռտու­քին՝ ա­նոնց­մով հա­ւա­քա­ծո­ներ կազ­մե­լու հա­մար եւ այս­պէս շա­րու­նակ, մէ­կը չամ­բող­ջա­ցու­ցած կը ձեռ­նար­կէր ու­րիշ գոր­ծի…: Իր հե­տաքրք­րու­թեանց լայն ո­լոր­տը միշտ ընդգր­կո­ւած կը մնար ա­րո­ւես­տի մար­զը՝ գրա­կան, ե­րաժշ­տա­կան, հնա­գի­տա­կան, լե­զուա­բա­նա­կան, եւ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն ալ՝ միշտ հայ­կա­կան խոր­քով: ՆՆ­ջե­ցեա­լին հետ գոր­ծակ­ցած ան­ձեր ան­պայ­ման չմոռ­ցո­ւե­լիք ա­նուշ յի­շա­տակ­ներ ու­նին իր­մէ:
Իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան զգա­յա­րան­քէն նմոյշ մը, որ կ­՚առն­չո­ւէր գա­ղու­թա­յին կեան­քի մէկ փու­լին. շատ տա­րի­ներ ա­ռաջ էր, հա­ւա­նա­բար 1975-ին կամ 80-ին, Հ.Յ.Դ.-ի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի կող­մէ եւ ան­կո­ւակ­ցա­կան ազ­գա­յին­նե­րէ բաղ­կա­ցած գա­ղու­թա­յին միա­ցեալ մար­մին մը ստեղ­ծո­ւած էր, որ­պէս­զի միաս­նա­բար կա­տա­րո­ւին հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կո­չա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը: ­Հան­գու­ցեա­լը, իբ­րեւ ան­կու­սակ­ցա­կան, մաս կը կազ­մէր այդ մար­մի­նին:
Եզ­րա­փա­կիչ ձեռ­նար­կին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ճշդու­մի ըն­թաց­քին սուր վեճ մը ծա­գե­ցաւ կող­մե­րուն մի­ջեւ՝ ազ­գա­յին ո­գեր­գի շուրջ:
Ռ.Ա.Կ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ան­տե­ղի­տա­լի կը պնդէին, որ մեր հայ­րե­նի­քը «թշո­ւառ ան­տէր եւ թշնա­մեաց ոտ­նա­կոխ» չէ, այլ ա­պա­հով է ու կը բար­գա­ւա­ճի, ո­րով զանց պէտք է առ­նո­ւի այդ ո­գեր­գը, բա­ւա­րար է միայն յու­նա­կա­նը: Հ.Յ.Դ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նոյն­պէս ան­տե­ղի­տա­լի՝ կ­‘ա­ռար­կէին, թէ միաս­նու­թեան սի­րոյն ար­դէն զի­ջած են ե­ռա­գոյ­նը, ինչ որ մեծ դժգո­հու­թիւն պատ­ճա­ռած է ի­րենց շրջա­նակ­նե­րուն, այն­պէս որ բա­ցա­ռո­ւած է, որ զի­ջին նաեւ ո­գեր­գը: ­Կը թո­ւէր, թէ խզու­մը ան­խու­սա­փե­լի է: ­Սի­րե­ցեալն ­Յա­կո­բը, միաս­նու­թեան ջա­տա­գով, բա­նաս­տեղ­ծի իր զգա­յա­րան­քին շնոր­հիւ փրկեց կա­ցու­թիւ­նը: ­Տե­ղի վրայ եր­կու կող­մե­րուն ա­ռա­ջարկ նե­կա­յա­ցուց՝ բա­ռե­րու ջնջին փո­փո­խու­թիւն մը,
­Փո­խա­նակ եր­գե­լու՝

«­Մեր հայ­րե­նիք թշո­ւառ ան­տէր,
­Մեր թշնա­մեաց ոտ­նա­կոխ…»,
երգ­չա­խում­բը թող եր­գէ հե­տեեալ բա­ռե­րով՝
«­Մեր հայ­րե­նիք քաջ ան­վե­հեր,
­Մեր թշնա­մեաց ահ ու դող…»։

Ա­ռա­ջար­կը հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ, ո­րով եւ ոչ միայն ա­ռաջքն առ­նո­ւե­ցաւ խզու­մին, այլ այ­նու­հե­տեւ մեր գա­ղու­թին մէջ այդ բա­րե­փո­խու­թեամբ եր­գո­ւե­ցաւ ո­գեր­գը մին­չեւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մով որ­դեգ­րո­ւած նոր տար­բե­րա­կը:
­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեան մաս կազ­մած է հիմ­նա­դիր այն շրջա­նա­յին վար­չու­թեան, ո­րու շնոր­հիւ ­Հա­մազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին միու­թիւ­նը օժ­տո­ւե­ցաւ կազ­մա­կեր­պա­կան կա­ռոյ­ցով ու կա­նո­նագ­րով եւ ճա­նա­չում ստա­ցաւ պե­տա­կան պատ­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րէն: Իր ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը վար­չա­կան կազ­մին բա­րե­րար ե­ղաւ, որ թափ ստա­նան մշա­կու­թա­յին աշ­խու­ժու­թիւն­նե­րը: ­Չեմ գի­տեր ինչ­պէս, հան­գու­ցեա­լը սերտ կա­պեր ու­նէր յու­նա­կան ա­կա­դե­մա­կան, գրա­կան, մտա­ւո­րա­կան ու ա­րո­ւես­տի շրջա­նակ­նե­րու հետ, ո­րոնց մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րե­րով դա­սա­խօ­սա­կան մի­ջո­ցա­ռում­ներ կա­յա­ցան հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան, գրա­կա­նու­թեան, փի­լի­սո­փա­յու­թեան եւ այլ նիւ­թե­րու մա­սին: Ինքն էր յոյն դա­սա­խօս­նե­րը ներշն­չո­ղը եւ ա­նոնց նիւ­թե­րուն ա­տաղ­ձը հայ­թայ­թո­ղը:
Այդ տա­րի­նե­րուն էր նաեւ, որ ­Հա­մազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին միու­թեան քա­ջա­լե­րան­քով ու ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ հան­գու­ցեա­լին յա­մառ աշ­խա­տան­քով ու խմբագ­րու­թեամբ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱՂԿԱՔԱՂ» (Ար­մե­նի­քի Ան­թո­լոիա) հա­տո­րը, ուր մէկ­տե­ղո­ւած են այլ հե­ղի­նակ­նե­րու եւ ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի կող­մէ յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած հայ­կա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու պատ­կա­ռե­լի փունջ մը: Կ­՚ար­ժէ, որ ­Հա­մազ­գա­յի­նը վե­րահ­րա­տա­րա­կէ զայն ար­դիա­կան նոր տպագ­րու­թեամբ, ոչ միայն յոյն հա­սա­րա­կու­թեան, այլ նաեւ հայ սե­րուն­դին հա­մար…: ­Պա­տո­ւա­բեր հա­տոր մը, որ ա­տե­նին, ­Յա­կո­բի ծա­նօ­թու­թեանց շնոր­հիւ յոյն մտա­ւո­րա­կան­նե­րով լե­ցո­ւած Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ՝ գրքի ներ­կա­յաց­ման շնոր­հա­հան­դէ­սին խօսք առ­նող ա­րո­ւես­տի վար­պետ­նե­րը հիաց­մուն­քով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան մեր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան եւ թարգ­ման­չա­կան աշ­խա­տան­քին մա­սին: ­Յայտ­նօ­րէն, այդ ա­ռի­թով եւ մէջ­բե­րո­ւած օ­րի­նակ­նե­րով ե­լոյթ­նե­րը ան­կեղծ ու ճշմա­րիտ գնա­հա­տանք­ներ էին, ոչ թէ օ­րո­ւան պատ­շաճ խօս­քեր:
­Նոյ­նան­ման աշ­խա­տանք­նե­րու շրջագ­ծին մէջ կա­րե­լի ե­ղաւ յա­ջողց­նել, որ յոյն հան­րա­ծա­նօթ գրա­գէտ, թա­տե­րա­գիր ու բե­մադ­րիչ՝ ­Նի­քոս ­Ֆոս­քո­լոս նա­խա­ձեռ­նէ հայ­կա­կան նիւ­թով ե­րաժշտա­խառն թա­տե­րա­կան մը ներ­կա­յաց­նե­լու՝ յու­նա­կան բե­մի վրայ: ­Թա­տե­րագ­րին հետ գոր­ծակ­ցո­ղը ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեանն էր եւ ինքն էր թա­տե­րա­նիւ­թին գա­ղա­փա­րը ներշն­չո­ղը, ե­րաժշ­տու­թեան եւ թա­տե­րա­խա­ղին խո­րագ­րի ընտ­րու­թեան օգ­նո­ղը՝ «­Հայ­կա­կան լու­սին» (Ար­մե­նի­քօ ֆեն­կա­րի), որ ա­միս­ներ բե­մադ­րու­ցաւ հռչա­կա­ւոր դե­րա­սան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:
­Շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ, ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեան ան­ձին բնա­տուր ձիր­քը զինք օժ­տած էր նաեւ հնա­գի­տա­կան հմտու­թեամբ՝ գոր­գա­գոր­ծու­թեան, սրբան­կար­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս գե­ղան­կար­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ձե­ռա­րո­ւես­տի պատ­կա­նող ա­ռար­կա­նե­րու գնա­հատ­ման մէջ: ­Հին ա­ռար­կա­նե­րու հան­դէպ սէ­րը իր մէջ վե­րա­ծո­ւած էր կիր­քի՝ յատ­կա­պէս հայ­կա­կան ձե­ռա­րո­ւես­տի նկատ­մամբ: Երբ ձեռք ան­ցը­նէր հայ­կա­կան ո­րե­ւէ հնա­մեայ ի­րե­ղէն կամ ձե­ռա­յին գործ, ոչ միայն չէր վա­ճա­ռէր, այլ ընդ­հա­կա­ռակն, նո­րեր կը փնտռէր, կը գուր­գու­րար ա­նոնց վրայ եւ իր նկա­րագ­րին ոչ­յա­րիր խնամ­քով մա­սուն­քի պէս կը պա­հէր, կը դա­սա­ւո­րէր զա­նոնք: Ա­ռի­թով մը ը­սած էր ին­ծի, թէ հայ­կա­կան հնա­մեայ ա­ռար­կա­ներ փնտռե­լու նպա­տա­կով գա­ցած է Կ. ­Պո­լիս ու Իզ­միր, հնա­վա­ճառ­նե­րու շու­կա­նե­րը շրջե­լով գտած ու հե­տը բե­րած է ­Քէօ­թա­հիա­յի յախ­ճա­պա­կեայ պնակ­ներ ու այլ ի­րե­ղէն­ներ եւ ա­նոնց­մով ճո­խա­ցու­ցած իր հա­ւա­քա­ծոն:
­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կու­տա­կած ու գուր­գու­րան­քով խնա­մած այդ ամ­բողջ հա­ւա­քա­ծոն նո­ւի­րեց ­Հայ­րե­նի­քին ու ա­տով ու­նե­ցաւ իր ա­նու­նը յա­ւեր­ժաց­նող յա­տուկ ան­կիւն մը՝ ­Սար­դա­րա­պա­տի թան­գա­րա­նին մէջ: Իսկ մենք, այ­սու­հետ պի­տի վար­ժո­ւինք այն ի­րա­կա­նու­թեան, որ ոչ եւս է ազ­նիւ ու զտա­րիւն հայ մը՝ ­Ճէ­լա­լը (­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեան), ո­րուն ան­շունշ մար­մի­նը ու­ղիղ շա­բաթ մը ա­ռաջ յանձ­նո­ւե­ցաւ հո­ղին: Երկ­նա­յին լոյս՝ հոգ­ւոյն: ­Հո­ղը թե­թեւ…:

Ա­թէնք, 25 ­Դեկտ. 2021