Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ «Ապագայ Սերունդներու Հիմնադրամ»ի (Ա.Ս.Հ.) միացեալ նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիս 1էն սկսեալ Շուշիի մէջ մեկնարկած է «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան 5րդ միջազգային կոչունքը (symposium):
Ըստ Artsakhpress.amի՝ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան ըսած է, որ «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան 5րդ միջազգային կոչունքին Հնդկաստանէն, Եգիպտոսէն, Սերպիայէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն կը մասնակցի 10 քանդակագործ:
«Մասնակիցները Ասկերանի շրջանի Սզնէք գիւղէն բերուած մարմարացուած կրաքարերու վրայ տարբեր քանդակներ կը կերտեն. Աւարտելէ ետք, անոնք պիտի տեղադրուին Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին կից «Քանդակներու պուրակ»ին մէջ»,- նշած է Լ.Գասպարեան:
Կան մասնակիցնէր, որոնք երկրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցին կոչունքին:
«Այս կոչունքին առանձնայատկութիւնը այն է, որ մէկ անգամ այցելելով Արցախ եւ մասնակցելով ձեռնարկին՝ յաջորդ տարիներուն անոնք, անպայման, մասնակցութեան յայտեր կը ներկայացնեն։ Ատիկա միանշանակ շատ կարեւոր է: Իրականացած 4 կոչունքներուն ժամանակ քանդակագործներ ունեցած ենք Պելճիքայէն, Պելառուսիայէն, Խորուաթիայէն, Զուիցերիայէն, Ա.Մ.Ն.էն, Ճափոնէն, Չինաստանէն, Լեհաստանէն եւ շատ այլ երկիրներէ: Միայն Իտալիայէն մասնակցած է 19 աշխարհահռչակ փրոֆեսոր քանդակագործ»,- աւելցուցած է Գասպարեան:
Սերպիացի քանդակագործը իր հերթին նշած է, որ ինք առաջին անգամ կը գտնուի Արցախ.- «Շատ գեղեցիկ երկիր է Արցախը, այստեղի մարդիկ շատ բարի են, հիւրասէր: Ես զարմացած եմ, որ այսպիսի փոքր քաղաքը, ինչպէս Շուշին, ունի այսպիսի մշակութային կեդրոններ. անոնք բաւական լաւ հարթակ են` աշխարհի տարբեր երկիրներու մշակութային գործիչները համախմբելու եւ միաւորելու համար: Պատմութեան գիրք կը քանդակեմ, անիկա պիտի ներկայացնէ գիտութեան եւ մշակոյթի շերտերը։ Ըսեմ, որ ստեղծագործելու ժամանակ ներշնչանք ստացած եմ հայկական մշակոյթէն»:
Եգիպտացի քանդակագործը, խօսելով իր տպաւորութիւններուն մասին, նշած է, որ ինք շատ ուրախ է նման գեղեցիկ ձեռնարկի մը մասնակցելուն համար եւ բաւական տպաւորուած է Արցախով եւ արցախցիներով:
«Դուք հպարտ պէտք է ըլլաք, որ ունիք այսպիսի հիանալի երկիր: Ես որոշած եմ պատրաստել իւրայատուկ քանդակ-ճեպանկար մը եւ զայն սիրով կը նուիրեմ ձեզ` ձեր հրաշք երկրին: Ես այցելած եմ նաեւ Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին: Այստեղ մարդիկ խաղաղ են, ուրախ: Ես զիս այստեղ անվտանգ կը զգամ»,- անկեղծացած է եգիպտացի քանդակագործը:
Հնդիկ քանդակագործը ըսած է, որ ինք առաջին անգամ Արցախ եկած է 2014 թուականին.- «Այստեղ բարի եւ կամեցող մարդիկ կ՝ապրին. Արցախի մէջ ոգի կայ: Ես Արցախի մէջ արդեն ընկերներ ունիմ: Զարմանալին այն է, որ ես արցախցիներու եւ հնդիկներու միջեւ նմանութիւններ կը նկատեմ, նոյնիսկ բառեր կան, որոնք իրար շատ նման են: Ես շատ հաւնած եմ ձեր ճաշատեսակները՝ բազմազան ու համեղ»:
Հնդիկ այլ քանդակագործ մը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Արցախ, իր տպաւորութիւնները կիսելով՝ ըսած է.- «Հիասքանչ բնութիւն ունիք: Ես զբօսնած եմ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ. տպաւորութիւնս այնպիսին է, թէ ես Եւրոպայի մէջ եմ: Արցախի մասին լսածս տեսածիս չի համապատասխաներ: Իրականութեան մէջ այստեղ մարդիկ կ՝ապրին, կը ստեղծագործեն, կ՝արարեն, ամէնուր կեանքը կը յորդի: Ասիկա երկիր մըն է, ուր զբօսաշրջիկները կրնան ապահով ու անվտանգ զգալ եւ լիարժէք հանգստանալ»:
Կոչունքի մասնակիցներուն չի հետաքրքրեր, որ իրենք կրնան յայտնուիլ Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին վրայ: Անոնք այն կարծիքը ունին, որ մշակոյթը կրնայ օգնել տարբեր ազգերու մերձեցման:
Յուլիս 20ին տեղի պիտի ունենայ «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան 5րդ միջազգային կոչունքի փակման արարողութիւնը:
«Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան 5րդ միջազգային կոչունք
«Արցախը երկիր մըն է, ուր զբօսաշրջիկները կրնան ապահով ու անվտանգ զգալ»,- կ՚ըսէ հնդիկ քանդակագործը